Պաքուի մէջ Իրանի դեսպան Սէյիտ Ապաս Մուսավին Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Խալաֆ Խալաֆովի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկած է Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնները, տեղեկացուցած է Mehr-ը։
Մուսավին եւ Խալաֆովը նաեւ բանակցութիւններ վարած են այլ հարցերու, այդ շարքին Արցախի ընթացիկ իրավիճակի վերաբերեալ։