Իջեւան-Ղազախ հատուածին մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի 6-րդ հանդիպումը:
Տեղեկութիւնը յայտնած են փոխվարչապետի գրասենեակէն:
ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը նաեւ հերքած է հայկական կողմէն քարտէզներու տրամադրման մասին լուրերը։
Յիշեցնենք, որ նախորդ նմանատիպ հանդիպումը 2023-ի նոյեմբեր 30-ին էր, նոյն՝ Իջեւանի եւ Ղազախի հատուածին մէջ: