1. Կրկին... ներառեալ
Պիտի ըսէք՝ «եղբա՛յր, յոգնեցա՛նք այս ներառեալ կոչեցեալ փորձանքէն»:
Ես ալ յոգնեցայ, սակայն կան, որ չեն յոգնած եւ վերանորոգ թափով կը կառչին անոր աղաւաղ կիրարկութեան. այդպիսիներէն է «Ասպարէզ»-ը, որ, իր դիրքերուն ետին ամուր կանգնած, տեղի տալու ոչ մէկ նշան կը ցուցանէ. հրամեր էք՝ տաքը-տաքին.
--«Ռուսիան կը փորձէ ապակայունացնել իրավիճակը յետխորհրդային այլ տարածքներու մէջ, ներառեալ` Հարաւային Կովկասի» (23/4/2024):
Ուր պարտէինք գրել՝ ներառեալ Կովկասը, որ կը նշանակէ... «ներառելով Կովկասը»:
«Ասպարէզ»-ը ամերիկահայերէնի ապակայունացման դէմ կը պայքարի ծապլվարեան անխոնջ ոգիով:
2. Շփոթ կառոյց
Կարդանք հետեւեալը եւ փորդձենք գուշակել անոր միտքը.
--«ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը որդեգրեց Իսրայէլին զէնք արտածելը արգիլող որոշում մը» («Ազդակ», 6/4/24, էջ 2):
Տրուած է զէնքի արտածումը արգիլող որոշում մը. այսքանը յստակ է՝ գրողին եւ ընթերցողին, եւ ամենայն չափու հասակի ծերոց եւ տղայոց:
Սակայն նոյնքան յստակ չէ, թէ այդ արգելքը ուղղուած է որո՞ւ:
Այլ խօսքով՝ Իսրայէլը այդ արգելքը կրո՞ղն է եւ այլեւս զէնք պիտի չստանա՞յ ուրիշէն, թէ՞ իրեն՝ Իսրայէլին կ’արգիլուի իր զէնքը արտածել ուրիշին:
Այս հարցականին լոյսին տակ վերընթերցելով օրինակը՝ պիտի անդրադառնաք, թէ իրօք ալ ան հաւասարապէս կը նշանակէ թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը. որոնք, սակայն, իրարու բոլորովին հակառակ միտքեր են:
Բերուած նախադասութեան շփոթին պատճառը Իսրայէլին գոյականի հոլովին անորոշութիւնն է, քանի որ ան հաւասարապէս թէ՛ սեռական է, թէ՛ տրական է ամէն գոյականի պէս:
Այս հոլովներէն իւրաքանչիւրը բերուած նախադասութեան կու տայ տարբեր իմաստ մը, տարբեր մեկնաբանութիւն մը:
Այս իրողութեան անդրադառնալու համար՝ Իսրայէլին-ը փոխարինենք դերանունով մը, որուն սեռականն ու տրականը տարբեր են. օրինակ՝ իմ եւ ինծի:
ա) «ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը որդեգրեց իմ զէնք արտածելս արգիլող որոշում մը»: Այլ խօսքով՝ ես չեմ կրնար զէնք արտածել ուրիշին:
բ) «ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը որդեգրեց ինծի զէնք արտածելը արգիլող որոշում մը»: Այլ խօսքով՝ ուրիշը չի կրնար զէնք արտածել ինծի:
Կը նկատէ՞ք, թէ ինչպէս յստակացաւ, պայծառացաւ դրուած արգելքին հասցէն: Այսինքն՝
--Եթէ Իսրայէլին-ը սեռական հոլով նկատենք, ապա զէնք արտածելու արգելքը կրողը կը դառնայ ինքը՝ Իսրայէլը: Իսրայէլ զէնք չի կրնար արտածել:
--Եթէ Իսրայլին-ը նկատենք տրական հոլով, ապա Իսրայէլին՝ իրեն կ’արգիլուի զէնք ընդունիլ: Իսրայէլ չի կրնար զէնք ներածել:
Ո՞ւր է լուծումը:
Հայերէնի բոլոր գոյականներու սեռականն ու տրականը նոյնն են առանց դոյզն բացառութեան, գոնէ արեւմտահայերէնի մէջ. ուրեմն քննուող օրինակին կաղապարը ունեցող նախադասութեամբ մենք անկարող պիտի ըլլանք յստակ միտք մը արտայայտել. ուստի պիտի հրաժարինք հոլովի ապաւինելէ ու փնտռենք խօսքի այլ կաղապարներ:
Առաջին միտքը կրնանք արտայայտել սապէս. «ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը որդեգրեց դէպի Իսրայէլ զէնքի արտածումը արգիլող որոշում մը»:
Երկրորդ միտքը կրնանք արտայայտել այսպէս. «ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուդը որդեգրեց Իսրայէլին զէնքի ներածումը արգիլող որոշում մը»:
Ուր այլեւս ամէն շփոթ փարատեցաւ:
Փութամ աւելցնել, թէ կարելի է ի գործ դնել լեզուական այլ միջոցներ եւս:
3. Լափալիսեան ճշմարտութիւն մը, որ է նաեւ...լեզուական թնճուկ մը
--Որեւէ խօսող իր միտքերը կ’արտայայտէ:
--Ամէն խօսող իր միտքերը կ’արտայայտէ:
--Բոլոր խօսողները իրենց միտքերը կ’արտայայտեն:
* * *
Բերուած երեք նախադասութիւնները կ’ըսեն նո՛յն բանը, որ յայտնի ու ծանօթ է ամէն հայերէն գիտցողի. դուրսը բացառութիւն չէ ձգուած, ամէն մէկը իւրովի կ’ընդգրկէ խօսօղներու ամբողջութիւնը՝ առանց բացառութեան:
Հիմա այս նոյն նախադասութիւնները դարձնենք ժխտական.
--Որեւէ խօսող իր միտքերը չ’արտայայտեր:
--Ամէն խօսող իր միտքերը չ’արտայայտեր:
--Բոլոր խօսողները իրենց միտքերը չեն արտայայտեր:
Եւ ահա կացութիւնը փոխուեցաւ:
Առաջինը կը շարունակէ ընդգրկել (չ)խօսողներու ամբողջութիւնը:
Սակայն երկրորդն ու երրորդը չեն ընդգրկեր (չ)խօսողներու ամբողջութիւնը, այլ... անոնց մէ՛կ մասը միայն:
Ամէն հայերէն գիտցող իսկոյն կը հասկնայ, որ այս երկու վերջին նախադասութիւնները կը ժխտեն խօսողներու միայն մէկ մասը. այլ խօսքով՝ ըստ այս երկու նախադասութիւններուն՝ խօսողներուն մէկ մասը կ’արտայայտէ իր միտքերը, միւս մասը չ’արտայայտեր իր միտքեը:
Զարմանալի է, չէ՞:
Իսկ ինչո՞ւ այսպէս է:
Ես ալ չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ այսպէս է:
Ա՛յս է մեր լեզուն. կը մնայ ուշադիր ըլլալ ու ծուղակը չիյնալ:
Մրցոյթ 166.
***Կէտերը փոխարինէ գտնել կամ հնարել բայերէն մէկով:
---Քոլոմպոս գտաւ Ամերիկան:
Ամերիկացիք հնարեցին հիւլէական ռումբը:
Մեսրոպ Մաշտոց հնարեց հայոց գիրերը:
Չինացիք հնարեցին վառօդը:
***Կէտերուն տեղ դի՛ր է կամ են:
---Վեդիի բնակիչներուն հիմնական զբաղումը հողագործութիւնն ու անաս-նապահութիւնն է:
***Փորձէ՛ լեզուական այս գոհարը գրել առանց երեք մէջ-երուն:
---Կազայի զինադադարը հաստատելու միտող Գահիրէի բանակցութիւն-ները որոշակի յառաջընթաց արձանագրած են:
***Ինչպէ՞ս կը վերաշարադասես հետեւեալները.
---Մեր նպատակն է այս կացութեան ոչ թէ սրումը, այլ անոր օր առաջ մեղմացումը:
---Նախ տիրանանք մեր տարրական իրաւունքներուն, ապա դարման բերենք համամարդկային մտահոգութիւններուն:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Ցոլակ Ապտալեան (6,5), Գէորգ Եազըճեան (8,5), Գեղամ Խաչատրեան (8), Համբարձում Յարթունեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (6,5), Պերճ Տէր Սահակեան (8,5), Վահէ Աբէլեան (7):
Մրցոյթ 167.
***Կէտադրական ի՞նչ նշանով կ’օժտես հաշմանդամ ածականը՝ ստորակէտ, միջակէտ, բութ:
---Հաշմանդամ. . . . . . երկու ոտքով կաղացող տղամարդ մըն էր:
***Գրէ՛ հետեւեալը՝ ջնջելով երկու աւելորդ բառ եւ մէկ յօդ:
---Հայաստանը պատասխանած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին վերաբերեալ ատրպէյճանական կողմի վերջին առաջարկներուն:
***Կէտերը փոխարինէ ոչ միայն, ոչ թէ, այլ, այլեւ շաղկապներէն երկուքով:
---Մենք իրմէ . . . . . . . . . պերճանք կ’ակնկալէինք, . . . . . . . .ամէնօրեայ չոր հացի մատակարարումը միայն:
***Վերաշարադրէ՛ լեզուական հետեւեալ գոհարը՝ խուսափելով կրկնաբա-նութենէ.
---Շրջանը կը գտնուի բռնկելու վտանգին տակ գտնուող տակառի մը պատկերը յիշեցնող սպառնալիքի տակ» («Ազդակ», 20/4/2024, էջ 2):
***Հետեւեալին մէջ սպրդած է սխալ բառ մը. գտնել ու փոխարինել զայն.
---Արցախ անընդունելի նկատած էր Ատրպեյճանի՝ զինք անտեսելու եւ բանակցութեան մաս չկազմելու իրականութիւնը:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com