--Հայրի՛կ, գող մը բռնեցի,-- ձայն կու տայ անփորձ տղեկը:
--Ձգէ՛, թող երթայ,-- կը թելադրէ իմաստուն հայրը:
--Ես կը ձգեմ, ինք չ’երթար կոր,-- կը հակադարձէ տղեկը:
Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ ամենավտանգաւորը՝ գողին երթալ չուզող տեսակն է:
* * *
Ահա այսքան ատեն է կը ջանամ ա՛լ օձիքս ազատել «Ազդակ»-ի մագիլներէն, որովհետեւ աշխարհի չորս կողմէն կը խնդրեն, կ’աղաչեն, գլուխս կը տանին, որ «քիչ մըն ալ իրենցմով զբաղիմ», իրենց մասին մտածեմ, իրենց բարօրութեան հոգամ:
--Ի՞նչ է, «Ազդակ»-ը վերի արտի ցորե՞՞՞նն է,-- հարցնողներ չեն պակսիր:
--Մե՛նք ալ հայ ենք,-- յիշեցնողներ կ’ըլլան:
--«Այո՜,-- կ’ըսեմ, բոլորդ ալ հայ էք, սակայն ոմանք քիչ մը աւելի հայ են քան միւսները»,-- եւ «Ազդակ»-ը այս վերջիններէն է:
Տասնամեակներ ծառայեր եմ անոր, հիմա ինչպէ՞ս ձգեմ այս անմխիթար վիճակին մէջ, որ օր ըստ օրէ աւելի կը վատթարանայ եւ ապաքինման ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ:
Եւ յետոյ...
«Եթէ մէկ ոչխարդ կորսուած է, միւս ինիսունինն պիտի ձգես ու այդ մէկ հատին ետեւէն երթաս, մինչեւ որ գտնես զայն»,-- կը թելադրէ Ուսուցչապետը, եւ ես՝ եռախոնարհ աշակերտս պարտիմ հետեւիլ անոր թելադրանքին:
Ու փնտռել այդ մէկ կորուսեալը:
Որպէսզի երկինք եւ երկիր ցնծան անոր երանելի դարձով «ի հարազատ տուն իւր»:
Պայմանաւ որ ուզեն վերադառնալ, ինչ որ առայժմ շատ... կասկածելի կը թուի:
* * *
--«Ուքրանիոյ նախագահը... շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ներառեալ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 13-րդ թղթածրարը հաստատելու համար» (24/2/2024, էջ 1):
Հայերէ՞ն է այս...
Ո՛չ, հայերէն չէ, այլ հայերէն բառերու անմիտ կուտակում մըն է, լղրճուկ մը, որուն «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը միայն կրնայ ծնունդ տալ՝ մենաշնորհեալի իրաւունքով:
Այդ անմտութիւնը հետեւանք է ներարեալ դերբային, որ կը նշանակէ «ներառելով», այսինքն՝ մէջը առնելով, մէջը ունենալով: Հիմա ներառեալ գրաբարեան ձեւը փոխարինենք ներառելով աշխարհաբարեան ձեւով.
--«Ուքրանիոյ նախագահը... շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ներառելով Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 13-րդ թղթածրարը հաստատելու համար»:
Իմաստ մը ունի՞ մէջբերուածը:
Ո՛չ, չունի, իսկ եթէ յանկարծ իմաստ մը կը տեսնէք անոր մէջ, ապա կը նշանակէ, թէ ինչ-որ տեղ մը կայ ինչ-որ խախտած բան մը, որ բուժարանի կը կարօտի:
Ներառելով-ը ներգործական դերբայ է, որ իմաստաւորուելու համար պարտի ստանալ հայցական հոլով խնդիր մը, որ կը պատասխանէ՝ «ի՞նչ ներառելով» հարցումին:
Ուղղեցէ՛ք այս հարցումը՝ որքան կ’ուզէք. այս կոյտին մէջ չկայ ոչ մէկ բառ, որ պատասխանէ ձեր հարցումին: Այստեղ մէկ հատ հայցական հոլով բառ կայ՝ թղթածրարը, որ ուղիղ խնդիրն է հաստատելու դերբային եւ առնչութիւն չունի ներառելով-ին հետ:
Ներառելով-ը օդին մէջ կախուած անմիտ աւելորդաբանութիւն մըն է, որ իր հետ կ’իմաստազրկէ ամբողջ «նախադասութիւնը», իմա՝ ամբողջ «խօսքը»: Թող որ այստեղ ո՛չ նախադասութիւն կայ, ո՛չ խօսք կայ. կայ իմացական խաժամուժ մը:
Այստեղ պէտք եղածը «ի մասնաւորի» ասոյթն է կամ մասնաւորաբար, մասնաւորապէս. փորձենք.
--«Ուքրանիոյ նախագահը... շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ի մասնաւորի Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 13-րդ թղթածրարը հաստատելու համար»:
Հիմա կը թուի, թէ յստակ է ըսել ուզուածը. Ուքրանիոյ նախագահը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Եւրոպական Միութեան՝ անոր բերած աջակցութեան համար, եւ այս աջակցութեան մէջ մասնաւորաբար ուշագրաւ է, շեշտուած է (ի մասնաւորի) Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու թղթածրարը:
Այս բոլորը սակայն արեւելահայերէն կը հոտի:
Եւ որպէսզի արեւմտահայերէն դառնայ, ապա «հաստատելու» դերբայը պարտի առնել «ն» դիմորոշ յօդը՝ «13-րդ թղթածրարը հաստատելուն համար»:
* * *
--Նիկոլ Փաշինեանը քննադատած է Մուրատ Փափազեանին (անդ):
Քննադատել-ը հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ՝ Փափազեանը:
Եւ...Փաշինեանը ՝ ը-ով, նմանապէս արեւելահայերէն կը հոտի. արեւմտահայերէնը այդ յօդը չի դներ ենթակային վրայ:
--Փաշինեանը դարձեալ կրկնած է (անդ):
Դարձեալ-ը աւելորդաբանութիւն է. «Փաշինեան կրկնած է»:
--Մուրատ Փափազեան անգամ մը եւս մերժած է այն (անդ):
Արեւելահայերէն կը հոտի. պէտք է ելլայ՝ «մերժած է զայն»:
--Նիկոլ փաշինեան ըսած է, թէ [Մուրատ Փափազեան] ցոյց կազմակերպած է անոր դէմ (անդ):
Պէտք է ըլլայ՝ «իրեն դէմ»:
Ըսողը՝ ենթական, Փաշինեանն է, իսկ ցոյցն ալ կազմակերպուած է «իրեն դէմ»:
--Համախմբումը պահանջած էր յարգել իրենց՝ պաշտօնեաներ թէ զինուորականներ, իրաւացի պահանջները (էջ 2):
Պաշտօնեաներ եւ զինուորականներ բացայայտիչն են իրենց բացայայտեալ դերանունին, որ սեռական հոլով դրուած է. իսկ բացայայտիչը պարտի ունենանլ բացայայտեալին հոլովը. այսինքն՝
«Համախմբումը պահանջած էր յարգել իրենց՝ պաշտօնեաներու թէ զինուորականներու, իրաւացի պահանջները»:
--Մարդիկ լսեն ու տեսնեն կենդանի օրինակը՝ կարենալ ժառանգելու համար երկնային թագաւորութիւնը (էջ 4):
Պէտք է ըլլայ՝ «ժառանգել կարենալու համար»: Տեսնել նորոգ ղրկած ցուցակս:
Այս սխալ եւ անուղղայ հայերէնով ո՛չ երկնային, ո՛չ ալ երկրային թագաւորութիւն կը ժառանգուի. փակ պիտի ըլլան բոլո՛ր դռները:
Անդին հետեւողականօրէն կը մսխուի, սակայն, ազգային ժառանգութիւն մը.
--Լեզո՛ւն: Հայերէ՛նը:
Մրցոյթ 159
***Ո՞րն է ամէնէն հեզասահը, բարեհունչն ու հայեցին.
--- --Պահ մը պիտի թուի մեզի: --Մեզի պահ մը պիտի թուի:
--Պահ մը մեզի պիտի թուի: --Պիտի թուի պահ մը մեզի:
***Կարելի՞ է աւելի վայելուչ շարադասութիւն մը տալ հետեւեալին.
---Սադրանքները կը միտին ընդարձակելու պատերազմը եւ ներքաշելու Լիբանանը (պատերազմի մէջ):
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները՝ ըստ կարելւոյն ջնջելով աւելորդաբանութիւն-ները հոն, ուր կայ:
---Վարչապետը յայտարարեց, որ միայն բանակցութեամբ պիտի հասնին լուծումի:
---Միացեալ Նահանգներ կ’առաջարկէ հիմնել պետութիւն մը՝ հաշտութեան դաշնագիրի (մը) փոխարէն:
---Իր հիմնական յատկանիշն է մշտարթուն կառչումը (իր) սկզբունքներուն:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (4), Ցոլակ Ապտալեան (8), Համբարձում Յարթունեան (6), Յովիկ Աթոքեան (2), Պերճ Տէր Սահակեան (4), Եփրեմ Թոքճեան (7), Վահէ Աբէլեան (4):
Մրցոյթ 160.
***Երկու բառով լրացո՛ւր հայկական հետեւեալ ասացուածքը.
---Անուշ հոտը վարդէն կ’ելլէ, անուշ խօսքը . . . . . . . . . . . . . . . .:
***Հետեւեալին ո՞ր երկու բառերը կարելի է եզակի դարձնել.
---Միացեալ Նահանգներ չեն պատրաստուիր զօրքեր ուղարկել Ուքրանիա:
*** Արմէնպրեսի հետեւեալ նախադասութեան ո՞ր բառը կը փոխէիր.
---ՆԱՏՕ-ն կը խուսափի Ուքրանիայի միջոցով Ռուսաստանի հետ անմիջական հակամարտութեան մեջ ներքաշուելէ:
***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը.
---Միջնորդութեան ջանքերու ծիրին մէջ շարք ծը զարգացումներ արձանագրուե-ցան:
***Ջնջէ՛ հետեւեալին աւելորդ բառերը.
---Քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող հարցերը:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com