Հոկտեմբեր 27-ի բացայայտման խնդիրն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան դաշտին մէջ է, այդ մարմինն է, որ կրնայ արտաքին քաղաքական հետքի մասով տեղեկութիւն տալ՝ հաստատել կամ հերքել։ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնած է Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եղբայր, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանը։
«Քանի այդ վարկածը ո՛չ հաստատուած է, ո՛չ հերքուած, դա մնում է օդի մէջ, եւ հոկտեմբերի 27-ը մնում է չբացայայտուած։ Իմ կարծիքով իւրաքանչիւր մարդ իր ներսում բացայայտել է հոկտեմբերի 27-ը եւ ունի իր սեփական մօտեցումները»,- նշած է ան։
Արամ Սարգսեանը յոյս ունի, որ կրնանք այնպիսի պետութիւն դառնալ, որու արդարադատութիւնը կրնայ նման դժուար գործը բացայայտել։
Անոր կարծիքով՝ հոկտեմբեր 27-ն արտաքին քաղաքական հետք ունի, որու բաց թողած փամփուշտն առ այսօր կը սլանայ Սիւնիքի ուղղութեամբ։
«Վարչապետի պաշտօնը զբաղեցրել եմ, որ հոկտեմբերի 27-ը բացայայտուի»,-աւելցուցած է Սարգսեանը։