image
Հրատապ լուրեր:

«Հին ժամանակներէն մինչեւ 44-օրեայ պատերազմ».«Ֆիկարօ»-ն դեկտեմբերի թիւը նուիրած է հայ ժողովուրդի պատմութեան

«Հին ժամանակներէն մինչեւ 44-օրեայ պատերազմ».«Ֆիկարօ»-ն դեկտեմբերի թիւը նուիրած է հայ ժողովուրդի պատմութեան

Ֆրանսական «Ֆիկարօ» շաբաթաթերթը՝ իր «Ֆիկարօ- Պատմութիւն» ամսաթերթի Դեկտեմբերի թիւը նուիրած է հայ ժողովուրդի պատմութեան: Ամսաթերթին կողքը ֆրասահայ յայտնի լուսանկարիչ Անթուան Աքուճեանի հեղինակած լուսանկարն է: Ամսագիրի ամբողջ թիւը ունի հետեւեալ խորագիրը՝ «Հայաստան. Պատմութեան Փորձութեան Ենթարկուած Ազգ. Ողբերգութիւն Եւ Յոյս»:

Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ամսաթերթին մէջ անդրադարձ կը կատարուի Հայաստանի պատմութեան տարբեր էջերուն եւ դրուագներուն` հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, հակամարտութիւններու պատմութեան, Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի արդիւնքներուն։

Ամսաթերթին մէջ տեղ գտած են զանազան լուսանկարիչներու տարբեր ժամանակներու գործեր, իսկ բովանդակութեան հեղինակները թէ՛ հայ եւ թէ օտար հեղինակաւոր պատմաբաններ են:

44օրեայ պատերազմէն ետք, Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին կատարուած անդրադարձին մէջ օգտագործուած են Անթուան ԱքուՃեանի լուսանկարները:

Բացի «Ֆիկարօ-Պատմութիւն» ամսաթերթէն, «Ֆիկարօ»ն Նոյեմբերին իր ելեկտրոնային էջին վրայ անդրադարձաւ նաեւ հայկական «Ողջ Մնալու Արուեստ» ռազմահայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան` դարձեալ Անթուան Աքուճեանի լուսանկարներով: Էլիզապէթ Փիերսընի հեղինակութեամբ ներկայացուած են հայկական այս կազմակերպութեան գործունէութենէն դրուագներ եւ կազմակերպութեան նախագահ Վովա Վարդանովի հետ հարցազրոյց մը: Նկարահանումները կատարուած են աշխատանքներուն ընթացքին, որոնց մէջ ներգրաւուած են զանազան ոլորտներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: