Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ընտրացուցակները մենք կը հաստատենք 15 փետրուարին՝ գործադիր մարմնի նիստին: Panorama.am-ին ըսած է ՀՀԿ կազմակերպչական յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Թադէոսեանը: «Դրանից յետոյ մենք կը հրապարակենք»,-ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ կուսակցութիւններու ու կուսակցութիւններու դաշինքներու ընտրացուցակներու համար փաստաթուղթերու ԿԸՀ ներկայացնելու վերջնաժամկէտը 16 փետրուարն է: Այս պահին դեռ որեւէ քաղաքական ուժ յանձնաժողով չէ դիմած: