Պոլսոյ «Ժամանակ»էն կը կարդանք
Մեզմէ հրաժեշտ կ՚առնէ Եդուարդ Թովմասեանը՝ բոլորին սիրելի Թոմոն, «Արաս»ի Թոմոն։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն տեղ ապահոված անձնաւորութեան մը մասին է խօսքը՝ իր գործունէութեամբ, նկարագրով եւ պատրաստակամ բնաւորութեամբ։ Որքա՜ն հակասական է գրել իր կորուստի մասին։ Անոնք, որոնք Թոմոն ճանչցած են, գիտեն իր զուարթ նկարագիրը, սրամտութիւնը, բարձր տրամադրութիւնը, երգիծանքը։ Կարճ խօսքով՝ կեանք լեցուն մարդու մը հրաժեշտին անզօր կը մնան բառերը։
Կեանքի ուրոյն փիլիսոփայութիւն կը մարմնաւորէր Թոմոն։ Թէեւ հասարակութեան լիարժէք անդամ էր, բայց, հասարակութեան մէջ ապաստան գտած մը չէր։ Անգոյն անձ մը չէր Թոմոն։ Իր բարձր քաղաքացիական արիութեամբ՝ թէեւ հանդուրժող էր, սակայն, լաւագոյնս կ՚ինքնադրսեւորուէր իր բոլոր տարբերութիւններով։ Համարձակ էր ու նոյնքան մարդկային եւ, ի վերջոյ, գիտէր կրել իր տարբերութիւնները, որոնք ուրիշի մը պարագային կրնային տարօրինակ թուիլ, սակայն, իրեն յարիր էին։
Տասնամեակներ շարունակ Թոմոն վառ ներկայութիւն եղած էր Պոլսոյ հայկական կեանքի գրեթէ բոլոր ուղղութիւններուն վրայ։ Մասնակցութիւնը կարծես առանցքն էր իր հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեան։ Ուշադիր դէտ մըն էր, ինքզինքը ճիշդ դիրքաւորած էր, բոլորի գործակիցն էր միշտ, բայց, երբեք ոչ գործակատարը։
Արտաքին տեսքով իրեն համար բաւարար էր լաւ ճնկողի մը կերպարով հանդէս գալը, բայց, շատ աւելին էր։ Ծիծաղն էր կեանքի փորձառութիւններուն դիմադրելու ձեւը։ Յամենայնդէպս, թիրախային տրամաբանութիւնն ու արժեհամակարգը կը մատնէին՝ արհեստավարժ ձեռքբերումները եւ աներեր ընտանիքը։
Եւ, անշուշտ, «Արաս»ը։ Համախոհ ընկերներու հետ հիմնուած այս հարտարակչատան պատասխանատուութեան առիւծի բաժինը վերջին տասնամեակին ստանձնելէ չէր վարանած՝ հակառակ իր փխրուն առողջութեան։ Որեւէ ուղեւորութեան կամ առաքելութեան մէջ երբ ճամբաբաժանի փուլ մը յառաջանայ, երբ համախոհներու միջեւ ներդաշնակութիւնը խաթարուի, երեւոյթը տխուր կ՚ըլլայ, բնականաբար։ Այդ պահուն ոմանք կը նախընտրեն մեկնիլ, ոմանք ալ մնալ՝ թէեւ երկու այլընտրանքն ալ իր հերթին յարգելի։ Թոմոն «Արաս»ի պարագային նախընտրած էր մնալ եւ սա իր պնդութեան ապացոյցն էր։ Արդարեւ, դժուար է միասին սկսած ուղեւորութիւնը առանձին շարունակել։ Սա իր տոկունութեան փորձաքարն էր կարծես։
Մեծին հետ մեծ, փոքրին հետ ալ փոքր էր Թոմոն, հետեւաբար, նաեւ լրագողին հետ ալ լրագրող։ Երկար տարիներ ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ու «Արաս»ը հարեւան էին Պէյօղլուի մէջ։ Այդ ֆիզիքական մօտութենէն անդին, նաեւ հակառակ սերունդի տարբերութեան՝ Թոմոյին հետ կուտակած էինք բազում յուշեր։ Հայ մամլոյ հետեւողական ընթերցող մըն էր ու ո՛չ միայն հայ, անշուշտ։ Հաճելի զրուցակից էր թէ՛ աշխատանքային միջավայրի եւ թէ ճաշասեղանի շուրջ։ Իր զուարթ նկարագրէն բխած երգիծանքը երբեք կարելի չէր անլրջութեան կամ մակերեսայնութեան վերագրել՝ քանի միշտ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէր առաջնայինն ու երկրորդականը զանազանելու։ Իր ծիծաղը բացայայտումներու հորիզոն մը կ՚ուրուագծէր երկխօսին կամ լսարանին առջեւ։
Ափսո՜ս, օր մըն ալ բախտ վիճակեցաւ վկայել, որ Թոմոն հաճելի զրուցակից էր նաեւ հիւանդանոցի սնարին մէջ։ Սա եղաւ մեր թէ՛ վերջին եւ թէ առանց իր նշանաւոր անթեւ բաճկոնի առաջին շփումը։
Մեր մտքին ու սրտին մէջ կը մնայ ընդմիշտ ու զինքը կը վերյիշենք երախտագիտութեամբ ու բարութեամբ։
Թոմօ, հողը թեթեւ գայ վրադ, եղբայր սիրեցեալ, ազգակից հազարատ…
Արա Գօչունեան