Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին երէկ Լիբանան կատարած այցէն ետք այսօր մեկնած է Սուրիա։
«Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին իր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ պաշտօնական այցով Դամասկոս ժամանած է, ուր ան պիտի հանդիպի Սուրիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ երկկողմ յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային զարգացումները քննարկելու համար»,-X-ի իր էջին յայտնած է Իրանի ԱԳՆ խօսնակ Էսմայիլ Պաղաին։
Ապպաս Արաքչին Պէյրութի մէջ հանդիպած էր Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նաճիպ Միքաթիի հետ։ Կողմերը քննարկած էին Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը եւ տարածաշրջանային զարգացումները։
Արաքչին վերահաստատած էր Իրանի աջակցութիւնը Լիբանանին, ուր Իսրայէլը սեպտեմբեր 23-էն յարձակումներ կ՚իրականացնէ։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ Թեհրանը կը նախատեսէ դիւանագիտական արշաւ սկսիլ, այդ շարքին՝ խնդրել Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստի կայացում։
Հոկտեմբեր 1-ին Իրանն աւելի քան 180 պալիսթիք հրթիռ է արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ։ Իսրայէլի զինուորականները յայտարարած են, որ այդ գնդակոծութեան պիտի պատասխանեն, երբ անհրաժեշտ համարեն: