image

Հայերէնը կը զուարճանայ (173)

Հայերէնը կը զուարճանայ (173)

   1. Ամէն շաբաթ  գոհունակութեամբ, այլեւ հիացումով  ու մէկ շունչով կը կարդամ «Ազդակ»-ի «Մանկապատանեկան էջ»-ը, որ մեծ ձեռնհասութեամբ կը պատրաստէ Շողիկ Տէր Ղուկասեանը: Եւ միշտ ալ զարմանքով կը հաստատեմ, թէ աշխարհի մէջ կան եղեր որքա՜՜՜ն  բաներ, որ ես անգիտացած եմ, եւ հիմա երախտագիտութեամբ վերահասու կ’ըլլամ անոնց: Ոչ միայն այսպիսիները. կան տակաւին մտային հաճելի զբօսանք հանդիսացող խաղերը, որոնց կը մասնակցիմ... իմովսանն, վասնզի բոլորին չեմ յաջողիր հասնիլ ու պատասխանել:

Իր վճիտ հայերէնով, շինիչ տեղեկութիւններով ու խաղերով այս էջը, զուգադրելով օգտակարն ու հաճելին, դաստիարակած է ու կը շարունակէ դաստիարակել բազմաթիւ սերունդներ: 

Գրիչը դալար, վարձքը կատար:

                                                                    *   *   *

Այս խորապատկերին վրայ  կը յառաջանայ զարմանքս ի տես 28/10/23-ի թիւին մէջ սպրդած թերիներուն, որ կը մատնանշեմ՝ մաղթելով անոնց  սրբագրումը:

--Սխալ թիւեր՝ 1.9  ---  1.5  ---  0.3  ---  3.8   

Ճիշդը՝                1,9        1,5         0,3        3,8      

-- Թուացող

Ճիշդը՝ թուող... թուիլ-թուած-թուող

--Անոնց հանդարտեցնելու համար

Ճիշդը՝  զանոնք հանդարտեցնելու համար. զանոնք՝ հայցական հոլով ուղիղ խնդիր հանդարտեցնելու ներգործական բային:

--Կը  հագուէին մորթերով շինուած տարազներ:

Կը հագուէին  բայը չէզոք է եւ ուղիղ խնդիր չ’առներ. պէտք է ըսել՝ «կը հագնէին մորթերով շինուած տարազներ»:

Միւս կողմէ՝ անտեղի է յոգնակի կիրարկել մորթերով. կը բաւէ ըսել՝ «մորթով կամ մորթէ շինուած հագուստներ»:

--Շաքարեղէններու ընկերութիւնները սկսան...

Յոգնակիի ահաւոր մսխում մը կայ «Ազդակ»-ի մէջ, որ վարակիչ է.  անկէ վարակուած է այս էջը շարադրողը եւս. կը բաւէ ըսել «շաքարեղէնի ընկերութիւնները», ուր շաքարեղէն կը նշանակէ շաքարով  պատրաստուած  տեսակաւոր  քաղցրաւենիք:

--Այս երկիրներէն եկող գաղթականներն են, որոնք այս սովորութիւնը բերին:

Որոնք բառը յարաբերական դերանուն չէ, հեետեւաբար ան չի համաձայնիր գաղթականներ-ու թիւով, յոգնակի չի դրուիր:

Հայերէնը ունի «է որ» սաստկացուցիչը, որ կը ծառայէ շեշտելու նախադասութեան որեւէ մէկ բառը, անդամը.    

---ե՛ս եմ որ ըսի:

---անոնք այսօ՛ր է որ մեկնեցան:

---ծառերը գարնա՛ն է որ կը յօտեն:

---ան իր հարազատնե՛րն է որ կը մտածէ:

Պատկերացուցէք, որ վերջին օրինակին մէջ յանկարծ որոնք գրէինք՝ հետեւելով հարազատներն  երեւակայական յարաբերեալին:

Նկատել նաեւ, որ  «որ»-էն առաջ որեւէ  ստորակէտ չդրինք ու պէտք չէ դնենք:

Եթէ քիչ մը ժամանակ տրամադրուի, ապա  կարելի է ըմբռնել այս կառոյցը, որ քիչ մը... անսովոր է:  Ի մտի ունենալ, որ այսպիսիները միշտ շեշտուած են, քերականական շեշտը դնենք կամ ոչ: Այդ շեշտով ալ ճանաչելի են:

2. Նոյն  թիւի 3-րդ էջի հաղորդագրութեան մէջ  կը կարդանք.

-- պատանիներուն մօտ յաւելեալ հետաքրքրութիւն աւելցնելու...

Հետաքրքրութիւնը պատանիի մօտ չէ որ կ’աւելնայ, այլ պատանիին մէ՛ջը:

--դասեր պիտի շարունակուին տեղադրուիլ մինչեւ յունուար...

Շարունակուիլ կրաւորական բայը իր քովը ուրիշ բայ չ’ընդունիր, յատկապէս ուրիշ կրաւորական մը: 

Պէտք է ըսել՝«կը շարունակեն տեղադրուիլ»: 

Այս կառոյցէն մեր մամուլը չի յաջողիր ձերբազատիլ եւ ձերբազատել ընթերցողն ալ:

3. 1 նոյեմբեր 2023-ի թիւին մէջ կը կարդանք.

--Ռըքոնքուեթ (երկու անգամ), որ ենթադրուած է ըլլալ ֆրանսերէն reconquête բառին տառադարձութիւնը: Ան կը նշանակէ «վերագրաւում» եւ կ’արտասանուի ռըքոնքեթ:

Կարելի չէ ենթադրել, թէ «Ազդակ»-ի բազմանդամ անձնակազմին մէջ մէկ հատիկ ֆրանսերէն կարդացող չի գտնուիր: Վստա՛հաբար կը գտնուի: Միայն թէ էջը շարադրողը պարտի զայն գտնել եւ ունենալ անոր դիմելու բարեխղճութիւնը:

--Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացող Ազրպեյճանը կը ցանկայ բնաջնջել հայերը:

Այս մանուածապատ ու ծեքծեքուն հայերէնին փոխարէն կարելի չէ՞ մեր նախնեաց բիւրեղի պէս մաքուր ոճով ըսել. 

--«Թուրքիոյ  աջակցութիւնը ստացող Ազրպեյճանը...»:

4. Հետզհետէ կը բազմանան  ենթակայ-ստորոգիչ թուային անհամաձայնութ-եան օրինակները. ահաւասիկ՝

--Քննարկուած են...հարցերու լայն շրջանակ (անդ, էջ1):

Ուր՝ շրջանակ ենթական եզակի է, քննարկուած են՝ յոգնակի:

--Ցուցարարներու խումբ մը ներխուժած են... (անդ, էջ 8):

Ուր՝ խումբ ենթկան եզակի է, ներխուժած են՝ յոգնակի:

Ու  տակաւին՝ 

--Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ տարակարծութիւններ ունինք... բայց եւ այնպէս, մենք տակաւին զանոնք կը նկատենք  արդիւնաւէտ եւ օգտակար  եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ անոնց հետ  (անդ, էջ 1-2):  

Զանոնք-ը եւ անոնց-ը յոգնակի են եւ կը վերաբերին ղեկավարութեան,  որ... եզակի է: Այլ խօսքով՝ պարտինք գրել՝ զայն եւ անոր:

Մրցոյթ 170.

***Լրացնել ասոյթը.

---Մարդ միշտ պարտի սիրել, ահա թէ ինչու  պէտք չէ   ամուսնանայ (Օսկար Ուայլդ):

***Փոխարինէ՛ սխալ գործածուած բառերը.

---Ան Ռուսիան մեղադրեց Հայաստանի դէմ սպառնալիքի եւ ապատեղեկա-տւութեան արշաւ կազմակերպելու մէջ:

---Միջեկեղեցական  հանդիպումներուն բազում (բազմաթիւ) առիթներով յայտնած ենք մեր մտահոգութիւնները:

Նաեւ՝ «բազմիցս յայտնած ենք»:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը.

---Ան անդրադարձաւ գործողութիւններուն ոստիկանութեան, որ բերման ենթարկեց փողոց փակած քաղաքացիները:

***Սրբագրէ՛ հետեւեալին մէջ առկայ առոգանական  սխալ մը.

---Մեր յարաբերութիւններուն մէջ դառնացած եւ դաւաճանուած զգացա՞ծ ենք կարծեցեալ բարեկամներէ:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (5), Գեղամ Խաչատրեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (4), Համբարձում Յարթունեան (3)

Մրցոյթ 171.

***Վերաշարադասէ հետեւեալը.

---Մշակութային քաղցը Մասիսի երիտասարդները ստիպուած են յագեցնել Երեւանի մէջ:

***Կէտերը փոխարինէ հետեւեալներէն մէկով՝  

զարմացնէկրթէյաղթէ, ուրախացնէ.

---Մի՛շտ ներէ թշնամիներուդ. ոչինչ զիրենք  պիտի այնքան. . . . . . . . . .:

            ***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը.

             ---Պատգամաւորին եւ անոր կնոջ մեղադրանք առաջադրուած է 600.000 դոլար կաշառք ստանալու համար:

***Ինչպէ՞ս կը թօթափես հետեւեալին  կրկնաբանութիւնը.

---Այսօրուընէ սկսեալ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը պիտի սկսի  առաւօտեան ժամը 5-էն սկսեալ: 

***Ջնջէ՛ հետեւեալին երեք աւելորդ բառերը.

---Մարդոց մեծամասնութեան համար անոնց առաջին յիշատակները կ’արձանագրուին մօտաւորապէս երեք տարեկանին շուրջ:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com