image

ՀՅԴ Օրուան նշում Միացեալ Նահանգներու մէջ.(Տեսանիւթ)

 ՀՅԴ Օրուան նշում Միացեալ Նահանգներու մէջ.(Տեսանիւթ)

 

ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութեանց ծիրէն ներս ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակած է այս առթիւ պատրաստուած տեսանիւթ մը։ 

Կուսակցութեան պատմական դերակատարութեան, անցեալի  դասերէն քաղելու կարեւորութեան մասին խօսելէ անդին կուսակցական խումբ մը գործիչներ  արտայայտուած են այսօրուան հիմնահարցերուն ու կուսակցութեան առջեւ դրուած մարտահրաւէրներուն մասին։ 

Տեսանիւթին մէջ մասնաւորապէս խօսքով հանդէս եկած է Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Գարմէն Օհանեան, ՀՅԴ  պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած ՝Աւետիք Իզմիրլեան, եւ խումբ մը այլ համայնքային եւ միութենական գործիչներ։ 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ մարմինը շաբաթավերջին իրականացուցած է աւանդական երեկոյ- ճաշկերոյթ մը, որուն մասնակից դարձած են շուրջ հազար հայրենակիցներ։

Ճաշկերոյթին ընթացքին լսուած են յաւուր պատշաճի խօսքեր, ինչպէս նաեւ եղած են նիւթական յատկացումներ։

 

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ պատրաստուած տեսանիւթը։