1.Բայ-երկբայ-աներկբայ
Հայերէնը ունի յ-ով վերջացող միավանկ բառերու երկու տարբեր խումբեր.
ա) բայ, գոյ, խոյ, կոյ, հոյ, ճայ, նայ, պայ, վայ գոյականները, որոնց յ տառը կ’արտասանուի:
բ) բայ, գայ, գոյ, լայ, կայ, տայ բայերը, որոնց յ տառը չ’արտասանուիր:
Արտասանական այս երկփեղկուածութիւնը տեղի ունեցած է 7−8-րդ դարերուն:
Այստեղ նկատառութեան արժանի են երկու զոյգեր՝ բայ եւ գոյ, որոնք, ուրեմն, թէ՛ գոյական են, թէ՛ բայ: Աւելցնենք, որ ասոնք աշխարհաբարի մէջ կորսնցուցած են իրենց բայական նշանակութիւնը, եւ կը գոյատեւեն միայն իբրեւ գոյական:
Բայ՝ յառաջացած է բալ բայէն, որ կը նշանակէ ըսել, խօսիլ. ան բոլորովին մաշած ու պակասաւոր հասած է 5-րդ դար, ուր ան կը պահէր իր երբեմնի ամբողջական յարացոյցէն փշրանքներ միայն.
բամ-բաս-բայ-բամք-բայք-բան
Գոյ՝ յառաջացած է գոլ բայէն, որ կը նշանակէ ապրիլ, գոյութիւն ունենալ. սա իր կարգին բաւական մաշած հասած է 5-րդ դար.
գոմ-գոս-գոյ-գոմք-գոյք-գոն
գոյր-գոյին...գուցէ-գուցեն
Երկուքն ալ իրենց բայական երբեմնի արժէքին կից ծնունդ տուած են նաեւ գոյականներու: Բամ՝ տուած է բայ եւ բան գոյականները: Իսկ գոմ՝ տուած է գոյ, որ գոյական ու ածական է միաժամանակ եւ որմէ՝ գոյք յոգնակի գոյականը:
Միւս կողմէ անոնք տուած են բազմաթիւ ածանցաւոր ու բարդ բառեր, որոնցմէ մեր քննարկութեան առարկան կը հանդիսանան երկբայ եւ աներկբայ ածականները. աւելի ճիշդը՝ ասոնց արտասանութիւնը:
* *
*
2. Գրաբարը ունէր, ուրեմն, երկբայ ածականը, որ կը նշանակէ կասկածելի, տարակուսական, անորոշ. սա զանազան զարգացումներով՝ երկբայական, երկբայաբար, երկբայօրէն, երկբայանալ եւ այլն, հասած է աշխարհաբար եւ իր վերջին արտասանուող յ-ով մտած է մեր բոլոր բառարաններուն մէջ...մինչեւ 1944[1].
Այս թուականէն անդին՝ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին, երկբայ անհետացած է արեւելահայ բառարաններէն: Ենթադրելի է, որ Եզրաբանական յանձնաժողովի կերած ապուրներէն մէկն է այս ալ: Չեմ մանրամասներ, մենք քանիցս անդրադարձած ենք այդ միջոցին տեղի ունեցած լեզուական խեղումներու[2]:
Երկբայ իր կարգին տուած է աներկբայ ածականը, որ կը նշանակէ ամէն տարակոյսէ, կասկածէ, երկւութենէ զերծ. պայծառ, յստակ, դիւրիմանալի եւ այլն: Այս ածականը եւս համահայկական է եւ կը գտնուի բոլոր բառարաններու մէջ:
Սակայն ի՞նչ արտասանութեամբ:
Մեր քննակումի կիզակէտը ահա այս բառին արասանութիւնն է:
* *
*
3. Ինչպէ՞ս արտասանել աներկբայ ածականը,− աներկբա՞յ, թէ՞ աներկբա (այսինքն՝ առանց վերջի յ-ի): Այլ խօսքով՝ վերը սերտուած զոյգ արտասանութիւններէն ո՞ր մէկուն տրամաբանօրէն կը յարի այս բառը՝ բայակա՞ն արտասանութեան, թէ՞ գոյականական:
Սկսինք արեւելահայերէնէն. Մալխասեան զայն կ’արտասանէ «աներկբա»՝ առանց բառավերջի յ հնչիւնին: Նոյն կերպ կ’արտասանեն միւս բառարանները՝ Էդ. Աղայեանն ու Ակադեմիայի քառահատորը: Այս ալ կը նշանակէ, թէ Արարատէն անդին բառս աներկբա է, ինչ որ կը զարմացնէ զիս, այո, իմ անձէս դուրս որեւէ մէկուն անունով չեմ կրնանր զարմանք արտայայտել: Քանզի ես համոզուած էի, որ ան կ’արտասանուի աներկբայ՝ բառավերջի յ-ով: Հիմա որ շատ կը կապուինք արեւելահայ բանաւոր ցանցերու, այստեղ ալ կը լսեմ նոյնը՝ աներկբա, եւ արդէն այս առիթով էր, որ գայթակղած, քանի մը անգամ նոյնը լսելէ ետք, դիմեցի բառարաններու օգնութեան, եւ ինչպէս ըսի արեւելահայ բոլոր բառարանները միահամուռ կը հաստատեն իրողութիւնը՝ աներկբա եւ ոչ թէ աներկբայ:
Եթէ Մալխասեան մեսրոպեան ուղղագրութեան թելադրանքով կը շարունակէ գրել,− մի՛այն գրել,− աներկբայ (բայց արտասանել աներկբա), ապա միւս երկուքը արդէն կը գրեն ըստ արտասանութեան, աբեղեանական ուղղագրութեամբ՝ աներկբա:
Քիչ մը առեղծուածային կացութիւն է այս. երբ Մալխասեան կ’ընդունի երկբայ արտասանութիւնը՝ յ-ով, ինչո՞ւ այդ արտասանութիւնը պիտի փոխուի աներկբայ-ի առթիւ:
Իսկ ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ արեւմտահայ իրականութեան մէջ՝ բառարաններու թէ կենդանի արտասանութեան տեսակէտէ:
* *
*
Ինչպէս ըսի, մերոնք բոլորը կը գրեն աներկբայ՝ հետեւողութեամբ մեսրոպեան ուղղագրութեան: Սակայն այստեղ ոչ մէկը նուազագոյն թելադրանքը կը կատարէ բառիս արտասանութեան մասին: Այլ խօաքով՝ մեր գրաւոր աղբիւրները չեն լուսաբաներ, թէ կ’արտասանենք աներկբա՞յ, թէ՞ աներկբա:
Անդին կը մնայ կենդանի արտասանութիւնը:
Ահա այս պարագային ալ, ինչպէս վերը ակնարկեցի, իմ համոզումովս՝ ան կ’արտասանուի աներկբայ՝ յ-ով: Եւ այս ՝ իմ համոզումս է, որ...բաւարար չէ:
Ուստի կը դիմեմ ընթերցողներուս, որ իւրաքանչիւրդ ձեր սեփական հետազօտութիւնը կատարէք եւ ինծի գրէք, թէ ինչպէ՞ս պէտք է արտասանել այս բառը: Կը խոստանամ յաջորդիւ հրատարակել արդիւնքները: Եւ...շնորհակալութիւն:
Յետագրութիւն
Մեր ընթերցողնրուն պիտի թելադրեմ, որ եթէ միջոցը ունին, իրենց կարգին կատարեն փոքրիկ քննութիւն մը՝ հարցնելով իրենց շրջապատին, թէ ինչպէ՛ս կ’արտասանեն աներկբայ բառը, եւ արդիւնքը ղրկեն ինծի, որպէսզի կարենամ աւելի ճոխ վիճակագրութիւն մը կազմել ու հրամցնել մեր ընթերցողներուն: Շնորհակալութի՛ւն:
Մրցոյթ 29.
***Տղամարդը կը ցանկայ ըլլալ կնոջ առաջին սէրը, մինչ... (լրացո՛ւր ասոյթը):
---Տղամարդը կը ցանկայ ըլլալ կնոջ առաջին սէրը, մինչ կինը կը ցանկայ ըլլալ տղամարդուն վերջին սէրը (Oscar Wilde):
***Հետեւեալներուն մէջ կայ գոնէ մէկական բառ, որ իր տեղը չէ:
---Ձեռնհասօրէն ցուցասրահէ-ցուցասրահ անցնելով ան կը մեկնաբանէր պատմական արժէք ներկայացնող իրերը:
Ցուցասրահէ-ցուցասրահ անցնելով՝ ան ձեռնհասօրէն կը մեկնաբանէր պատմական...
---Միաժամանակ այս թարգմանութիւնները ընելով՝ ան կը խորանար հին լեզուներու իմացութեան մէջ:
Այս թարգմանութիւնները ընելով՝ ան միաժամանակ կը խորանար հին...
---Բարեբախտաբար ազգային առաջնահերթութիւն ներկայացնող այդ հարցերը ճիշդ ժամանակին մատնանշուեցան:
Ազգային առաջմահերթութիւն ներկայացնող այդ հարցերը բարեբախաբար ճիշդ ժամանակին մատնանշուեցան:
---Ըստ ամենայնի մեր քաղաքացիական իրաւունքները այդ դժուար օրերուն բարեխղճօրէն կը յարգուէին:
Մեր քաղաքացիական իրաւունքները այդ դժուար օրերուն ըստ ամենայնի բարեխղճօրէն կը յարգուէին:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (10), Ալին Գոճակէoզեան (10), Գէորգ Եազըճեան (10), Ցոլակ Ապտալեան (7), Մանուէլ Ֆարաճեան (10), Դանիէլ Թիւֆենքճեան(10), Վահէ Աբէլեան(9), Գրիգոր Սիմոնեան (9), Համո Ապտալեան (10), Պերճ Տէր Սահակեան (9), Եփրեմ Թոքճեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (8), Համբարձում Յարթունեան (10):
Մրցոյթ 30.
Արգիլել բայը ընդհանրապէս սխալ տնտեսուած է մեր մէջ: Բերուած օրինակմներէն իւրաքանչիւրը կը կրէ երկուքական սխալ: Ուրեմն գտնել զանոնք ու նորովի շարադրել:
---Իմ ամբողջ գուրգուրանքը, յարգանքը… զիս չեն կրնար արգիլել արտայայտելու իմ խորունկ ցաւը... (Յակոբ Օշական, «Սփիւռքը եւ իրաւ բանաստեղծութիւնը»):
---Վախկոտութիւնը զինքը արգիլեց շուկայ երթալէ» (Օշական, «Խոնարհները», էջ 207):
---Բայց այս չ'արգիլեր մեզ յայտարարելէ, ինչ որ մեր խիղճին վրայ ճշմարիտ կը հաւատանք (Գրիգոր Զոհրապ, «Կնոջ իրաւունքները»):
---Ան չէր կրցած ինքզինք արգիլել անդիմադրելի ցաւ մը զգալէ (Ռոպեր Հատտէճեան, «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ», Բ., էջ 63):
---Ուրեմն, ի՞նչ կ’արգիլէ մեզ լիարժէք ընդառաջելու այդ նախաձեռնութեանց (Գեղարդ կայք, 10-8-21):
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
[1] Մալխասեան ունի երկբայ՝ բառավերջի արտասանուող յ-ով:
[2] Արեւմտահայ բոլոր բառարանագիրները ունին երկբայ՝ բացի Գնէլ արք. Ճերեճեանէն, որ առաջնորդուած է արեւելահայ բառարաններով: