Յունիսի 21-ին, արկած տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ժամը 14:00-ի սահմաններուն Մոսկովեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին բախած են Երեւանի բնակիչներ` 52-ամեայ Սամուէլ Բեկճանեանի վարած փոխադրակառքն ու 63-ամեայ Տիգրան Հէքէքեանի վարած ինքնաշարժը:
Արկածին հետեւանքով Տ. Հէքէքեանը տեղափոխուած է «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոն:
Հիւանդանոց տեղափոխուած Տ. Հէքէքեանը սիրուած մտաւորական, «Հայ փոքրիկ երգիչներ» միջազգային միութեան նախագահն է: