image

Հայերէնը կը զուարճանայ (155)

Հայերէնը կը զուարճանայ (155)

՝ 1.Մեր նախորդ յօդուածին մէջ  կը գտնուէին հետեւեալ անուանումները. 

ա) Որոշեալ կամ հանրական  դերանուն՝ իւրաքանչիւրս, ամէն մէկս:

բ)  Ժխտական դերանուն՝ ոչ մէկս, ո՛չ միւսս:

Այս դասակարգումը կը կարօտի որոշ լուսաբանութեան:

                                                       *   *   *

Առաջինին տրուած որոշեալ անուանումը յարաբերաբար նոր է, 1950-էն ետք (անկէ առաջ, օրինակ,  Մալխասեան «ածական» որակած է  իւրաքանչիւր բառը) եւ բոլորովին բնորոշ անուանում մը չէ. այս պատճառով ալ կարգ մը լեզուաբաններ առաջարկած են  ասոնք կոչել «հանրական», որ շատ աւելի բնորոշ է, քանի որ իւրաքանչիւրս եւ ամէն մէկս ցոյց կու տան քանակութեան մը հանրականութիւնը, ամբողջականութիւնը. օրինակ՝ երբ կ'ըսենք. «Իւրաքանչիւրս լծուինք մեր գործին»,− գործի լծուելու առաջարկը տրուած է  ծանօթ, որոշ խումբի մը բոլո՛ր անդամներուն: Պարագան բոլորովին  նոյնն  է ամէն մէկս-ի հետ, որ իր կարգին կ’ակնարկէ ամբողջութեանը խումբի մը, որուն մաս կը կազմեմ ես եւ մենք:

Գալով բ. խումբի դերանուններուն, ասոնց տրուած անուանումը՝ «ժխտական»,   աւելի հին է եւ կարծես  աւելի   բնորոշ անուանում մըն է. միւս կողմէ, սակայն,  քիչ մը աւելի խոր քննարկումը ցոյց կու տայ, որ ասոնք եւս... հանրական են:  Արդարեւ, երբ կ’ըսենք՝ «Ոչ մէկս...ոչ միւսս  յաջողեցաւ քննութեան»,-- ապա այս կը նշանակէ որ ձախողութիւնը  նմանապէս հանրական է, ամբողջական է, քանի որ  մէկս-միւսս միայն երկու անձի չ’ակնարկեր, ան կ’ակնարկէ ամբողջութեան մը, այլ խօսքով՝ քանակական մասնաւոր սահմանափակում չունի:  

Ուրեմն խօսքի մասերու դասակարգումի տեսակէտէ աւելի տրամաբանա -կան է  բերուած չորս դերանունները հաւասարապէս կոչել «հանրական», որուն միայն մէկ ենթախումբը կը կազմեն  ժխտականները: 

2. Հայերէն գրուած առաջին քերականութեան գիրքը Ե. դարու թարգմանութիւն  է յունական բնագիրէ մը, որուն հեղինակը կը կոչուէր Դիոնիսիոս Թրակացի, որ ապրած է բ. դարուն Քա. եւ որուն գիրքը պատշաճե-ցուած ու դասաւանդուած է հին աշխարհի այլազան ժողովուրդնեդու կողմէ:    

Այս գիրքի հոլովներու անուանումին  մէջ երրորդը սեռական է՝ ռ-ով. ուրեմն՝ ուղղական, հայցական, սեռա-կան... եւ այլն: Անցած 15 դարերուն այդ հոլովը կոչած ու գրած ենք   այսպէս, երբ ան  ոչ մէկ կապ ունի սեռ-ի հետ:

Թրակացիի գիրքին մէջ այդ հոլովը յունարէն կոչուած է  geneikès, որուն լատինական համարժէքն է  genetivus, ֆրանսականը՝ génitif, անգլիականը՝genitive:

Ինչպէս կը տեսնենք, այս բոլորին արմատն է gen, որ արդի հայերէնով կը թարգմանենք ծին, իսկ ածականը  պարտի կոչուիլ սերական եւ ոչ թէ սեռական. հոլովը ի՛նչ կապ ունի սեռ-ի՝ sexe-ի  հետ: Ֆրէօյտի հիւանդ երեւակայութիւնն  իսկ պիտի չմտածէր նման  անուանումի մը մասին: 

Մինչդեռ  սերական անուանումը կը յառաջանայ  սերել-սերիլ  բայէն, որ կը նշանակէ ծնիլ, ծնունդ առնել,  պատկանիլ՝ իբրեւ ծնուցիչի: Ուրեմն սեռական հոլովը՝ իբրեւ  ծնունդ տուող, ցոյց կու տայ  առարկայ, որմէ կը յառաջանայ, կը սերի, ծնունդ   կ’առնէ այլ առարկայ. օրինակ՝ «աչքին արցունքը», ուր աչքը ծնուցիչն է արցունքին, «ծառին ճիւղը», ուր ծառը ծնուցիչն է ճիւղին, «Ադամի որդին», ուր Ադամ ծնուցիչն է որդիին եւ այսպէս շարունակ,  «արեւուն ջերմութիւնը», «աղբիւրին ջուրը» եւ այլն:

Անշուշտ սերական հոլովը ցոյց կու տայ առարկաներու միջեւ գոյութիւն ունեցող այլ կարգի յարաբերութիւն  եւս. օրինակ՝ «լեռան գագաթը», ուր լեռը ցոյց կու տայ այն առարկան, որ կը կրէ ծայրը, ճիշդ ինչպէս ծառը կը կրէ իր պտուղը, «մոմին պատրոյգը», «աչքին բիբը», ժամացոյցին սլաքը  եւ այլն:  

Այս բոլոր կիրարկութեանց մէջ սերական հոլով կրող գոյականները կը կոչուին յատկացուցիչ, առարկայ,  որուն յատկացուած է, որուն կը պատկանի, որ կը կրէ, որ ունի իր մէջ, իր հետ, իր վրայ այլ առարկայ մը, որ յատկացեալն է. օրինակ՝ «ծառին ճիւղը».

--ծառին՝ յատկացուցիչ

--ճիւղը՝ յատկացեալ

Արդ,  ի՞նչ պիտի շահինք սեռական-ի՝ ռ-ով տարբերակը փոխարինելով սերական-ի՝ ր-ով տարբերակով: Պիտի շահինք քերականական տրամաբանական անուանում  մը, այնպիսի անուանում մը, որ կ’արդարացնէ հոլովին իմաստը, ճիշդ ինչպէս մեր միւս հոլովներու անուններն են:

--Ուղղական-ը ցոյց կու տայ գոյականին կամ գոյականաբար կիրարկուած այլ բառի ուղիղ, անփոփոխ ձեւը, ճիշդ այն, որ կը գտնենք բառարաններու մէջ. օրինակ՝ գիրք, մատիտ, քիթ, բերան եւ այլն: 

--Հայցական կը կոչենք այն հոլովը, որ կը հայցեն մեծաթիւ բայեր, որոնք ներգործական են եւ չեն կրնար իմաստաւորուիլ առանց  հայցական հոլով խնդիրի մը, որ այս պատճառով ուղիղ խնդիր կը կոչուի.  օրինակ՝ արարել զերկիր−ստեղծել երկիրը, տեսանել զլոյս−տեսնել լոյսը,  մշակել զհող−հողը մշակել եւ այլն: 

--Տրական-ը ցոյց կու տայ այնպիսի հոլովաձեւ, ուր զայն կրող առարկան բան մը ստացող է. օրինակ՝ Թորոսին տալ, Մարկոսին յանձնել,  Կիրակոսին յատկացնել: Նոյնիսկ երբ կ’ըսենք՝ «ծառին մօտենալ», ապա անուանած կ’ըլլանք առարկայ մը, որուն  կը մատչի, դէպի որը  կ’ուղղուի, որուն կը մատուցուի այլ առարկայ մը, այնպէս ալ՝ նպատակին հասնիլ, ճշմարտութեան մօտենալ, եզրակացութեան յանգիլ: Այստեղ երեւցող տրական հոլով գոյականները  յանգման խնդիր են:

--Բացառական-ը ցոյց կու տայ այնպիսի առարկայ, որմէ  ի բաց, հեռու կ’երթայ, կը բաժնուի, կ’անջատուի  այլ առարկայ մը. օրինակ՝ «խնձորը ինկաւ ծառէն», այն խնձորը, որ հատատուած էր ծառին վրայ, մէկ միութիւն կը կազմէր անով, հիմա բաժնուեցաւ անկէ, «տունէն կու գամ»՝ տունէն բաժնուեցայ, «եղբօրմէս ստացայ»՝ եղբօրս ունեցածը անջատուեցաւ  իրմէ ու ինծի հասաւ եւ այլն: Այս տրամաբանութեամբ ալ  բացառական հոլով դրուած գոյականները կը կոչուին անջատման խնդիր

--Գործիական-ը ցոյց կու տայ այնպիսի առարկայ, որ իբրեւ գործիք կը ծառայէ որեւէ արարումի. օրինակ՝ մատիտով գրել, ուր մատիտը գրելու գործիք է, գաւաթով խմել, աչքով տեսնել, մուրճով գամել, աքցանով քաշել եւ այլն: 

Այս բոլոր գործիքները իբրեւ միջոց ծառայեցին  կատարելու գործողութիւն մը, ըստ այսմ ալ անոնք բոլորը միջոցի խնդիրներ են համապատասխան բայերուն:

Մրցոյթ 152.

***Հետեւեալ իւրաքանչիւր զոյգէն ընտրէ՛ աւելի բարեհունչն ու հայեցին.

---Իմաստունը յաղթահարելով մոլորութիւնը կը յանգի ճշմարտութեան: 

    Իմաստունը մոլորութիւնը յաղթահարելով կը յանգի ճշմարտութեան:

---Իմաստունը ճշմարտութեան կը յանգի յաղթահարելով մոլորութիւնը:   

    Իմաստունը ճշմարտութեան կը յանգի մոլորութիւնը յաղթահարելով:

***Հետեւեալ չորսէն ո՞ր մէկը կը թելադրես ընթերցողներուդ.

---Իմաստունը յաղթահարելով մոլորութիւնը կը յանգի ճշմարտութեան:  

    Իմաստունը մոլորութիւնը յաղթահարելով կը յանգի ճշմարտութեան:

    Իմաստունը ճշմարտութեան կը յանգի յաղթահարելով մոլորութիւնը:   

    Իմաստունը ճշմարտութեան կը յանգի մոլորութիւնը յաղթահարելով:

***Ջնջէ՛ հետեւեալներուն երեքական աւելորդ բառերը.

---Իրաքցի երկու զօրականներ անօդաչու թռչող սարքով յարձակումի  ճամբով  ահաբեկուեցան:

---Այդ որոշումը իր մէջ կ'ընդգրկէր երկու երկրորդական անկարեւոր  կէտեր:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (10), Յովիկ Աթոքեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (3 ), Համբարձում Յարթունեան (4), Գրիգոր Դաւիթեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (6), Վահէ Աբէլեան (4), Եփրեմ Թոքճեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6):

Մրցոյթ153.

***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալները. 

---Իշխանութիւնը աջակցեցաւ ծրագիրի մը, որ սահմանէն Հըզպալլայի հեռացումը  կ’արտօնէ: 

---Զբօսաշրջային կազմակերպութիւնները այսպիսի բաներուն շատ մեծ կա-րեւորութիուն կը դարձնեն:

***Ուրիշ ի՞նչ ձեւով կրնաս բանաձեւել հետեւեալը.

---Սպաննուածները կը թաղուին խմբային ձեւով փոսերու մէջ:

***Վերաշարադրէ հետեւեալը՝ ջնջելով աւելորդ երկու բառեդը.

---Եմ-ը կը զգուշացնէ Ազրպեյճանը ծանր հետեւանքներու մասին՝ Հայաս-տանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտման պարագային:

***Հետեւեալին ո՞ր բառը պիտի փոխարինէիր եւ ինչո՞վ:

---Մատենադարանը կը դադրեցնէ որեւէ գործակցութիւն հեռատեսիլի ընկերութեան հետ:

armenag@gmail.com                                                                   Արմենակ Եղիայեան