image

Ի՞նչ կը պատմեն վարակիչ հիւանդութիւններու մասին վէպերը (Ա.)

Ի՞նչ կը պատմեն վարակիչ հիւանդութիւններու մասին վէպերը (Ա.)

«Թախիծ ու վիշտ իջաւ բոլոր դէմքերուն», գրած է Տեֆոն: Կառավարութիւնը համաճարակի մասին սարսափելի գիրքեր չէր տպագրեր, երբ փողոցներու մէջ այդքան սարսափներ կար տեսնելու: Արդէն կարելի էր կարդալ շաբաթական մահազդները եւ հաշուել փողոցներու դիակներու կոյտերը։ Կարելի էր կարդալ նաեւ քաղաքապետի հրամանները. «Եթէ ոեւէ մէկը այցելած է ժանտախտով վարակուած մէկուն, կամ ինքնակամ մտած է վարակուած եւ արգիլուած տուն մը, ապա այդ անձը կը կալանաւորուի այն տունը, ուր ան մտած է, սոյն տունը կը փակուի»։ Այս տուներու իւրաքանչիւրը 30 սմ. երկարութեամբ կարմիր խաչերով նշանուած էին եւ հեռուէն կարելի էր տեսնել նշանները։

 

 

Երբ 1665 թուականին ժանտախտը պատեց Լոնտոնը, քաղաքի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը խելագարուեցան եւ դիմեցին աստղագուշակներուն, իբր թէ բուժող շաղակրատներուն: Անոնք մեծ գումարներ կը վճարէին յոյսի մը համար, կ՚աղօթէին, կը հառաչէին, կը կապէին իրենց աչքերը, կը փակէին ականջները… Զարմանալի է, որ գիրքերը կը սարսափեցնէին զանոնք։ 1722 թուականին մարդիկ կը վախնային, որ հիւանդութիւնը կրնայ կրկին տարածուիլ՝ Մերձաւոր Արեւելքէն Մարսէյլ, ապա հիւսիս ուղեւորուած առեւտրային նաւերով։ Կառավարութիւնը՝ խուճապը զսպելու նպատակով, փորձած էր կանխել Տանիէլ Տեֆոյի «Ժանտախտի դէմ նախապատրաստութիւններ» խորագրեալ գիրքի հրատարակումը։ Տեֆօ յոյս ունէր, որ գիրքերը օգտակար կ՚ըլլան ժամանակակից եւ ապագայ սերունդներուն, նոյնիսկ եթէ վերապրին աղէտէն։

1665 թուականին համաճարակէն վախցածներ խոյս տուին քաղաքէն. թէեւ անոնք որոշած էին հեռանալ, բայց քաղաքին մէջ ձի չկար գնելու կամ վարձելու համար: Տեֆոն բացատրեց, որ երբ դռները փակուեցան, բոլորը կարծէք թակարդի մէջ էին: Ամէն մարդ վատ կը վերաբերէին իրարու, բայց ամենավատը հարուստներն էին։ Անոնք չկրցան համակերպիլ սնունդի մասին նախազգուշացումներուն հետ՝ իրենց աղքատ ծառաները ուղարկելով սնունդի որոնման։ Ըստ Տեֆոյի, ամբողջ քաղաքի կործանման ամենամեծ պատճառն էր տուները ստիպողաբար լքելը՝ ապրանք գնելու համար։

Հակառակ վաճառականներու ձեռնարկած նախազգուշական միջոցներուն, Լոնտոնի մէջ իւրաքանչիւր հինգ հոգիէն մէկը մահացած է։

«Թախիծ ու վիշտ իջաւ բոլոր դէմքերուն», գրած է Տեֆոն: Կառավարութիւնը համաճարակի մասին սարսափելի գիրքեր չէր տպագրեր, երբ փողոցներու մէջ այդքան սարսափներ կար տեսնելու: Արդէն կարելի էր կարդալ շաբաթական մահազդները եւ հաշուել փողոցներու դիակներու կոյտերը։ Կարելի էր կարդալ նաեւ քաղաքապետի հրամանները. «Եթէ ոեւէ մէկը այցելած է ժանտախտով վարակուած մէկուն, կամ ինքնակամ մտած է վարակուած եւ արգիլուած տուն մը, ապա այդ անձը կը կալանաւորուի այն տունը, ուր ան մտած է, սոյն տունը կը փակուի»։ Այս տուներու իւրաքանչիւրը 30 սմ. երկարութեամբ կարմիր խաչերով նշանուած էին եւ հեռուէն կարելի էր տեսնել նշանները։

Տասնութերորդ դարուն նաւահանգիստ եկած նաւերու նաւապետները կ՚ըսէին, որ իրենց նաւերը կ՚ախտահանեն՝ երդուելով ծովի ջուրի մէջ թաթխուած Աստուածաշունչի վրայ: Թոքախտի վախի ժամանակ հանրային գրադարաններու գիրքերը կ՚ախտահանուէին «ֆորմալտհէիտ» կազով լեցուած պողպատէ տակառներու մէջ։

Ընթերցանութիւնը վարակիչ է, ինչ որ կը յառաջանայ ուղեղի մէջ ներթափանցելով։ Գիրքերը կը վարակեն։ Գիրքերը, միեւնոյն ժամանակ, բուժիչ եւ մխիթարիչ են: Երկար դարերու ընթացքին, երբ ժանտախտը աւերած էր Եւրոպան, սահմանափակումներու պայմաններուն ներքեւ, մարդիկ կը կարդային գիրքեր, եթէ բախտ ունենային գիրք ունենալ։ Ճովանի Պոքաչիոյի «Տեքամերոն» գիրքին մէջ եօթ կին եւ երեք տղամարդ հերթով կը պատմէին պատմութիւններ տասն օր շարունակ, երբ անոնք կը թաքնուէին սեւ մահէն։ Ժանտախտը այնքան տխրութիւն պատճառած էր, որ Պոքաչիոն խնդրեց իր ընթերցողներէն՝ չքննադատել գիրքի անտանելի սարսափը։

Վարակիչ հիւանդութիւններու գրականութիւնը սարսռելի է։ Ժանտախտի համաճարակը նման է լոպոթոմիի (ուղեղի երկու կէսերը բաժնելու վիրահատութիւն՝ ուղեղի որոշ հիւանդութիւններու բուժման համար), որ կը վերացնէ մարդկութեան գերագոյն իրաւասութիւնը, անոր ամենաբարձր ուժերը եւ արդիւնքին կը ձգէ միայն կենդանի էակ մը: «Հրաժեշտ մարդկութեան հսկայական ուժերուն, հրաժեշտ գեղարուեստին եւ հրաժեշտ պերճախօսութեան արուեստին», գրած էր Մերի Շելլին 1826 թուականին «Վերջին մարդը» գիրքին մէջ՝ երբ հիւանդութիւնը պատած էր աշխարհը: Իւրաքանչիւր համաճարակային պատմութիւն, իրականութեան մէջ, տգիտութեան պատմութիւն է, անզօր դարձած լեզուի, անգութ մարդու պատմութիւն է:

Բայց միւս կողմէ՝ գիրքերու գոյութիւնը, ընթերցանութեան տարածումը, որքան ալ սարսափելի ըլլայ պատմութիւնը, այն նշանն է, որ մարդկութիւնը յաջողած է կրել այդ ցաւերը։

 

Պիանքա Սարըասլան

•շարունակելի…

«Ժամանակ»/Պոլիս