image

Իրանցի զօրավարը պիտի մեկնի Մոսկուա

Իրանցի զօրավարը պիտի մեկնի Մոսկուա

Իրանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար Մոհամմատ Պաղերի պիտի այցելէ Մոսկուա՝ գլխաւորելով բարձրաստիճան զինուորական պատուիրակութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Մեհր» գործակալութիւնը, այցին նպատակը Ռուսաստանի հետ փոխհամագործակցութիւնը զարգացնելն է:

Այս մասին յայտարարութիւն ըրած է Ռուսաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան ռազմական կցորդ Ռեզա Խոսրաւի Մոքատտամը՝ նշելով, որ զօրավարը յաջորդ շաբաթ պտի ուղեւորուի Մոսկուա՝ ՌԴ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկույի հրաւէրով:   

Պաշտօնեային խօսքով՝ կը նախատեսուի քննարկել համագործակցութեան զարգացման եւ համատեղ պաշտպանութեան եւ ռազմական ոլորտի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ տարածաշրջանային ու միջազգային մարտահրաւէրներուն առնչուող շարք մը հարցեր: