Միասնաբար փրկենք հայերէնը (12)
Բառագիտութիւն
«Լուսաբաց»-ի նորագոյն թիւին մէջ (1206) կը գտնեմ բազմազանեցնել բայը՝
իբրեւ հոմանիշ արեւելահայերու շատ սիրած ու հոլոված դիվերսիֆիկացնել այլանդակութեան:
Առաջին նուագ կ’ուզեմ շնորհաւորել տնօրէնութիւնը այս ազնիւ նախաձեռ-նութեան համար հոն, ուր ամբողջ Հայաստանը, իր ակադեմականներով ու լեզուաբաններու խաժամուժով մատը չշարժեց լուծում մը գտնելու յիշեալ զազրելի օտարաբանութեան:
Կը փութամ նաեւ առաջարկել, որ կարիք չկայ կիրարկելու անցողական սեռը հոն, ուր կարելի է գոհանալ ներգործական բազմազանել սեռով, որ կատարելապէս կ’արտայայտէ օտարին diversifier/diversify նշանակութիւնը:
Եւ խոստովանութիւն մը:
Ինքս ալ երկար փորձած էի հայացնել այդ բայը ու յանգած էի այլազանել-ին, որ այնքան ալ հեռու չըլլալով հանդերձ՝ կը կարծեմ թէ չունի բազմազանել-ին ճշգրտութիւնը, գրաւչութիւնն ու բարեհնչութիւնը:
Ուրեմն այսուհետեւ կը հետեւիմ «Լուսաբաց»-ի գիւտին:
Ապագայ բանասէրները վստահաբար պիտի նշեն այս բային բարեբաստիկ ծնունդը, ինչպէս նաեւ անոր թուականն ու ծագումը:
Բառավերջի «օ»
Մեսրոպ Մաշտոց, ինչպէս գիտէք, օ տառը չէ հնարած:
Փոխարէնը հնարած է ո տառը, որ իր բոլոր դիրքերուն վրայ կ’արտասանուէր յունա-լատինական օ-ին պէս. օրինակ՝ կը գրէինք որ, որակ, կոկոն-սովոր, այո, կեցո, կ’արտասանէինք՝ օր, օրակ, կօկօն, սօվօր, այօ, կեցօ:
* * *
Մեսրոպի հաստատած ուղղագրութիւնը մէկ-երկու դար անց կը սկսի այլեւս չհամապատասխանել օրուան հայերէնի արտասանութեան, քանի զանազան հնչիւններ փոփոխութեան կ’ենթարկուին. օրինակ՝ տղայ, վերայ, հսկայ սկսան արտասանուիլ տղա, վերա, հսկա ՝ առանց յ-ի. այսպէս ալ ուրիշները, որոնցմէ յիշենք մի՛այն աւ երկբարբառի պարագան:
Այս երկբարբառը Մեսրոպի օրով եւ մի՛այն բաղաձայններէն առաջ կ’արտասանուէր աու, օրինակ ՝ մաւտ-մաուտ, աւրէն(ք)-աուրէն(ք) պայմանաւ, որ ու-ն շատ կարճ՝ խուսափուկ արտասանենք: Ասոր փոփոխութիւնը սկսաւ մօտաւորապէս 7-րդ դարուն եւ կամաց-կամաց յանգեցաւ ու հաւասարեցաւ մեսրոպեան ո-ի կամ յունա-լատինական օ-ի արտասանութեան, այսինքն՝ դարձան մոտ(ո=օ), որէնք(ո=օ) եւ այլն:
Քանի մը դար մեր մատենագիրները կա՛մ պահեցին աւ գրութիւնը՝ զայն արտասանելով օ, կա՛մ ալ պարզապէս զայն փոխարինեցին ո-ով. օրինակ՝ աղաւթք/աղոթք, ծնաւտ/ծնոտ, փառաւք/փառոք, Պաւղոս/Պողոս եւ այլն:
12-րդ դարուն ասոնք կամաց-կամաց սկսան գրուիլ յունա-լատինական օ-ով. այսինքն՝ աղօթք, ծնօտ, փառօք, Պօղոս եւ այլն: Այնուհետեւ երեւոյթը սկսաւ ընդհանրանալ եւ բաղաձայնէ առաջ եկող բոլո՛ր աւ-երը գրուեցան օ-ով:
Օ-ով գրուեցան մօտաւորապէս 120 բառ:
Շեղեցաւ մի՛այն մէկ բառ՝ աղաւնի, որ աղօնի չդարձաւ:
Ոմանք ասոր վրայ կ’աւելցնեն քաւթառ “լուսան, ջատուկ, բորենի” եւս:
Միւս կողմէ աւ-ը ո-ով փոխարինուեցաւ ենթակայական դերբայներու մէջ. օրինակ՝ գրաւղ-գրող, երգաւղ-երգող, երազաւղ-երազող եւ մեր բոլոր՝ աւելի քան 7.000 դերբայները: «Նոր հայկազեան»-ը ասոնք բոլորը կը գրէ օ-ով:
Գալով իրենց վերջը բաղաձայն չունեցող աւ հնչիւններուն, ասոնք մնացին անփոփոխ եւ կ’արտասանուին ավ կամ av. օրինակ՝ նաւակ/նավակ, բնաւ/բնավ,
ձաւար/ձավար, համբաւ/համբավ, հաւ/հավ եւ այլն:
Եզրակացութիւն
Այս բոլորը կը նշանակեն, որ հայերէնի մէջ բառ մը չի կրնար օ ձայնաւորով վերջանալ, քանի որ առանց իրեն յաջորդող բաղաձայնի՝ չի կրնար օ գտնուիլ:
* * *
Հայերէնը ունեցած է նաեւ բառեր, որոնք կը վերջանան ո-ով. օրինակ՝
--այո, քո, ուսո՛, ապրո՛, կեցո՛, մատո՛ եւ շատ ուրիշներ:
Ունեցած է ոյ-ով վերջացողներ եւս. օրինակ՝
--յետոյ, սիրոյ, հաճոյ, ի վերջոյ, անբարոյ եւ այլն:
Ասոնք նուիրականացած եւ անվիճելի պարագաներ են:
Այս ալ կը նշանակէ, որ մեր բանիմաց նախնիները ո գրած են, երբ լսած են ո, այսինքն՝ յունա-լատինական օ տառին արտասանութիւնը, եւ ոյ գրած են հոն, ուր լսած են ոյ, այսինքն՝ յունա-լատինական oy երկտառի արտասանութիւնը:
Այսպէս տնօրինողը եռամեծար սուրբը՝ Մ. Մաշտոցն է, որ կը թելադրէ՝
--գրել այնպէս, ինչպէս կ’արտասանենք,
--արտասանել այնպէս, ինչպէս կը գրենք:
* * *
Կացութիւնը կը խախտի աշխարհաբարի մէջ յառաջացած փաղաքշական անուններու՝ Կարո, Մարո, փիսո, եւ նորագոյն օտար բառերու եւ անուններու՝ Ժանո, Պորտո տառադարձութեան առթիւ եւ կը վերածուի Արշակաւանի այն օրէն, երբ նուազ բանիմացներ որոշում կը կայացնեն:
Չես գիտեր ուր եւ երբ ինչ-որ տգէտ մը այսպիսիները գրած կ’ըլլայ օ-ով՝ Կարօ, ժանօ, Պորտօ եւ այլն, եւ այդպէս ալ կ’ընդհանրանայ երեւոյթը հոն, ուր պարտէինք գրել Կարո, Մարո, փիսո, ժանո, Պորտո՝ ճիշդ ինչպէս կ’արտասանենք:
Հոլովումը՝ Կարո-Կարոյի-Կարոյէ-Կարոյով:
Ամէն սերունդ պարտի ձգտիլ լաւագոյնին՝ սրբագրելով նախնիներու սխալները. hիմա ժամանակն է, որ սրբագրենք բառավերջի սխալ օ-ն:
Սկսելու համար՝ շնորհաւորենք «Յուսաբեր»-ի տնօրէնը, որ քաջաբար եւ մեր ողջ պատմութեան մէջ առաջինը ըլլալով գրած է Մորենո Օկամբո (13/2/2025),
եւ մաղթենք, որ օրինակը վարակիչ դառնայ ու հասնի բոլորին:
armenag@yeghiayan Արմենակ Եղիայեան
Մրցոյթ 11.
***Կրնա՞ս աւելի յարմար շաղկապով մը փոխարինել մինչդեռ-ը:
---Պայտընի վարչակազմը վերապահ գտնուած էր Կազայի բնակչութեան հեռացման, ուստի (եւ) Եգիպտոսի կտրուկ հակազդեցութիւնը ի վերջոյ յանգեցու-ցած էր այդ գաղափարի կասեցման։
***Հետեւեալէն բառ մը փոփոխութեան կը կարօտի.
---Կինը աշխարհ չէ եկած միայն հաճոյքի համար (Զ. Եսայեան):
***Ջնջել աւելորդաբանութիւնները:
---Վարչապետը վերահաստատեց Քաթարի՝ Լիբանանին կազ մատակա-րարելու հարցին մէջ յանձնառութիւնը:
---Նախագահին խորհրդականը իր օրը անցուցած է Ֆլորիտայի մէջ գտնուող հրամանատարական կեդրոնին մէջ:
***Հետեւեալ երկուքէն ո՞րը աւելի ճիշդ կը հնչէ.
---Օտար բարքերը աւելի հմայիչ բնոյթ ունենալով՝ արագօրէն կ’ընկալուին:
---Օտար բարքերը աւելի հմայիչ բնոյթ ունենալով՝ արագօրէն կ’ընկալենք:
***Ջնջէ՛ զոյգ թաւագիրներէն (bold) սխալը.
---Քաթար հաստատած է իր՝ Լիբանանին աջակցող/աջակցելու եւ անոր ժողովուրդին կողքին կանգնող/կանգնելու դիրքորոշումը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (9), Համբարձում Յարթունեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (9), Գեղամ Խաչատրեան (10), Պերճ Տէր Սահակեան (10):
Մրցոյթ 12.
***Ջնջէ՛ աւելորդ բառը.
---Ան գնահատած է Թրամփի դերը հրադադարի ձեռքբերման գործին մէջ:
***Ի՞նչ սրբագրելի թերի կը գտնես հետեւեալին մէջ.
---Սիմոնեան գնահատած է արցախցիներու ինն ամսեայ անկոտրում դիմադրութիւնը:
***Վերաշարադասէ հետեւեալը.
---Ինքնաբերաբար առաջին հարցումը, որ միտքս կու գայ, հետեւեալն է...:
***Գտնել ու սրբագրել հետեւեալ կառոյցնեու անմիասեռութիւնը, այսինքն՝ անմիօրինակութիւնը.
---Եւրոմիութիւնը Հայաստանէն կը պահանջէ քաղաքական հաւատարմու -թիւն եւ միանալ հակառուսական պատժամիջոցներուն:
---Խորագոյն յարգանքով կը յիշենք այն սկզբունքները, որոնց հաւատաց ան
եւ անոնց համար սպաննուեցաւ:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com