image

Ի՞նչ Են Սուրիա Հասած Ռուսական Գլխաւոր Զէնքերը

Ի՞նչ Են  Սուրիա Հասած Ռուսական Գլխաւոր  Զէնքերը

Սուրիա - (The Washingnton Post)   Ռուսական  շուրջ    50  տարբեր տիպի կործաիչներ հասած են  Սուրիա: Այս մասին կը գրէ  ամերիկեան  The Washington Post-ը  : Թերթը  նաեւ կը գրէ, որ յատկապէս Թարթուս շրջանին մէջ  գտնուող ռուսական  ռամակայան ժամանած են    աւելի  քան   2000   ծովայիններ:  Աղբիւրը  կը հաղորդէ, որ    կործանիչներուն մէջ  առաջանակարգ դիրք կը գրաւեն   Su  24 s   եւ  Su 25 s    տիպի  կործանիչները , որոնք աւելի  կատարելագործուած են քան   անոնք, որ  կան Սուրիական    օդուժին մօտ:  Թերթը այս մասին  խօսած է փորձագէտի մը հետ, որ  իր կարգին յայտնած է, թէ   վերը նշուած ռուսական  կործանիչներուն գիշերային հասողութիւնը շատ աւելի  բարձր է քան  այլ  գործանիչներ: Սոյն հրթիռարձակ կործանիչները նոյնպէս օգտագործուած են   Չէչնիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ:   Կարեւոր  կործանիչներ են նաեւ    Su 30 m տիպի       օդանաւերը: Անոնք   արագ մարտեր մղելէ եւ   հրթիռարձակումներ  կատարելէ բացի  կրնան  կարեւոր  հասողութեամբ  կրակ  տարածել: Աղբիւրը կը նշէ, որ ռուսական  տիպի  կործանիչները  իրենց մրցակիցները չունին, ոչ «Իսլամակն պետութեան» եւ ոչ ալ ՆԱԹՕ-ի տիրապետած  օդանաւերուն մէջ: