Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիյարթոն Երեւանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման խնդրած է թոյլ տալ Երեւանի մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսութիւն բանալ․ նշուած է նախարարներու համատեղ մամուլի ասուլիսի ընթացքին:
«Խնդրեցի թոյլ տայ, որ Երեւանի մէջ բանանք հունգարական հիւպատոսութիւն»,-ըսած է նախարարը:
Սիյաթոն նշած է նաեւ, որ Wizz Air օդանաւային ընկերութեան կը յորդորեն նաեւ Երեւանէն Բուտափեշթ ուղղութիւն աւելցնել՝ ֆիզիքապէս անմիջական կապ ապահովելու Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ: