Լիբանանի դրամատնային համակարգի տագնապին առընթեր հերթական պատահարը գրանցուած է։
Ըստ կայքին Էտուար Ժալլատ անունով քաղաքացին (Միջին տարիքի) ինքնաշէն ռուբեր ունենալով ներխուժած է «Ալ մաուարէտ» դրամատան Անթիլիասի շրջանի մասնաճիւղ եւ սպառնալիքներ հնչեցնելով պահանջած է իր աւանդները։
Դրամատան մէջ ստեղծուած է տագնապալի վիճակ, որմէ ետք ալ պաշտօնեաները ստիպուած եղած են քաղաքացիին տալ իր գումարի հասնող դրամական աւանդը։
Կը նշուի նաեւ, որ քաղաքացիի կողքին եղած է անոր 13 տարեկան որդին։
Դրամատունէն ներս ստեղծուած վիճակին մասին յաւելեալ տեսնելու համար նայիլ տեսանիւթը։
Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի։
خاص جمعية صرخة المودعين من داخل بنك الموارد أنطلياس المودع أدغار عواد يحرر كامل وديعته البالغة 15000 دولار pic.twitter.com/8ajMZCL4PH
— جمعية صرخة المودعين (@sarkhitmoudiin) July 17, 2023