image

«Աղքատներու եւ կարիքաւորներու ծառայութիւնը».Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան

«Աղքատներու եւ կարիքաւորներու ծառայութիւնը».Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան

Երբ անձ մը կը փափաքի եկեղեցական ըլլալ, ան իր կարիքներէն ու պէտքերէն պարպուելով, կը նուիրուի իր նմանին ծառայելու նուիրական առաքելութեան, որպէսզի զանոնք Աստուծոյ արքայութեան հրաւիրէ:  'Սարկաւագութիւն' եւ կամ 'քահանայութիւն', նոյնիսկ իրենց բառացի իմաստներով, կը նշանակեն ծառայութիւն: Այս կ'ընթադրէ սիրող եւ հոգատար սիրտ մը ունենալ ի ծառայութիւն բոլորին :

 

 

Ս. Աւետարանին հիմնական պատգամներէն է ծառայութիւնը: Քրիստոս խօսելով իր առաքելութեան մասին ըսաւ՝ «Որդին մարդոյ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու համար» (Մտթ. 20:28)։

«Վասն զի անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք. մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք» ( Մտթ. 25:35-36):

Ս. Աւետարանին հիմնական պատգամներէն է ծառայութիւնը: Քրիստոս խօսելով իր առաքելութեան մասին ըսաւ՝ «Որդին մարդոյ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու համար» (Մտթ. 20:28)։ Ան ոչ միայն ծառայեց, այլ պատուիրեց իր աշակերտներուն, որ իր օրինակին հետեւին:  Յիսուս երկնքի արքայութիւնը խոստացաւ բարի ծառաներուն, ինչպէս Ս. Մատթէոս կը գրէ իր աւետարանի մէջ ըսելով՝ «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ՝ դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Մտթ. 25:21):

Երբ անձ մը կը փափաքի եկեղեցական ըլլալ, ան իր կարիքներէն ու պէտքերէն պարպուելով, կը նուիրուի իր նմանին ծառայելու նուիրական առաքելութեան, որպէսզի զանոնք Աստուծոյ արքայութեան հրաւիրէ:  'Սարկաւագութիւն' եւ կամ 'քահանայութիւն', նոյնիսկ իրենց բառացի իմաստներով, կը նշանակեն ծառայութիւն: Այս կ'ընթադրէ սիրող եւ հոգատար սիրտ մը ունենալ ի ծառայութիւն բոլորին :

Տնտեսական տագնապի վատթարացումով, կարիքաւորներու թիւը հետզհետէ կը բազմանայ: Յատկապէս միջին արեւելքի մէջ, ուր պատերազմներն ու նեղութիւնները անպակաս են: Եկեղեցին ի տես այս բոլորին, իր թեւերը սոթտած գործի լծուած է, իր կարելիութեան չափով հասնելու կարօտեալին եւ կարիքաւորին: Այս ինքնին շատ մը ատեններ եկեղեցականը շնչահեղձ կը դարձնէ, որովհետեւ կարիքները անհամար եւ բազմազան են: Անոր համար ան միշտ պէտքը ունի հաւատացեալներուն աղօթքներուն:

Ս. Ժան-Մարի Վիանին (Jean-Marie Vianney 8-5- 1786 –  4-8- 1859) ծխական քահանաներու հովանաւոր սուրբն է։ Ան, որպէս քահանայ,  ուղարկուեցաւ Ֆրանսիայի Արս (d'Ars-sur-Formans) անունով գիւղը, հոն ապրող ժողովրդին ծառայելու համար: Ան յայտնի էր իր ժողովրդապետութեան կողմէ, որպէս  սիրալիր, հոգատար  եւ աղքատներու ծառայող եկեղեցական մը: Սուրբին սէրը, նուիրումն ու աղքատներու ծառայութիւնը, առաջնորդեց իր ժողովուրդը, որպէսզի իր խօսքերը սրտբաց մտիկ ընեն: Մտաւորականներ եւ մեծանուն մարդիկ, հեռու տեղերէ կու գային զինք մտիկ ընելու եւ իր աղօթքներով աստուածային բուժում ստանալու:  Ի՞նչն էր, որ  գրաւեց ժողովրդին ուշադրութիւնը: Այդ խոնարհ քահանային հոգատարութիւնն ու աղքատներու ծառայութիւնն էր, որ կը բխէր անոր խոնարհ սրտէն. ինչ որ լսելի կը դարձնէր անոր խօսքերը:

Մարդիկ կը սիրեն ան քահանան, որ կը սիրէ  զիրենք եւ կը ծառայէ իրենց կարիքներուն: Յիսուսը փրկեց մեզ ինքզինք ամբողջովին տալով խաչի վրայ: Քահանան ալ, նման իր ուսուցիչին, ինքզինք պէտք է ամբողջովին տայ ծառայութեամբ , որպէսզի մարդոց Յիսուսի առաջնորդէ այս տառապալի աշխարհին մէջ:

Ո՜վ Ս. Ժան-Մարի Վիանի բարեխօսէ մեզի համար:

 

 Նիւթը՝   «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն