image

Հայկ Մարութեան նոր ընտրութիւններու ակնարկեց

Հայկ Մարութեան նոր ընտրութիւններու ակնարկեց

«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութեան Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեանը դիմատետրեան ուղիղ եթերով յայտարարեց, որ իրենք պիտի չմասնակցին աւագանիի առաջին նիստին, քուորում չապահովելու համար։

«Մենք յայտարարում ենք, որ ներկայ չենք գտնուելու հոկտեմբերի 10-ի նիստին, որպէսզի չապահովուի քուորում, նիստը տապալուի, քաղաքապետ չընտրուի եւ գնանք նոր աւագանու ընտրութիւնների», նշած է Երեւանի նախկին քաղաքապետը։

Ան նաեւ յայտարարած է, որ մամուլէն տեղեկացած է՝ «Մայր Հայաստան» դաշինքը եւս պիտի չմասնակցի նիստին, որպէսզի քուորում չապահովէ, ուստի կը մնայ միայն «Հանրային ձայն» կուսակցութեան դիրքորոշումը։

«Եթէ «Հանրային ձայն» կուսակցութեան անգամ մէկ անդամը ներկայ լինի նիստին, նոյնիսկ եթէ չքուէրակի, ապա նիստը կը կայանայ եւ կ'ընտրուի իշխանական թեկնածուն։ Եթէ «Հանրային ձայն»-ը չգնայ նիստին, ապա այն չի ունենայ քուորում, չի կայանայ, քաղաքապետ չի ընտրուի եւ իշխանութիւնը չի վերարտադրուի քաղաքապետարանում»,-ըսած է Մարութեանը։