Հայրենի լրագրող-հարցազրուցավար՝ Ժիրայր Ոսկանեան, որ օրերս Մոսկուա մեկնած էր ախտորոշման համար վերադարձած է Երեւան։
Ոսկանեան, որ այս մասին յայտնած է դիմատետրի իր էջին ճամբով նաեւ ըսած է, որ լաւատես է, որ մօտալուտ ապագային պիտի կարողանայ վերջնական բուժում ստանալ։
Նշենք, որ Ժիրայր Ոսկանեանի մօտ անհասկնալի վիճակ մը ստեղծուած էր եւ ան անկարող եղած էր իր աշխատանքը շարունակել։
Ախտորոշման նպատակով ալ իր բարեկամներուն շնորհիւ ան մեկնած էր Մոսկուա ախտորոշման, ու նաեւ բուժում ստանալու համար։
Ոսկանեան իր պատրաստած տեսանիւթով նաեւ ըսած է, որ այս 8-րդ անգամն է է, որ ան մուտք կը գործէ հիւանդանոց առանց նշելու իր գտնուած վայրին անունը։