Լիբանանի Պասքէթպոլի ախոյեանութեան ծիրէն ներս ՀՄԸՄ-ը համոզիչ յաղթանակ տարաւ Ալ Րիատի խումբին դէմ: Խաղը աւարտեցաւ 78 -74 արդիւնքով: Ալ Րիատի խումբը,որ Լիբանանի Պասքէթպոլի անցեալ տարուան ախոյեանն է ՀՄԸՄ-ի հետ իր վերջին հանդիպումին (16 յունուար) 18 կէտի առաւելութեամբ (105-87) յաղթանակ մը տարած էր հայկական խումբին դէմ , հետեւաբար այս խաղը վրէժ-խաղի բնոյթ ունէր: Խաղին ընթացքին երեւելի յաջողութիւն ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդ ուժերէն Սեւակ Քէթէնճեան:Նշենք, որ խաղը տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: