image

Իրանի մէջ գործ յարուցած են նախկին նախագահ Հասան Ռոհանիի դէմ

Իրանի մէջ գործ յարուցած են նախկին նախագահ Հասան Ռոհանիի դէմ

Իրանի հոգեւորականներու հարցերով յատուկ դատախազութիւնը շարք մը գործեր յարուցած է նախկին նախագահ Հասան Ռոհանիի դէմ՝ ֆինանսական շուկաներու մէջ խարդախութեան պատճառով:

Ան պէտք է դատարանին մէջ շարք մը հարցերու պատասխանէ, ըսած է Իրանի դատական իշխանութեան ներկայացուցիչ Մասուտ Սեթայէշի․

«Իրանի նախկին նախագահ Ռոհանիի դէմ, որ ունի հոգեւորականի կոչում, քանի մը գործ յարուցուած է Հոգեւորականութեան յատուկ դատախազութենէ ներս»,- ըսած է ան:

Նաեւ նշած է, որ գործը յարուցուած է Ռոհանիի արժութային խարդախութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի սակարանի աշխատանքին միջամտութեան պատճառով։