image

Ինքնաեռներն ու ռուսական մշակոյթին շունչը Երեւանի մէջ

Ինքնաեռներն ու ռուսական մշակոյթին շունչը Երեւանի մէջ

Երեւանի Ռուսական արուեստի թանգարանին մէջ ինքնատիպ ցուցահանդէս մը բացուած է՝ «Սամովար»: Թէյ եռացնող մետաղեայ սարքն է սամովարը, որ ինքնաեռ թարգմանած ենք հայերէնով:

Իսահակեան փողոցին վրայ գտնուող թանգարանի մուտքին մեծ, հնատիպ ինքնաեռ մը դրուած է, որ կը յուշէ ներսի ցուցադրութեան նիւթը: Մէկ կողմէն կ՚առնենք Ուքրայնա Ռուսաստանի ներխուժման դժնդակ լուրերը, միւս կողմէն Երեւանի Ռուսական թանգարանին ներսը ինքնաեռ մը կ՚եռայ՝ հեռու պատերազմական ամէն տեսակ լուրերէ եւ մարդկային ողբերգութիւններէ:

Ցուցադրութեան զուգահեռ, մտերմիկ ու խաղաղ միջավայրի մէջ, հոգեպարար երաժշտութեան ներքոյ, թէյ կը հիւրասիրեն այցելուներուն: Նաեւ քաղցրեղէն, անուշէղեն, բլիթներ շարուած են ռուսական նախշազարդ պնակներուն մէջ՝ կոկիկ, պուտաւոր սփռոցին վրայ: Այցելուները վայելուչ հագած են եւ թէյի գաւաթին ոլորուն կոթը նրբօրէն բռնած՝ թեթեւ զրոյցներ կը վարեն: Հիմնականօրէն ռուսերէնն է, որ կը ծորայ սրահին մէջ:

Երանի՜ աշխարհի բոլոր անկիւնները այսպէս խաղաղ ըլլան, կը մտածեմ՝ նայելով ինքնաեռէն նազանքով վեր բարձրացող շոգիին, շուրջը շարուած թէյի ճաշակաւոր գաւաթներուն եւ ունկնդրելով ինքնաեռին մէջ եփող ջուրին անվրդով ձայնին, որ կը խառնուի ռուսական քաղցր նկանակներուն հոտին… Հիւրասիրութեան սեղանին նաեւ ռուսական ժպտերես նկարազարդ տիկնիկը կայ՝ փայտեայ մաթրեոշքան…

Բայց ցուցադրութիւնը ընդամէնը մէկ ժամ կը հեռացնէ իրականութենէն, հակառակ որ թանգարանին մէջ կան Ռուսաստանէն այս օրերուն Հայաստան ժամանած բազմաթիւ ռուսեր, որոնք խոյս տուած են պատերազմի պատճառով ռուսաստանեան կեանքին եւ տնտեսութեան վրայ կրած հարուածներէն եւ դէպի հարաւ սլացած:

Ռուսական կենցաղային մշակոյթին անբաժան մասն է սամովարը, որ անծանօթ չէ նաեւ հայկական կենցաղին: Այդ իրը հայոց մէջ մանաւանդ լայն տարածում գտած է 19-րդ դարուն սկզբին, երբ Արեւելեան Հայաստանը անցած էր Ցարական Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ Տօնական օրերուն կամ ընտանեական հաւաքներուն ընթացքին ինքնաեռով թէյ մատուցելու աւանդոյթը մինչեւ վերջին տասնամեակները տակաւին ներկայ էր մեր մէջ: Գրեթէ բոլոր հայ ընտանիքները ունէին ինքնաեռ մը, որ կը փոխարինէր թէյնիկին: Սեղանին կեդրոնը դրուող ինքնաեռին մետաղը պէտք է փայլեցուած ըլլար: Այդ մէկը կը վկայէր ընտանիքին մաքրասիրութեան մասին: Օժիտի գլխաւոր իրերէն եղած է ինքնաեռը, իսկ 1914 թուականին երեւանեան օրաթերթերէն մէկուն մէջ այսպիսի յայտարարութեան կը հանդիպինք. «Վարձու կը տրուի տուն մը՝ կահոյքով եւ ինքնաեռով»։ Այդ շրջանին տունի մը մէջ ինքնաեռը առաւելութիւն էր, իսկ յետոյ արդէն՝ պարտադիր իր, որ աղջկան օժիտին մէջ դրուելէ զատ նաեւ ընտանիքին հայրը իր ամէն մէկ տղուն անունով մէկ հատ կ՚ապահովէր:

Յետագային ածուխով, փայտով կամ հեղուկ վառելիքով աշխատող ինքնաեռներուն փոխարինելու եկան ելեկտրական ինքնաեռները, որոնք աւելի դիւրին էր աշխատցնելը, իսկ երբ ի յայտ եկան ելեկտրական թէյնիկները, ելեկտրական ինքնաեռներն ալ աստիճանաբար դուրս մղուեցան կենցաղէն:

Ինքնաեռը կը կոչուէր սեղանի թագաւոր կամ կեներալ: Անոր շուրջ հաւաքուիլ եւ թէյ խմելը սպասուած արարողութիւն մըն էր: Ընտանիքը, ազգականները, բարեկամները համախմբելու գաղափար կար այդ իրի գործածման մէջ:

Երբ ռուսական տիրապետութեան ազդեցութեան տակ ինքնաեռը շատ մը այլ ռուսական աւանդական իրերու եւ սովորութիւններու հետ մուտք գործեց հայաստանեան իրականութիւն, Հայաստանի մէջ մէկը միւսին ետեւէն ինքնաեռով թէյ մատուցելու կեդրոններ բացուեցան:

19-րդ դարուն միայն Երեւանի մէջ 44 թէյարան կը գործէր, ուր թէյը կը մատուցէին ինքնաեռով: Ատոնցմէ ամենամեծը պարսկական Կապոյտ մզկիթին բակը գործող թէյարանն էր: Հոն կը հաւաքուէին մտաւորականութիւնը, գրողներ, արուեստագէտներ, թէյախմութեան երկար ու անձանձրոյթ արարողութիւններ կը կազմակերպէին, կը զրուցէին, կը հանգստանային: Ինքնաեռով թէյարանը Եղիշէ Չարենցի, Գուրգէն Մահարիի, Մարտիրոս Սարեանի եւ այլ յայտնիներու սիրելի վայրն էր:

Այս ցուցադրութեան ներկայացուած են նաեւ հայոց մեծերուն ինքնաեռները: Ռուսական արուեստի թանգարանը, ռուսական մշակոյթը պահպանող եւ տարածող կեդրոն ըլլալով, ցուցապահոցներուն մէջ ինքնաեռ չունի, քանի որ, ինչպէս թանգարանի տնօրէն Մարինէ Մկրտչեանն ալ կը վկայէ, թանգարանը հիմնուած է գեղանկարներու հաւաքածոյի մը հիման վրայ եւ հիմնականօրէն կերպարուեստի գործեր կը ցուցադրէ:

Թանգարանի հաւաքածոն ձեւաւորուած է բժիշկ եւ բարերար Արամ Աբրահամեանի եւ անոր կնոջ՝ Մարիա Աբրահամեանի նուէր տուած հաւաքածոյին հիման վրայ, կը կազմէ 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի ռուսական կերպարուեստի՝ գեղանկարչութեան, գծանկարչութեան, զարդական-կիրառական արուեստի եւ բեմական ձեւաւորման բազում փայլուն աշխատանքներէ: Թանգարանին մէջ կը պահուին նշանաւոր նկարիչներ Միխայիլ Վրուպելի, Կոնստանդին Կորովինի, Վալենթին Սերովի, Նաթալիա Կոնչարովայի, ինչպէս նաեւ հայ նկարիչներ Մարտիրոս Սարեանի, Մինաս Աւետիսեանի եւ Ռուտոլֆ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները։ Իւղաներկ աշխատանքներուն մէջ կան բնապատկերներ, որոնց մէջ նկարիչները ինքնաեռ նկարած են, եւ երբ այցելուները կը դիտեն այդ նկարները, յաճախ տնօրէնութեան հարց կու տան՝ ինքնաեռ չունի՞ք թանգարանը, նկատի առնելով, որ ռուսական խորհրդանիշ է ան:

Այդ յաճախադէպ հետաքրքրութիւնն ալ մղած է թանգարանի տնօրէնութեան՝ կազմակերպելու ինքնաեռներու ցուցահանդէս մը, զանոնք հաւաքելով Հայաստանի զանազան թանգարաններէն եւ մասնաւոր հաւաքածոյէ մը: Ցուցադրութեան բերուած 13 ինքնաեռները Հայաստանի եօթ թանգարաններէն են. Երեւանի Պատմութեան, Միջին Արեւելքի արուեստի, Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանէն, Հայաստանի Պատմութեան, Հայոց Ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան, Չարենցի տուն-թանգարանէն, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարաններէն բերուած բոլոր ինքնաեռները պատմութիւն մը ունին եւ արուեստին կնիքը կը կրեն: Երկու ինքնաեռ ալ տրամադրած է հաւաքորդ Նարեկ Դաւթեանը՝ իր անձնական հաւաքածոյէն:

Բոլորը իբրեւ ցուցահանդէսի զարդ կը նկատեն Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի բացառիկ ցուցանմոյշը՝ Նոր Ջուղայի մէջ հայ վարպետի մը ստեղծած ձեռակերտ ինքնաեռը, որուն մակերեսը ամբողջութեամբ զարդարուած է պտղաբերութեան եւ կենաց ծառի խորհրդանիշերով։ 1882 թուականին կերտուած այդ նմոյշը ոչինչով կը զիջի լաւագոյն գործարաններու մէջ գծագրուած եւ պատրաստուած ինքնաեռներուն:

 

ՍԻԱՄԱՆԹՈՅԻ ԻՆՔՆԱԵՌԸ

Արեւմտահայ մեծ գրող Սիամանթոյին պատկանող ինքնաեռը այս ցուցահանդէսին համար բերուած է Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն՝ Սիամանթոյի յուշային պահոցէն:

Ինքնաեռը արեւմտահայ իրականութեան մէջ տարածուած չէ եղած, եւ շատեր կը հետաքրքրուին, թէ ինչպէ՛ս արեւմտահայ բանաստեղծը զայն գործածած է: Բայց ինքնաեռին հետ թանգարան հասած երկտողը եւ Սիամանթոյի նամակները կու տան այդ հարցումին պատասխանը:

Սիամանթոյին քոյրը՝ Զապէլ Համբարձումեան, որ թանգարանին շատ մը այլ իրերու հետ նուիրած է նաեւ այս ցուցանմոյշը, երկտող մը կցած է. «Սիամանթոյին սամաւարը, որ իրեն հետ բերած էր Էջմիածինէն եւ շարունակաբար կը գործածէր»: Այս մէկը եւս մէկ վկայութիւն է Սիամանթոյի՝ Հայաստան կատարած ճանապարհորդութեան:

 

ՄԵԾԵՐՈՒՆ ԻՆՔՆԱԵՌՆԵՐԸ

Հայ անուանիներէն կը ցուցադրուին նաեւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, պատմաբան Լէոյի ինքնաեռները, Եղիշէ Չարենցին պատկանող ինքնաեռը, որ տակառաձեւ է, իսկ իրանահայ արուեստագէտ Մարկոս Գրիգորեանի հաւաքածոյին՝ Միջին Արեւելքի արուեստի թանգարանին մէջ պահուող 3 ինքնաեռները գնդաձեւ, ծաղկամանի եւ ապակեայ տարայի ձեւեր ունին:

Առհասարակ, ինքնաեռները կը պատրաստուէին պղինձով, արոյրով եւ նմանատիպ մետաղներով: Ռուսաստանի մէջ անոր տարածումը կը սկսի 1740 թուականին՝ երկրին մէջ մետաղագործութեան զարգացման հետ պայմանաւորուած։ Ռուսաստանի Թուլա քաղաքը ռուսական ինքնաեռին հայրենիքը կը նկատուի, հոն բացուած են ինքնաեռներու առաջին գործարանները, բայց նաեւ Մոսկուայի եւ Փեթերսպուրկի մէջ եղած են նշանաւոր գործարաններ, որոնց արտադրանքը հռչակ վայելած է: Անոնք մանաւանդ մայրաքաղաքային կենցաղին բնորոշ նրբագեղ ինքնաեռներ կ՚արտադրէին:

Տեսակէտ մը կայ նաեւ, որ ինքնաեռը մաքուր ռուսական ծագում չունի: Ուրիշ ազգերու մօտ նոյնպէս տարածուած եղած է մետաղեայ սարքերուն մէջ թէյ եփելու եւ զայն ծորակով հոսեցնելու աւանդոյթը: Ինքնաեռի նման սարքերու կը հանդիպինք հին յունական, հռոմէական մշակոյթներուն մէջ, անոնք կը գործածէին «աուտեպսա» կոչուող սարքը, որ սակայն ծորակ չունէր եւ եփուած ջուրը անոր մէջէն կ՚առնէին շերեփով: Չինացիները «խոկօ» կոչուող իր մը ունին, որ նոյնպէս նման է ինքնաեռի:

Այդուհանդերձ, ամբողջ աշխարհի մէջ այս սարքը յայտնի է ռուսական «սամովար» անունով եւ ռուսական խորհրդանիշներու կարգին է: Հաւաքորդներ մանաւանդ կը փնտռեն ռուսական նշանաւոր գործարաններուն կնիքը կրող ինքնաեռներ, որոնք արդէն հնաոճ իրերու շարքին են: Սկիզբը ջուրը անոնց մէջ կ՚եռար փայտի միջոցով, յետոյ՝ հեղուկ վառելանիւթով կամ ածուխով, իսկ 20-րդ դարու կէսերուն՝ 1958 թուականին, արտադրուեցաւ առաջին ելեկտրական ինքնաեռը:

Մանաւանդ փնտռուած է փայտի միջոցով թէյ եփող ինքնաեռը, քանի որ փայտին համն ու հոտը կը փոխանցուի ջուրին եւ թէյը իւրայատուկ բոյր կը ստանայ: Երբեմն նաեւ կոներով՝ սոճու, մայրիի եւ այլ ծառերու պտուղով կը տաքցնէին ջուրը:

Ինքնաեռին վերի մասն ալ թէյին թուրմը պատրաստելու տեղն է, թուրմն ալ երկար ժամանակ տաքութեան միջոցով տաք կը մնայ: Ինքնաեռները ոչ միայն տան, ընտանեկան ճաշասեղաններուն զարդն էին, այլեւ ճանապարհորդական իրերուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէին, եղած են ճամբորդական, զինուորական ինքնաեռներ, պզտիկ ինքնաեռներ, որոնք միայն երկու գաւաթ ջուր կ՚ընդգրկէին: Բայց ամենամեծերը մինչեւ 50 լիթր տարողութիւն ունին: Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն բերուածը 44 լիթր տարողութիւն ունի, որ թանգարան տարուած է Կապոյտ մզկիթի բակին երբեմնի թէյարանէն: Այդ ինքնաեռին վրայ կը տեսնենք նաեւ որակի զանազան մրցոյթներու մասնակցելու եւ յաղթելու կնիքներ:

Հայաստանի մէջ շատ կան ինքնաեռներ, բայց այս ցուցադրութեան հաւաքուած են անոնք, որոնք պատմական եւ մշակութային արժէք ունին:

«Սամովար» ցուցադրութիւնը Երեւանի Ռուսական արուեստի թանգարանին մէջ բաց կը մնայ մինչեւ յունիսի 15-ը: Ամիսը երկու անգամ ալ նախատեսուած են թէյախմութեան երեկոներ:

Ռուսական աւանդական թէյախմութենէն զատ ինքնաեռին շուրջ տեղի պիտի ունենան նաեւ հնդկական, չինական, ճաբոնական թէյախմութեան աւանդական ձեռնարկներ, թեմային նուիրուած դասախօսութիւններ եւ այլն, մանաւանդ՝ կրթական ծրագիրներ՝ մանուկներու համար:

Ցուցադրուած են նաեւ ռուս բանաստեղծներու գործերը, որոնց մէջ ինքնաեռը յիշատակուած է եւ թանգարանի նկարներուն հաւաքածոյէն ալ առաջ բերուած են ինքնաեռով բնանկարները:

Այս ցուցադրութիւնը նուիրուած է հայ-ռուսական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին, որ 2022-ին կը լրանայ: Բացումին բազմաթիւ ներկաներ յոյս յայտնեցին, որ այդ յարաբերութիւնները թէյի պէս տաք կը մնան եւ ինքնաեռի մետաղին պէս՝ ամուր:

 

ԹՈՒԼԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱԵՌԸ

Այսօր ինքնաեռներու զանգուածային արտադրութիւն չկայ, միայն սահմանափակ թիւով կ՚արտադրուին իբրեւ յուշանուէրներ: Բայց ատենին, ամբողջ աշխարհի մէջ հռչակուած էր Թուլայի ինքնաեռը: Այդ ռուսական քաղաքին մէջ ալ կը գործէ ինքնաեռներու թանգարանը, ի թիւս զէնքի, բլիթներու թանգարաններուն, որոնք Թուլայի այցեքարտն են:

Ինքնաեռներու պատմութիւնը հոս կը հասնի ասկէ քանի մը դար առաջ, երբ աւանդութեան համաձայն, Փեթրոս Ա. Ռուսաստան բերած է առաջին ինքնաեռը: Սակայն այդ տուեալը ստոյգ չէ, քանի որ ինքնաեռին մասին առաջին յիշատակումը կը վերաբերի 1746 թուականին, մինչդեռ Փեթրոս Ա. մահացած է 1725 թուականին:

Թուլայի մէջ ինքնաեռներու արտադրութիւնը սկսած է այդ վայրին մէջ մետաղագործութեան զարգացմամբ պայմանաւորուած, նաեւ՝ բնակավայրին յատուկ ամուր կազմուածքով մարդոց առկայութիւնը նպաստած է ատոր զարգացման, քանի որ մետաղ կռելու գործ էր: Ատկէ զատ քաղաքին՝ Մոսկուային եւ Փեթերսպուրկին մօտ ըլլալն ալ իր դերն ունեցած է, քանի որ արտադրուած ինքնաեռները մեծ քաղաքներու մէջ կը սպառէին:

1778 թուականին Նազար եւ Իվան Լիսիցին եղբայրները ստեղծած են առաջին թուլայական ինքնաեռը: Ատկէ 25 տարի անց յայտնուած է ինքնաեռի առաջին գործարանը, ուր սկզբնական շրջանին աշխատած է 26 մարդ:

25 տարի եւս անց, Թուլայի մէջ արդէն գործած են 28 զանազան գործարաններ, որոնք տարեկան արտադրած են մօտաւորապէս 120 հազար ինքնաեռ: Թուլայական ամենատարածուած ինքնաեռներէն էր «Փարիչքոն», որ ունեցած է առաւելութիւններ, անիկա ընդհանրական էր, կարելի էր մէ՛կ հեղուկով, մէ՛կ պինդ վառելիքով աշխատցնել: Թուլայական ինքնաեռները այժմ հաւաքածոներուն մաս կը կազմեն, իսկ Թուլա այցելող զբօսաշրջիկները իրենց հետ կը տանին հնատիպ ինքնաեռներու մանրատիպ յուշանուէրներ:

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս