Գագիկ Ծառուկեանը Հայաստան հրաւիրած է քանդակագործ Սալաւաթ Շչերպաքվը, որուն ներկայացուցած է Քրիստոսի 33-մեթրանոց արձանի իր գաղափարը:
Շչերպաքովը պատրաստակամութիւն յայտած է ներկայացնելու իր տարբերակը:
«Սա շատ հզօր մտայղացում է, աշխարհին հոգեւոր վերելք պէտք է: Մեծ պատիւ է մասնակցիլ այս մեկանախագիծին», ըսած է քանդակագործը:
Ան պիտի ըլլայ 22-րդ հեղինակը, որուն նախագիծը եւս պիտի դրուի քննարկման:
Սալաւաթ Շչերպաքովը նաեւ Հէյտար Ալիեւի` Պաքուի մէջ գտնուող արձանին հեղինակն է: