Երեւանէն ուրախ լուր ստացանք։
Լիբանանահայ զոյգեր՝ Սարգիս Սեմէրճեան եւ Նաթալի Թադէոսեան կնքած են իրենց ամուսնութիւնը (քաղաքացիական)։
Նշենք, որ աւելի քան 8 տարիէի ի վեր հայրենադարձած Սարգիս Սեմէրճեան գործած է տարբեր ոլորտներու մէջ, իսկ ներկայիս ճաշարանատէր է։
Պուրճ Համուտի թրատ շրջանի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբէն սերող Սեմերճեան աշխուժօրէն մասնակցած է գաղութային կեանքին։ Մասնաւորապէս Լիբանանը հարուածած քաղաքացիական պատերազմի վերջին փուլին ան ներգրաւուած եղած է հայկական թաղամասերը պաշտպանելու գործին։
Հայրենիքի սէրը ամէն բանէ վեր դասող Սարգիս եւ Նաթալի ապահովաբար իրենց կեանքը պիտի շարունակեն հայրենի երկինքին տակ, հայկական արժէքներով լեցուն նոր ընտանիք մը կազմելով ոսկեայ օղակ մը պիտի աւելցնեն Հայաստանի հասարակութեան։