image
Հրատապ լուրեր:

Հրաձգութիւն Իսրայէլի Հայֆա քաղաքին մէջ. ոստիկանութիւնը կը դիտարկէ ահաբեկչութեան վարկածը

Հրաձգութիւն Իսրայէլի Հայֆա քաղաքին մէջ. ոստիկանութիւնը կը դիտարկէ ահաբեկչութեան վարկածը

Իսրայէլի Հայֆա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հրաձգութեան հետեւանքով քանի մը մարդ տուժած է։ Ոստիկանութիւնը կատարուածը կը դիտարկէ որպէս հնարաւոր ահաբեկչութիւն։

«Ynet» հարթակը պարզաբանած է, որ յարձակումը տեղի ունեցած է կեդրոնական մեքենանաերու կայարանին մէջ։ Պարբերականի տուեալներով՝ առնուազն չորս մարդ վիրաւորուած է, իսկ երկու յարձակողները վնասազերծուած են։

Դէպքի վայր ոստիկանական ուժեր ուղարկուած են։

Զոհերու ստոյգ թիւի մասին դեռ պաշտօնական տուեալներ չկան։