1. Ճիշդ գործածութեան շնորհաւորելի օրինակներ.
--Պապը կոչ ուղղեց զինադադար յայտարարելու բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանը («Արարատ», 9/1/24, էջ 1):
--Հարաւային Ափրիկէ բողոք ներկայացուց Արդարադատութեան միջազգա-յին ատեանին, ամբաստանելով Իսրայէլը Պաղեստիցիներուն դէմ ցեղասպանու-թիւն գործելու մեղադրանքով («Նոր Յառաջ», 18/1/24, էջ 1):
2. Շարադասութիւն
Մեր վերջին հարցարանի նոյն նախադասութեան չորս տարբեր շարադասու-թիւններէն ընտրած էինք հետեւեալը.
--Իմաստունը մոլորութիւնը յաղթահարելով կը յանգի ճշմարտութեան:
Ինչո՞ւ:
Այս ինչուին պատասխանելէ առաջ փութամ ըսել, որ հայերէնը նման` հինգ-անդամանի նախադասութիւնը կրնայ գրել... 1x2x3x4x5=120 շարադասութեամբ:
Եթէ ձեզմէ մէկը համբերութիւն ունի, ապա դիւրաւ պիտի գտնէ զանոնք:
Ես չունիմ այդ համբերութիւնը:
Նուազի լը Գրանդի ապարանքին մէջ կը գտնէք ուշիմ աւատապետ մը, որ ձանձրոյթէն գլուխը կը քերէ ճապկելով. թող ան համրէ:
120-ին բոլորը, սակայն, միտք չեն արտայայտեր. օրինակ՝
--Կը յանգի յաղթահարելով մոլորութիւնը ճշմարտութեան իմաստունը:
Որ բան մըն ալ չի նշանակեր, սակայն մաս կը կազմէ 120-ին:
Պարագան նոյնը ըլլալու է ասոնց կէսէն աւելիին, որոնց դիմաց անվարան պիտի գտնէք քանի մը տասնեակներ, որոնք մաքուր հայերէն են. օրինակ՝
--Ճշմարտութեան՝ իմաստունը կը յանգի յաղթահարելով մոլորութիւնը:
--Յաղթահարելով մոլորութիւնը՝ իմաստունը կը յանգի ճշմարտութեան:
--Մոլորութիւնը յաղթահարելով՝ ճշմարտութեան կը յանգի իմաստունը:
Դեռ կրնամ շատ երկարել շարքը նմաններու, որ ոչ ոք իրաւունք ունի մերժելու՝ իբրեւ սխալ շարադասութիւն: Ասոնք բոլորը տեղին համեմատ կրնան գրուիլ՝ ոճաբանական ու հաղորդակցական ինչ-ինչ ակնկալութիւններով:
Ցուցանեն օրինակներս, որ հայերէն գրելը, շարադասութեան ազատութեան բերումով, տաժանելի մարտահրաւէր մըն է, ուր յառաջամարտիկներ ու անթերի յաջողածներ դժուար թէ գտնուին: Մարդկային միտքը նման ճիգ չի կրնար յանձն առնել, որպէսզի ամէն նախադասութեան առթիւ քննէ շարադասական բոլոր հաւանականութիւնները,− որոնք երբեմն կրնան հասնիլ քանի մը հարիւրի,− եւ անոնց մէջէն ընտրէ լաւագոյնը:
Բոլորս ալ կը գոհանանք մեր համեստ գիտելիքներու անմիջական թելադ-րանքով ու կը շարադրենք մեր գրաւոր խօսքը: Առ այս կը կատարեմ բերուած օրինակին քննարկումը եւ զայն նախընտրելի դարձնող հանգամանքները:
* * *
Մեր օրինակը կը բաղկանայ ենթակայէ մը եւ ստորոգիչէ (դիմաւոր բայ) մը, եւ բայական երեք լրացումներէ:
--Այստեղ կը գտնենք ենթակայ-ստորոգիչ յաջորդականութիւնը, որ աշխարհաբարին նախընտրածն է, ճիշդ այն կարգով, որ կ’ըսենք՝ սոխակը կը դայլայլէ, վարդը կը բուրէ, ծովը փոթորկեցաւ, անձրեւ պիտի տեղայ եւ այլն:
Գալով լրացումներուն՝ ապա հայերէնը,− ինչպէս ամէն լեզու,− իր ամենապայծառ, հեզասահ, բարեհունչ շարադասութիւնը կը գտնէ, երբ ամէն լրացում դրուի իր լրացեալին անմիջական կիցը, կը յարադրուի անոր, եթէ անշուշտ տուեալ լեզուն կը թոյլատրէ այդ, օժտուած է այդ առաւելութեամբ, ինչպէս օժտուած է հայերէնը:
Մեր օրինակի լրացումները կը պարզեն հետեւեալ պատկերը.
--մոլորութիւնը՝ ուղիղ խնդիրն է յաղթահարելով դերբային եւ անոր կից է:
Ի՞նչ յաղթահարելով,− մոլորութիւնը:
--յաղթահարելով դերբայը կը լրացնէ «կը յանգի» բայը եւ անոր կից է:
Ինչպէ՞ս կը յանգի,− յաղթահարելով:
--ճշմարտութեան-ը նմանապէս բայական լրացում է եւ ան իր բային կից է:
Ինչի՞ կը յանգի,− ճշմարտութեան:
* * *
Վերադառնանք մեր հարցարանին, որուն բ. տարբերակն է մեր նախընտրածը՝ ծանօթ պատճառներով:
ա)Իմաստունը յաղթահարելով մոլորութիւնը կը յանգի ճշմարտութեան: բ)Իմաստունը մոլորութիւնը յաղթահարելով կը յանգի ճշմարտութեան: գ)Իմաստունը ճշմարտութեան կը յանգի յաղթահարելով մոլորութիւնը: դ)Իմաստունը ճշմարտութեան կը յանգի մոլորութիւնը յաղթահարելով:
Ի՞նչ կը նկատենք:
Կը նկատենք, որ գ. օրինակը այլապէս կը լրացնէ բ. օրինակին վերագրուած բոլոր առաւելութիւնները, այսինքն՝ ամէն լրացում այստեղ նմանապէս դրուած է իր լրացեալին կից: Ինչ որ ճիշդ է: Ուրե՞մն:
Աշխարհաբարի շարադասութիւնը կը թելադրէ, որ դիմաւոր բայի լրացումներէն ձեւի պարագան (այստեղ՝ յաղթահարելով) դրուի նախադաս, այսինքն՝ բայէն առաջ:
--Յիշենք Սիամանթոյի հետեւեալ տողը. «Ես երգելով կ’ուզեմ մեռնիլ»,− ինչպէ՞ս մեռնիլ՝ երգելով:
--Կամ Վարուժանի հետեւեալ տողը՝ «Հարճը»-էն. «Երբ ձիաւոր մը յանկարծ մրրկարշաւ կը հասնի»,− ինչպէ՞ս կը հասնի՝ մրրկարշաւ:
Նաեւ Գ. Զոհրապի՝ «Մեծ սրտնեղութեամբ իմացայ այս լուրը»(“Կարծեմ թէ”),− ինչպէ՞ս իմացայ՝ սրտնեղութեամբ:
Այլ խօսքով՝ բ. տարբերակը, յարաբերաբար գ.-ին՝ կը վայելէ նախադաս ձեւի պարագայով օժտուած ըլլալու առաւելութիւնը եւս:
Մրցոյթ153.
***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալները.
---Իշխանութիւնը աջակցեցաւ ծրագիրի մը, որ կ’արտօնէ Հըզպզլլզյի հեռա-ցումը սահմանէն:
---Զբօսաշրջային կազմակերպութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը դարձնեն այսպիսի բաներուն:
***Ուրիշ ի՞նչ ձեւով կրնաս բանաձեւել հետեւեալները.
---Սպաննուածները կը թաղուին հասարակաց (հաւաքական) փոսերու մէջ:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը՝ ջնջելով երկու աւելորդ բառերը.
---ԵՄ-ը կը զգուշացնէ Ազրպեյճանը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութ-եան որեւէ խախտման ծանր հետեւանքներէն:
***Հետեւեալին ո՞ր բառը պիտի փոխարինէիր եւ ինչո՞վ:
---Մատենադարանը կը դադրեցնէ ամէն գործակցութիւն հեռատեսիլի ընկե-րութեան հետ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (9), Յովիկ Աթոքեան (5), Գեղամ Խաչատրեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (8), Համբարձում Յարթունեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (9):
Մրցոյթ 154.
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը.
---Իսրայէլ ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Լիբանանի վերեւ:
***Ջնջէ՛ կրկնաբանութիւնները եւ վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
---Հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու հարցը ներքին լիբանանեան հարց է (անդ):
---Համախոհութեան գոյացումը անխուսափելի է, որովհետեւ երկրին կառուցուցածքը համախոհական է (անդ):
---Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն եւ Լիբանան այդ բանաձեւերը կը յարգէ (անդ):
---Հըզպալլա Լիբանանի շահերը ամէն բանէ վեր կը դասէ եւ Լիբանանի վիճակը վատթարացնող որեւէ քայլէ կը խուսափի (անդ):
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան