image

ՀՅԴ առանցքային գործիչներ՝ Սարգիս Զէյթլեանի եւ Հրայր Մարուխեանի նուիրուած հատորներ

 ՀՅԴ առանցքային գործիչներ՝ Սարգիս Զէյթլեանի եւ Հրայր Մարուխեանի նուիրուած հատորներ

Սփիւռքահայ ազգային հասարակական կեանքի հոլովոյթին մէջ իրենց ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած են ՀՅԴ գործիչները։ 

Անոնք, կարողացած են կուսակցութեան արմատական ընկալումները պահպանել ու նաեւ ճիշդ թիավարել այնպիսի բարդ փուլերու ընթացքին, որմէ անցաւ հայութիւնը իր տարբեր թեւերով, տարբեր կեդրոններով եւ հայագաղութներով։ 

 Այս առումով ալ ՀՅԴ երկու հանրայայտ գործիչներ ՝ Սարգիս Զէյթլեան եւ Հրայր Մարուխեան կը համարուին ոչ միայն ՀՅԴ-ի դրօշն ու գաղափարական ամուր շէնքը պահող-պահպանողներ, այլ նաեւ հայութիւնը յուզող վճռորոշ փուլերուն ընթացքին կեդրոնական դեր ունեցած գործիչներ։ 

 

Պէյրութահայ խումբ մը ազգայիններ կարեւորելով անոնց դերն ու տեղը օրերս հրապարակ հանած են զոյգ հատորներ նուիրած՝ Հ. Մարուխեանին եւ Ս. Զէյթլեանին։

 Խորքին մէջ հատորներուն բովանդակութիւնը արգասիքն է, ՀՅԴ մէկ այլ լիբանանահայ գործիչի ՝ Յակոբ Եափուճեանի գրչին։ Անցնող տարիներուն մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած Եափուճեան, որ նոյնպէս տարած է բեղուն գործունէութիւն հանրութեան կը ներկայացնէ ազգային-կուսակցական կեանքին առընթեր երկու գործիչներուն հետ իր ապրած փորձառութիւնը։

Կերպով մը փորձագրութիւն, որ ամէն բանէ աւելի կը միտի այդ գործիչներու ապրած կեանքը, գաղափարական մօտեցումները եւ վճռական կեցուածքները ներկայացնել հասարակութեան լայն շերտերուն, բայց մասնաւորապէս նորահաս սերունդին։

 Հարկ է նշել, որ զոյգ հատորներուն մեկենասութիւնը ստանձնած են մենագրութեանց հեղինակ ՝ Յակոբ Եափուճեանի որդիները՝ Վարանդ եւ Հայկ Եափուճեանները։

 Նշենք նաեւ, որ «Արամ Մանուկեան» մատենաշարը կը գործէ Պէյրութի մէջ, այն նախաձեռնութիւնն է պէյրութահայ գործիչ՝ Յակոբ Լատոյեանին, հատորներու ձեւաւորումն ու տպագրութիւնը կը կատարէ Սագօ Գասապեան («Զաւէն եւ որդիք» տպարան) եւ նոյն մատենաշարէն ցարդ (այս 2 նորատիպներէն զատ) լոյս տեսած են 5 այլ հատորներ, որոնք կը ներկայացնեն մեր ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ իրենց ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած առանցքային դէմքեր։