image
Հրատապ լուրեր:

Հրադադարի խախտում՝ Մարտակերտի մէջ

Հրադադարի խախտում՝ Մարտակերտի մէջ

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանին մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպք արձանագրուած է, տեղեկացուցած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ տուժածներ չկան։

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը հայկական ու ատրպէյճանական կողմերու մասնակցութեամբ քննութիւն կը կատարէ։