image

Հնդկաստանը Փաքիստանը մեղադրած է երկրորդ օրն անընդմէջ հրադադարը խախտելու համար

Հնդկաստանը Փաքիստանը մեղադրած է երկրորդ օրն անընդմէջ հրադադարը խախտելու համար

Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեղադրած է Փաքիստանը երկրորդ օրն անընդմէջ Քաշմիրի հովիտի երկայնքով հրադադարը խախտելու համար:

Գերատեսչութեան տուեալով՝ Հնդկաստանի բանակը պատասխան կրակ բացած է: Զոհերուն մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած:

Երկու երկրի յարաբերութիւնները կտրուկ սրուած են Ճամիի եւ Քաշմիրի մէջ 22 ապրիլին տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն յետոյ, որու հետեւանքով 26 մարդ զոհուած է։ Նիւ Տելհին տեղի ունեցածին համար մեղադրած է Փաքիստանը՝ դադրեցնելով այդ երկրի քաղաքացիներու վիզաներու տրամադրումը եւ Իսլամապատի հետ ջրային պաշարներու մասին համաձայնագիրը:

Փաքիստանի իշխանութիւնն ի պատասխան փակած է օդային տարածքը հնդկական օդանաւային ընկերութիւններուն համար եւ դադրեցուցած Հնդկաստանի հետ առեւտուրը: Իսլամապատ նաեւ նախազգուշացուցած է՝ եթէ Ինտոս գետի հոսքը դադրեցուի կամ փոխուի, այդ կ'ընդունուի որպէս պատերազմի գործողութիւն:

Փաքիստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ հակամարտութիւնը կրնայ վերաճիլ միջուկային դիմակայութեան՝ Al Jazeera հեռատեսիլային ալիքի եթերով զգուշացուցած է Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարարը: