image

Հայերէնը կը զուարճանայ (187)

Հայերէնը կը զուարճանայ (187)

Պօղոս Գուբելեան «կ’երգիծէ»

«Հայրենիք», 19/8/2024

***Քամալա Հերիսին  ցուցանիշները գլեցին անցան...

--Քամալա  Հերիսի    ցուցանիշերը   գլեցին-անցան:

  ***Քամալա Հերիսին  ցուցանիշները գլեցին անցան, հանրապետական  նախագահին աղիւսակը:

--Գլեցին-անցան՝ գծիկով կը միանան:  Որմէ ետք ստորակէտը սխալ է:

*** 82 ամեայ   մեր սիրելի նախագահը...

-- 82-ամեայ...

***Զարմանք պատճառեց  բարեկամ ու հակառակորդ շրջանակներու մօտ:

--Հայերէնը զարմանք կը պատճառէ մէկո՛ւն՝ առա՛նց մօտ-ի:

***Ամուր կառչած ըլլալ կը թուար

--Արեւմտահայերէնը կը թուի-կը թուէր:

***«Ութսունէն Վե՛ր Աթոռէն Վար» խորագիրով  գրութիւնս...

-- «Ութսունէն վե՛ր, աթոռէն վա՛ր»:  

Վեր -ին պէս պէտք է շեշտուէր վար-ն ալ: 

***Այո   նկատի ունիմ 88 ամեայ   նորին սրբութիւն Հռոմի պապը...

-- Այո՛, նկատի ունիմ 88-ամեայ  Նորին սրբութիւն Հռոմի պապը... 

Ծանօթ.—  Երջանիկ զուգադիպութեամբ մը՝  հեղինակն ու պապը... տարեկից են: 

Անոնք լոյս աշխարհ եկած են յամի Տեառն 1936-ին:

***Որուն անհուն կերպով կը համակրիմ:

-- Որուն անհունօրէն կը համակրիմ:

                                                                       *   *  *

Այստեղ հեղինակը պահ մը կանգ կ’առնէ՝ ինքզինք   համեստօրէն ներկայաց-նելու անտեղեակ  ընթերցողին. յատուկ ուշադրութեան արժանի են լուծած եւ պաշտպանած բառերը՝ ճիշդ ըմբռնելու համար հեղինակին տարողութիւնը:

«Առանց մեծամտանալու յայտնեմ, թէ Պայտընի հրաժարականը հայ մամուլին մէջ յառաջացնող հրապարակագիրն եմ...  եւ  դեռ... Ափրիկէ 20 տարի կեցութեանս, երկրին հանրածանօթ, հռչակաւոր նախագահներու հետ սեղան  նստած, հաց կիսած, քաղաքական հարցեր լուծած ու Հայ Դատ պաշտպանած  եմ երկար տարիներ» ... 

***Հայտէ  Քամալա   ջան մեզ ամօթով մի հաներ, — պիտի ըսէի...

--Հայտէ՛, Քամալա՛ ջան, մեզ ամօթով մի՛ հաներ,— պիտի ըսէի...

***Մոռցէ՜ք,  պիտի չի հրաժարի՜մ...

-- Մոռցէ՜ք,  պիտի չհրաժարիմ...

***Տղայ ջա՜ն, գնա  ուրիշ մէկը գտիր վրան խնթալիք: 80 էն վեր եմ եղեր...

-- Տղա՜յ ջան, գնա՛ ուրիշ մէկը գտիր վրան խնդալիք: 80-էն վեր եմ եղեր...

***Մայր տաճարի մուտքին «Հայր Մեր» մը եւ «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթք-ները կատարելէ ետք, պահակի մը հետ լռելայն, Փրանկիսկոս Պապին առանձնարանը այցելել...

-- Մայր տաճարի մուտքին  «Հայր   մեր»   մը եւ «Ողջո՜յն քեզ, Մարիամ» աղօթք-ները կատարելէ ետք պահակի մը հետ լռելեան Փրանկիսկոս Պապին առանձնարանը այցելել...

***Արդէն Հռոմի պապը տեղակ   պահուած էր...

-- Արդէն Հռոմի պապը տեղեակ պահուած էր...

                                                                           *  *  *

Հեղինակը երկրորդ ընդմիջումով մը եւ  համեստօրէն կ’իրազեկէ ընթերցողը այն բոլոր հանգամանքներուն, որոնց կրողն է ինք. յատկապէս կաթողիկէ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան եւ... Կիլիկիոյ թեմի կաթողիկոսին, որ իր գիրքերուն առաջին ընթերցողը կ’ըլլար... 

Այս բոլորը՝ ի պատրաստութիւն այն   առաքելական այցելութեան, որ ան կը ծրագրէ տալ ուրիշ «80-է վեր»-ի մը, որ Հռոմի պապն է եւ անոր թեթադրելու, որ... ժամանակն է «աթոռէն վա՛ր» իջնելու:

Այս սրբազան առաքելութեամբ ալ ան կ’ուղղուի Վատիկան, ուրկէ ուր՝ Հայաստանի վարչապետին անձնական  սաւառնակով:

«Կաթողիկէ կրթութիւնս ու անձնական ծանօթութիւններս հայ եկեղեցական պետերու, ինչպիսին՝ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի, հայ կաթողիկէ Գասպարեան եւ Մինասեան պատրիարք կաթողիկոսներուն եւ մասնաւորապէս՝ Կիլիկիոյ թեմէն՝ Խորէն կաթողիկոսին, որ առաջինը կ’ըլլար նոր հատորներս ընթերցողը, բոլոր այդ իրողութիւնները, իրենց կարգին, մասամբ մը պիտի թիւրացնէին Ֆրանսիսկոս պապին հետ մեր հանդիպումը»:

Եւ իրօք ալ այդ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ... եւ Քահանայապետը, համակերպ ու գոհունակ միաժամանակ՝   խոնարհաբար կ’առաջարկէ հայ պատգա-մաբերին, որ միասնաբար լուծեն  հարցը.

«Կ’ընդունիմ, ծանր բեռ է... ատոր համար ալ նախքան հրաժարականս՝ աթոռին յարմար թեկնածու մը փնտռենք...»:

***Եկեղեցիներու միութեան մասին խօսք չի բացինք:   

--Եկեղեցիներու միութեան մասին խօսք չբացինք:  

                                                                 ***                                                            

Արդեօք յարմար թեկնածու մը գտա՞ն Հռոմի աթոռին: 

Միւս կողմէ՝  ինչո՞ւ եկեղեցիները միացնելու այսքան լաւ առիթ մը փախցուցած է հեղինակը,— գաղտնիք մըն է գոնէ առ այժմ:

 

Մրցոյթ 184.

***Յարմար շաղկապ մը դի՛ր կէտերուն տեղ:

---Արա որոշած էր մասնակցիլ մրցոյթին, թէկուզ տարիքը չթոյլատրէր  այդ:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը.

---Իրանին կոչ կ’ուղղենք՝ ետդարձ կատարելու Իսրայէլի վրայ յարձակելու իր շարունակուող սպառնալիքներէն:

ետդարձ կատարելու:

---Հունգարիոյ վարչապետը գործնապէս  կ’աջակցի այդ արշաւին:

***Ի՞նչ հոլով կու տաս  երկրորդ  քաղաքացի բառին:

---Թոյլատրելի չէ քաղաքացի մը գերադասել այլ քաղաքացիէ մը:

***Գտի՛ր ու ջնջէ՛ աւելորդ բառը:

---Զինք դրի ելեկտրականութեան տագնապի  (արձանագրած) վերջին  զար-

գացումներու մթնոլորտին մէջ:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Փասքալ Կոպէլ (6), Ցոլակ Ապտալեան (4), Գեղամ Խաչատրեան (7), Համբարձում Յարթունեան (7),Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (4):

Մրցոյթ 185.

***Գտի՛ր քերականական սպրդած սխալը ու սրբագրէ՛ զայն:

---Պայրամով այսօր կը հասնի Անքարա, ուր Ֆիտանի հետ կը քննարկեն  խաղաղութեան պայմանագիրը:

***Հետեւեալներուն մէջ մէկական  բառ  փոխարինումի կը կարօտի.

---Բազմաթիւ անօդաչու սարքեր անվրէպ ուղղուեցան իրենց թիրախներուն վրայ:

---Այդ ձերբակալումը տեղի ունեցաւ դատարանի մէկ որոշումին շրջագիծով:

***Ո՞ր բառերը կրնանք ազատօրէն ջնջել հետեւեալներուն մէջ:

---Պտղատու ծառերը կը կտրեն, որովհետեւ բերքը քաղելն իսկ բազմա-ծախս աշխատանք մըն է:

---Լիբանանի հետ սահմանային շրջանի բախումներուն հետեւանքով  մահացած է զինուոր մը:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com