image
Հրատապ լուրեր:

Հռոմի Պապ. « «Քուրան» հրկիզելու դէպքերը բարբարոսութիւն են»

Հռոմի Պապ. « «Քուրան» հրկիզելու դէպքերը բարբարոսութիւն են»

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը դատապարտած է «Քուրան»ի՝ վերջերս Շուէտի եւ Դանիայի մէջ տեղի ունեցած հրապարակային հրկիզման գայթակղային դէպքերը՝ կատարուածը որակելով «բարբարոսութիւն» եւ ըսելով, որ նման սրբապիղծ քայլերը կը խոչընդոտեն ազգերու միջեւ երկխօսութիւնը, գրած է mehrnews.com-ը:

Քահանայապետը այս յայտարարութիւնն ըրած է երեքշաբթի՝ ի պատասխան Արժանթինի իսլամական հիմնադրամի ներկայացուցիչ, արժանթինցի շիա գիտնական Ապտ ալ-Քարիմ Փազի նամակին: Անցեալ շաբաթ Ապտ ալ-Քարիմ Փազը նամակ յղած էր կաթոլիկ եկեղեցւոյ ղեկավարին, որուն մէջ դատապարտած էր իսլամներու համար սուրբ գիրքի օրինակներու այրման կրկնուող գործողութիւնները:

«Սուրբ «Քուրան»ի այրման պատմութիւնը իսկապէս բարբարոսական է։ Այս դէպքերը կը վնասեն եւ կը խանգարեն մարդոց միջեւ հասուն երկխօսութիւնը»,- ի պատասխան գրած է Հռոմի պապը։

Յուլիսի սկզբը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արաբալեզու al-Ittiha թերթին տուած հարցազրոյցին Քահանայապետը դատապարտած էր «խօսքի ազատութեան» պատրուակով «Քուրան»ի պղծման թոյլտւութիւնը: Ան այս մասին ըսած էր այն բանէն ետք, երբ Շուէտը թոյլատրած էր պղծել «Քուրան»ի օրինակը Սթոքհոլմի մզկիթի մօտ: