image

«Հըզպալլա»ի դէմ բողոքի նոր ալիք. Պատճա՞ռը

«Հըզպալլա»ի դէմ բողոքի նոր ալիք. Պատճա՞ռը

«Հըզպալլա»ի շուրջ օրերս բողոքի ալիք բարձրացած է թուիթըրեան տարբեր էջերու վրայ, բողոքելով վերջինիս Եմէնի ճգնաժամին մէջ ներգրաւուելու դէմ:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական  կայքին փոխանցմամբ, բողոքի գրառումները կը կրեն «Հըզպալլա միջամուխ կ'ըլլայ Եմէնի հարցերուն» ընդհանուր խորագիրը:

Գրառումները կը պարունակեն նաեւ այն գրութիւնը, որ Եմէնի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ յղուած է Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարարութեան, պահանջելու դադրեցնել «Հըզպալլա»ի ներգրաւուածութիւնը Եմէնի ներքին հարցերուն մէջ:

Ի պատասխան նշուած գրութեան, նախարար Պասիլ իր նամակին մէջ նշած էր, թէ Լիբանանի դիրքորոշումը անպայմանօրէն չի համընկնիր Լիբանանի մէջ գործող ներքին քաղաքական ուժերու դիրքորոշման հետ, միաժամանակ շեշտելով, որ Լիբանան զերծ կը մնայ տարածաշրջանի երկիրներու ներքին հարցերուն մէջ միջամուխ ըլլալէ: