Ռուսիա չի հրաժարիր Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններէն, սակայն ատոնց հետագայ ձգձգումը Քիեւի կողմէ պիտի բարդացնէ Մոսկուայի հետ համաձայնութեան հասնելու հնարաւորութիւնը։ Այս մասին «Ռոսսիա-1» հեռուստաալիքի «Մոսկուա. Քրեմլ. Փութին» հաղորդման տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով:
Ինչպէս գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, Լաւրով յիշեցուցած է, որ Մոսկուայի դիրքորոշումը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ ներկայացուած է Տումայի ղեկավարութեան եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպման:
«Դիմելով նիստի մասնակիցներուն՝ նախագահն ըսած է ուքրանական «պատմութեան» մասին այն, որ մենք չենք հրաժարիր բանակցութիւններէն, բայց անոնք, որոնք կը հրաժարին, պէտք է հասկնան, որ որքան երկարեն այդ գործընթացի ձգձգումը, այնքան անոնց աւելի դժուար պիտի ըլլայ մեր հետ պայմանաւորուիլ», - ընդգծած է նախարարը ՝ պատասխանելով լրագրող Պաւել Զարուպինի հարցերուն: