image

Իրանցի դիւանագէտ. Կացութիւնը այսօր բոլորին համար Win-win կացութիւն է

Իրանցի  դիւանագէտ. Կացութիւնը այսօր  բոլորին համար Win-win կացութիւն  է

Իրանը ցոյց տուած է իր լրջութիւնը Վիեննայի բանակցութիւններուն համաձայնութեան հասնելու հարցով», նշելով որ «այս ծիրին մէջ հակառակ կողմի ջանքերը պէտք է ներառեն արգելքի չեղարկումը, ստուգումը եւ այդ առումով երաշխիքներու տրամադրումը:

 

Իրանի գլխաւոր բանակցող Ալի Պաղերի Իսլամական Խորհուրդի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ խօսած է Իրանի միջուկային համաձայնագրինն շուրջ Վիեննայի էմչ ընթացող վերջին բանակցութիւններու զարգացումներուն մասին:

Պաղերի ըսած է. «Ապահովուած են բոլորին համար շահեկան իրավիճակի սկզբունքով համաձայնութիւն կնքելու հիմքն ու անհրաժեշտ պայմանները», նշելով որ «Արեւմուտքի բարեխղճութիւնն ու լրջութիւնը երկու կարեւոր պայման են բանակցութիւնները աւարտին հասցնելու համար»:

Ան յաւելած է. «Իրանը դեռ որեւէ ուղիղ բանակցութիւն չէ վարած ամերիկացիներուն հետ: Չնայած դրական եւ յառաջադէմ բանակցային գործընթացին, տակաւին կան կարեւոր հարցեր, որոնք պէտք է բանակցուին եւ համաձայնեցուին»:

Պաղերի անդրադարձած է Իրանի` բոլոր պատժամիջոցները չեղարկելու իրաւունքին, մատնանշելով, որ բանակցութիւններուն երկրորդ կողմը մինչ այժմ համաձայնած է վերացնել անոնց մէկ մասը:

Բանակցութիւններուն ութերորդ փուլը վերսկսած է Դեկտեմբեր 9-ին: Յունուար 28-ին Վիեննայի բանակցութիւնները դադրած են մի քանի օրով` պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն եւ անոնց մայրաքաղաքներուն միջեւ խորհրդակցելու նպատակով, մի քանի օրէն վերսկսելու համար:

Վիեննայի մէջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ պատուիրակութիւնները պիտի վերադառնան իրենց մայրաքաղաքներ՝ խորհրդակցութիւններու համար, հաշուի առնելով հարցերուն կարեւորութիւնը եւ քաղաքական որոշումներ կայացնելու անհրաժեշտութիւնը, նկատի առնելով, որ Վիեննայի բանակցութիւններուն ընթացքը ընդհանուր առմամբ դրական են եւ յառաջ կ'ընթանան:

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին մի քանի օր առաջ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին հաստատած էր, որ «Իրանը ցոյց տուած է իր լրջութիւնը Վիեննայի բանակցութիւններուն համաձայնութեան հասնելու հարցով», նշելով որ «այս ծիրին մէջ հակառակ կողմի ջանքերը պէտք է ներառեն արգելքի չեղարկումը, ստուգումը եւ այդ առումով երաշխիքներու տրամադրումը»: