Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը քաղաքացիական դատարան դիմած է «Իմնեմնիմի» փոտքասթի համահեղինակ Վազգէն Սաղաթէլեանի դէմ՝ պահանջելով հրապարակային ներողութիւն եւ ֆինանսական փոխհատուցում վիրաւորական հրապարակումներու համար։
«Արմէնփրէս»-ն այս մասին տեղեկացած է «Datalex» դատական տեղեկատուական համակարգէն։
Երեւանի քաղաքացիական դատարանի կողմէ ընդունուած հայցադիմումը կը վերաբերի Սաղաթէլեանի՝ 2025 թուականի նոյեմբեր 8-ին դիմատետրի ընկերային ցանցի մէջ ըրած հրապարակումներուն, որոնք, ըստ Սիմոնեանի, պարունակած են վիրաւորական արտայայտութիւններ իր հասցէին։
Հայցուորը կը պահանջէ Վազգէն Սաղաթէլեանին պարտաւորեցնել հրապարակայնօրէն ներողութիւն խնդրել՝ «Ֆեյսպուք»ի կամ առնուազն 5000 տպաքանակ ունեցող տպագիր մամուլի մէջ հինգ օր շարունակ տեղադրելով հետեւեալ բովանդակութեամբ յայտարարութիւն․
«Ես՝ Վազգէն Արմէնի Սաղաթէլեանս, ներողութիւն եմ խնդրում Ալեն Սիմոնեանից», բռնագանձել Վազգէն Սաղաթէլեանէն 2 միլիոն դրամ՝ որպէս վիրաւորանքի փոխհատուցում, բռնագանձել 530 հազար դրամ դատական ծախսերու դիմաց, այդ շարքին՝ 480 հազար դրամ փաստաբանի վարձատրութեան եւ 50 հազար դրամ պետական տուրքի համար։
Գործը մակագրուած է Երեւանի քաղաքացիական դատարանի դատաւոր Ալլա Քիւրքչեանին։