Մեծի Տանն Կիլիկիոյ լուրերը տարածող «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք՝
Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի:
Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Շիքակոյի հայութեան։ Ան, հիմնուելով Քրիստոսի «ես եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.35) խօսքին վրայ՝ ըսաւ, որ մեր Տէրը Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին Ինքզինք նոյնացուց մարդկային կեանքի ամէնէն յատկանշական երեւոյթներուն հետ եւ Ինքզինք կոչեց իսկական ճամբան, կեանքը, ճշմարտութիւնը, լոյսը եւ հացը: Հացը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ անհրաժեշտ նիւթ մըն է: Մարդը իր ֆիզիքական կեանքին համար կարիքը ունի նիւթեղէն հացի: Հացը մարդկային կեանքին հիմնական կարիքներէն մէկն է: Քրիստոս, երբ ըսաւ, թէ Ի՛նքն է կեանքի հացը, ակնարկեց անոր հոգեւոր իմաստին: Ինչպէս որ մեր ֆիզիքական կեանքին համար նիւթեղէն հացը կարիք է, նոյնպէս ալ հոգեւոր կեանքին համար Քրիստոսի ներկայութիւնը անհրաժեշտ է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: Ապա, մանրամասնելով կեանքի հացը ունենալու կարեւորութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ Քրիստոս-հացը մեր կեանքին մէջ կրնանք ունենալ մասնակցելով Սուրբ Պատարագին, ուր Քրիստոս Իր մարմինը կ՚ընծայէ մեր մեղքերու թողութեան համար, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալով Աստուածաշունչին փոխանցած արժէքներուն: Հայրապետը անդրադառնալով մերօրեայ կեանքին՝ ըսաւ, թէ ի՛նչ օգուտ, երբ մեր սեղաններուն վրայ ունինք ֆիզիքական հացը, սակայն հոն պակաս է մեր հոգեւոր հացը, որ կ՚իմաստաւորէ եւ կը զօրացնէ մեր երկրաւոր կեանքը: Առանց Քրիստոսի մեր կեանքը կը կորսնցնէ իր նպատակը ու իմաստը: Նորին Սուրբ Օծութիւնը շարունակելով իր պատգամը՝ ընդգծեց բաժնեկցելու կարեւորութիւնը՝ ըսելով, որ Քրիստոս-հացը ունենալ կը նշանակէ մեր ունեցածը բաժնել ու կիսել մեր նմանին հետ: Այսօր, նոր զարգացումներով հարստացած ու ճարտարագիտութեամբ զարդարուած աշխարհին մէջ կան միլիոնաւոր մարդիկ, որոնք հացի կարիքը ունին: Ապա, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները մօտենալու Սուրբ Հաղորդութեան եւ զայն ընդունելու իբրեւ մեր կեանքի ճշմարիտ հացը:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, եկեղեցւոյ 80-ամեակին առիթով բարձրացուած խաչքարի օրհնութեան կարգ կատարուեցաւ. բարերարներն են Տէյվիտ եւ Սիւզի Էրիքսըն ամոլը։
— — — — —
Իսկ Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2024-ին, Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, որուն մասնակցեցան շուրջ երկու հարիւր ծխայիններ: Ընթրիքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թալին Արթինեան: Ապա, հերթաբար խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեան, հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան, թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Արամ Սարաֆեան եւ առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան հովուապետի նկարագրին: Ան ըսաւ, թէ Անթիլիասը մեզմէ մղոններով հեռու կրնայ ըլլալ, սակայն իր ծառայական առաքելութեամբ միշտ ներկայ է ամերիկահայութեան կեանքին մէջ:
Պաշտօնական ճաշկերոյթի աւարտին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ յայտնելով, որ համայնքը անշարժ իրականութիւն մը չէ, որուն մէջ կեդրոնական դիրքը կը գրաւէ եկեղեցին: Ան շեշտեց համայնքի կեանքը վերաշխուժացնող, վերանորոգող ու հզօրացնող չորս հիմնական գործօններ՝ ներդաշնակութիւն, գործակցութիւն, ամբողջականութիւն եւ հաշուետուութիւն: Շարունակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը ըսաւ, թէ եկեղեցին սոսկ կառոյց մը չէ, այլ ժողովուրդին կեանքը փոխակերպող ու պայծառակերպող առաքելութիւն է: Եկեղեցին պէտք չէ բանտարկել կառոյցի նեղ սահմաններու մէջ, այլ հարկ է զայն տանիլ ժողովուրդին: Ապա, ան ընդգծեց համայնքի կեանքին մէջ երիտասարդութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Ես չեմ կրնար պատկերացնել աշխոյժ համայնք մը, ուր երիտասարդները բացակայ են անոր կեանքին մէջ: Հետեւաբար, հարկ է քաջալերել մեր երիտասարդները մասնակից դառնալու մեր հաւաքական կեանքին, շեշտեց Նորին Սուրբ Օծութիւնը: Իր խօսքի եզրափակիչ բաժնին մէջ, ան կարեւորութեամբ խօսեցաւ նոր սերունդներու դաստիարակութեան ու կազմաւորման մասին: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ գիտութիւնը եւ ուսումը կարեւոր են, նոյնքան կարեւոր են հայ արժէքներուն, ոգիին, իտէալներուն, երազներուն ու աւանդութիւններուն փոխանցումը ու պահպանումը: Վայ մեզի եթէ մենք մեր ինքնութիւնը կազմաւորող ազդակներէն հրաժարինք: Հետեւաբար, հարկ է պահել մեզ մեր արմատներուն կապող արժէքները, նշեց Նորին Սրբութիւնը:
Ընթրիքը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։