Արմատներով լիբանանահայ եւ երկար տարիներէ ի վեր Գերմանիոյ մէջ ազգային հասարակական գործունէութիւն ծաւալող՝Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանի նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած է «Սօսի եւ Վարուժան Պետիկեան կրթաթոշակ»ը։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ համացանցէն։
Կը նշուի նաեւ, որ այս առթիւ հրապարակուած է ամփոփ հաղորդագրութիւն մը, որ կու տանք ստորեւ՝
Ուրախ ենք յայտարարելու «Սօսի եւ Վարուժան Պետիկեան կրթաթոշակ»ի հիմնադրման մասին։ Այն առաջին կրթաթոշակն է, որ բարերարներու կողմէ կը տրամադրուի Հայագիտական ուսմանց ծրագրին: Կրթաթոշակը ամէն տարի պիտի յատկացուի Արեւմտահայ առցանց քոլէճի մէկ ուսանողի տարեթոշակին:
Նշենք, որ նախաձեռնութիւնը կը պատկանի լուսահոգի Պետիկեան ամոլի որդւոյն՝ Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանին։
Նշենք, որ լուսահոգի Սօսի Պետիկեան ծնած է Կիպրոս: Աւարտելէ ետք Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, ապա աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի տարրաբանութեան ճիւղը: Ան սկսած է ուսուցչական ասպարէզը ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան վարժարանին մէջ եւ որուն տնօրէնուհին եղած է հետագային: 1976-էն 1985-ին նշանակուած է տնօրէնուհի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան: Ան նախ դասաւանդած է տարրաբանութիւն, ապա ընդհանուր եւ հայոց պատմութիւն: Ան հեղինակն է զանազան յօդուածներու, որոնք հրապարակուած են հայկական մամուլով եւ յատկապէս լիբանանեան «Զարթօնք» եւ Կիպրոսի «Փարոս» թերթերուն մէջ
Իսկ Վարուժան Պետիկեան Ծնած է Հալէպ: Աւարտած է Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, ապա աւարտած է տնտեսական եւ հաշուապահական ճիւղը Պէյրութ: Ան աշխատած է Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, ապա 1976-էն սկսեալ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն դասաւանդելով հաշուապահութիւն եւ հայ գրականութիւն: Ան հեղինակն է երկու գիրքերու եւ թարգմանութեան մը՝ Շէյքսփիրի Much Ado About Nothing (Բազում Աղմուկ Վասն Ոչինչ): Ան հրապարակած է բազմաթիւ յօդուածներ Պէյրութի «Զարթօնք» թերթին եւ «Շիրակ» ամսաթերթին մէջ: Ան նաեւ եղած է գլխաւոր խմբագիրը «Զարթօնք մարզական»ին :
Սօսի եւ Վարուժան Պետիկեաններ երկուքն ալ իրենց կեանքի յիսուն տարիները նուիրած են հայ նորահաս սերունդի դաստիարակութեան գործին: Անոնց որդին՝ Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեան, հիմնած է այս կրթաթոշակը անոնց յիշատակին, իսկ անոնց թոռնիկները՝ Տարօն, Թալին եւ Լուսիա Պետիկեանները, պիտի վերահսկեն հետագային կրթաթոշակի յարատեւութիւնը:
Նշենք, որ կրթաթողակը պիտի տրամադրուի այն ուսանողներուն, որոնք պիտի հետեւին Լոնտոնի մէջ հիմնադրուած հայագիտական դասընթացքներու եւ արեւմտահայերէնի լեզուի ուսուցման կեդրոնին, որուն ղեկավարն է գրականագէտ ՝ դոկտ. Գրիգոր մոսկոֆեանը։
Մոսկոֆեան անդրադառնալով այս նախաձեռնութեան մասնաւորապէս ըսած է. «Հայագիտական ծրագրի ընտանիքի նաեւ իմ անունով երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանին եւ իր ընտանիքին: Ծրագիրը իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր եղած է առաջատար՝ Արեւմտահայերէնի ուսուցման ու զարգացման ծրագիրներուն մէջ: Առաջին անգամ ըլլալով Ծրագրի ընկեր մը այսպիսի աջակցութիւն կ'առաջարկէ, միեւնոյն ժամանակ յարգելով իր ծնողներուն յիշատակը, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են հայ երիտասարդ սերունդներու կրթութեան։ Այս կրթաթոշակի հիմնադրութիւնը անոնց ժառանգութեան շարունակութիւնն է: Անձնական գետնի վրայ, Սօսի Պետիկեան իմ ընտանիքի անդամներէն շատերու դաստիարակը եղած է: Այս ամէնէն լաւ նուէրն էր, որ կրնայի խնդրել Սուրբ Ծնունդի տօնին:
Կը յուսամ, որ այս բարի արաքը օրինակ կը ծառայէ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին յաւերժացնել իրենց սիրելիներու յիշատակը դրոշմելով հայկական ինքնութիւնը յաջորդ սերունդին մէջ: Այս առումով մենք այս առատաձեռնութիւնը կը համարենք անկիւնադարձային մեր հաստատութեան համար»:
Ինչպէս յայտ ներկայացնել կրթաթոշակին
«Սօսի եւ Վարուժան Պետիկեան կրթաթոշակ»ը կ'ընդունի դիմումնագիրները մինչեւ 2 Յունուար, 2022: Կ'ընդունուին այն դիմողները, որոնք կը լրացնեն հետեւեալ պայմանները,-
Դիմողները պէտք է ըլլան ծագումով արեւմտահայ առնուազն մէկ ծնողի կողմէ:
Բոլոր տարիքի դիմողները ընդունելի են, սակայն առաջնահերթութիւնը աւելի երիտասարդներուն է:
Առաջնահերթութիւն պիտի տրուի Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ արեւմտահայ գաղութներէն դիմողներուն: Նաեւ քննարկելի են Հունկարիոյ եւ Հարաւային Ամերիկայի արեւմտահայ գաղութներու դիմումները:
Թեկնածու դիմողները պէտք է ուղարկեն իրենց ինքնակենսագրականը (ներառեալ ծննդեան տարին եւ քաղաքացիութեան տուեալները) եւ 200 բառնոց կից նամակ, ուր պէտք է նշեն, թէ ինչու իրենց համար կարեւոր է արեւմտահայերէն սորվիլը:
Բոլոր դիմումներու եւ հարցերու համար կարելի է դիմել դոկտ. Մոսքոֆեանին k.moskofian@progarmstud.org.uk հասցէով:
Նիւթը քաղած ենք «Հայագիտական ուսմանց ծրագիր» կայքէն։