image

Հայկական կողմը կրակ չէ բացած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ․ ՀՀ ՊՆ

Հայկական կողմը կրակ չէ բացած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ․ ՀՀ ՊՆ

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական հերքումը տարածած է Ատրպէյճանի տարածած հաղորդագրութեան վերաբերեալ:

ՀՀ ՊՆ-ն կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ Յունիս 16-ի լոյս 17-ի գիշերը ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ` չի համապատասաներ իրականութեան:

Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: