image

Հերթական «ողբերգակատակերգութիւն»ը Լիբանանի մէջ. Քաղաքացին յաջողած է «ազատագրել» իր գումարները (Տեսանիւթ)

 Հերթական «ողբերգակատակերգութիւն»ը Լիբանանի մէջ. Քաղաքացին յաջողած է «ազատագրել» իր գումարները (Տեսանիւթ)

Դրամատուներուն մէջ իրենց ճակտի քրտինքով գումարներ պահ դրած լիբանանցիներու տագնապը կը շարունակուի։

Խնդիրն այն է, որ երկիրը ծանր փուլի մը տարած տնտեսական համընդհանուր տագնապը ստեղծած է բարդ դրութիւն, որուն հետեւանքով ալ լիբանանեան դրամատուներ կը մերժեն կամ կը յետաձգեն քաղաքացիներու հաւաքած գումարները ետ վերադարձնել իրենց իրաւատէրերուն։

 Ու այս ծիրէն ներս արդէն քանիերրորդ անգամ քաղաքացիներ «բռնի ուժ»ի սպառնալիքով կը փորձեն դրամատուն ներխուժել եւ տիրանալ իրենց աւանդներուն։

 Այս ծիրէն ներս գրանցուած վերջին դէպքը եղած է ժամեր առաջ, Օմար Ահուար անունով քաղաքացի մը ներխուժած է «Պանք Մասր ուա Լուպնան» (Եգիպտ-լիբանանեան դրամատուն) Պէյրութի մասնաճիւղը եւ ստացած իր աւանդը։

Կը նշուի նաեւ, որ գումարը 6500 ամն տոլար էր եւ դրամին տիրանալէ ետք քաղաքացին ձերբակալուած է ապահովութեան ուժերուն կողմէ եւ քիչ անց ազատ արձակուած։

Մասնաւորապէս Դվիթեր հարթակին վրայ տարածուած են տեսանիւթեր, ուր քաղաքացին հպարտօրէն կը պատմէ եղածին մասին նշելով, որ «մարդ միայն կրնայ իր սեփական ուժերուն վստահելով լուծել իր խնդիրները»։

 Դէպք մը, որ ըստ երեւոյթին վերջինը կրնայ չըլլալ ստեղծելով մտահոգիչ պատկեր մը, առանց անոր ալ համընդհանուր փլուզման վտանգին դիմաց կանգնած Լիբանանի մէջ։