image

Հոկտեմբերի վերջը Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը պիտի չկայանայ․ Թոյվօ Քլաար

Հոկտեմբերի վերջը Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը պիտի չկայանայ․ Թոյվօ Քլաար

Հոկտեմբերի վերջը Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ, այն կը յետաձգուի: Այդ մասին յայտարարած է Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Կլաարը, որ հեռավար կը մասնակցի APRI Armenia վերլուծական կեդրոնի` «Առաջընթաց անորոշութեան պայմաններու մէջ» խորագրով համաժողովին:

Անոր խօսքով, հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացն Արեւմուտքի միջնորդութեամբ դանդաղ, սակայն ճիշդ ուղղութեամբ կ՚ընթանայ: Ան դրական գնահատած է Կրանատայի մէջ բանակցութիւնները, որուն սակայն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չմասնակցեցաւ: Այնուամեյնիւ Քլաար յոյս ունի, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին, որոնց վերջնաարդիւնքը կ՚ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը: Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութեան նպատակն է, որ Ղարաբաղի հայերը վերադառնան իրենց տուները։

Քլաար նաեւ դրական գնահատած է վերջերս Թեհրանի մէջ «3+3» ձեւաչափով կայացած հանդիպումը․ «Այդ օգտակար կը համարենք եւ՝ հակասող չեմ համարեր որեւէ ձեւաչափի: Կը կարծեմ կարեւոր եւ օգտակար են հարեւաննրու միջեւ քննարկումները: Մենք սկզբունքօրէն մշտապէս համագործակցութեան օգտին կ՚արտայայտուինք», –ըսած է ան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Գանատայի արտաքին գործոց նախարարի հետ համատեղ ասուլիսին յայտարարած է, որ Պրիւքսէլ մեկնելու ժամանակ չէ գտած Ատրպէյճանի նախագահը․ «Մենք հիմա էլ պատրաստ ենք մասնակցել այդ հանդիպմանը»,- ըսած է ան։