image

Հայերէնը կը զուարճանայ (176)

Հայերէնը կը զուարճանայ (176)

1.Շնորհաւորենք «Ազատ օր»-ը՝ մատուռին եւ մատռան  համար: 

2. Այսօր «Հայկական ժամանակ» լրատուական կայքը Իրանի արտաքին (արկածամահ) նախարարին  մականունը գրեց... հայու պէս եւ հայեցի մտածողութեամբ՝ Հոսեյն Ամիր Ապտոլլահյան՝ դուրս գալով արեւելահայու մտային համատարած թմբիրէն...

— Ասոր ի՞նչն է հայերէն,— պիտի հարց տաք:

—Ապտոլլահյան-ը, —պիտի պատասխանեմ:

Չմոռնանք, որ արեւելահայը իր մականունն ալ կը գրէ յան-ով՝ հետեւելով աբեղեանական ուղղագրութեան, որ միակ պետական-պաշտօնականն է Հայաստանի մէջ:

Այլ խօսքով՝ ի վերջոյ ան կ’ընդունի կամ կ’անդրադառնայ, որ պարսիկին եւ հայուն ազգանունը բնորոշող մասնիկը նո՛յնն է. մենք կը կրենք ազգանուանական նո՛յն մասնիկը, ինչպէս նաեւ շատ ուրիշ բաներ  ալ, որոնց օր մը կ’անդրադառնամ:

Մինչդեռ նախապէս ան կը գրէր Ապտոլլահիան՝ որքան ալ  ասոր վերջամասնիկը արտասանէ այնպէս, ինչպէս կ’արտասանէ իր մականուան վերջամասնիկը:

Այս հակասութիւնը այնքան անհեթեթ ու շեշտուած էր, որ ան (ոնք) չէր վարաներ  տարբեր ուղղագրութեամբ գրել նոյնիսկ հայ-պարսիկ նոյնահունչ մականունները:

Օրինակ՝

--Մէկ կողմէ՝ հայուն անունը՝ Ռուբէն Մեհրաբյան:

--Միւս կողմէ՝ պարսիկին  անունը՝ Ալի Ակբար Մեհրաբիան:

Մեզի կը մնայ մաղթել, որ կամաց-կամաց վերնան ուղղագրական ու տառադարձական   բաժանարար տարբերութիւնները, եւ օր մըն ալ բոլոր հայերս գրէինք նո՛յն ձեւով՝ Մեհրաբեան,  զի ամենեքեան եղիցուք  յուղղագրութիւն  մի:

                                                                        *    *    *

Փութամ նոյնհետայն մաղթել, որ սփիւռքահայ մամուլն ալ, իմա՝  հայագէտները, անդրադառնան այս իրողութեան, եւ չգրեն Ապտուլլահիան, ինչպէս կը գրեն  «Մարմարա»-ն ու «Ժամանակը»-ը,  եւ մանաւանդ, մանաւանդ՝ Ապտուլլահիյան, ինչպէս կը գրէ «Ակօս» շաբաթաթերթը: «Ժամանակ»-ը, ըլլաով միակը,  ունի Նեթանիյահու:

Ծանօթ.— Պոլսահայ մամուլի միակ այլանդակութիւնը չէ այս. կան ուրիշներ ալ. անոնք կը գրեն Եսաեան, Գալֆաեան եւ նմանները՝ առանց յ-ի, փոխանակ հայեցի  Եսայեան, Գալֆայեան աւանդական  ճիշդ ձեւերուն:

3. Հագնիլ ու հագուիլ

Արեւմտահայուն իւրացնել չկրցած բառազոյգն է այս, որ մնայուն շփոթի ու սխալագրութեան առարկայ  է  քիչ մը բոլոր մակարդակներու վրայ:

Այս երկուքը ժառանգորդն են գրաբարեան ագանել կոչուած բային, որ կը նշանակէր «հագնիլ» եւ որ աշխարհաաբարի մէջ վերածուեցաւ երկուքի. հագնիլ՝ ներգործականը հագնուիլ  կրաւորականով,  եւ հագուիլ՝ չէզոքը: Այսպէս է  արեւմտահայերէնի մէջ:

Այս երկուքին դիմաց արեւելահայերէնը ունի միայն հագնել ներգործականը՝ հագնուել կրաւորականով:

Այլ խօսքով՝ արեւելահայերէնին կը պակսի հագուիլ չէզոքը:

                                                                   *   *   *

Տեսականօրէն հագնիլ (-ել) եւ հագնուիլ (-ուել) բաւարար էին հոգալու աշխարհաբարի բոլոր կարիքները. չմոռնանք, որ կրաւորական բայերը ի պահանջել հարկին շատ հեշտութեամբ կը կատարեն չէզոք բայի պաշտօնը եւս. այլ խօսքով  մեր երկու բարբառները  կրնային լայնօրէն հոգալ իրենց ներգործական, չէզոք եւ կրաւորական կիրրակութեանց  բոլոր կարիքները: 

Սակայն փորձը ցոյց կու տայ, որ արեւմտահայերէնը  հաշտ չէ եղած հագնուիլ կրաւորականը  չէզոքաբար կիրարկելու գաղափարին հետ, հետեւաբար ծնունդ տուած է հագուիլ  կառոյցով բոլորովին ուրոյն չէզոք մը, հոն ուր արեւելահաերէնը գոհացած է մէկ ու միասնական բայով՝ իբրեւ կրաւորականի ու չէզոքի, ինչ որ բոլորովին օրինաչափ է հայերէնի հազարաւոր  բայերու պարագային:

Այսպէս,   հոն ուր  արեւելահայը կը յաջողի ըսել՝

--Եղբայրս բաճկոնը հագաւ ու դուրս ելաւ:   (ներգործական)

--Այս բաճկոնը շատ հինցած է ու չի հագնուի:   (կրաւորական)

--Տանտիկինը  հինգ վարկեանում հագնուեց:   (չէզոք)

Արեւմտահայը պարտի ըսել՝

--Եղբայրս բաճկոնը հագաւ ու դուրս ելաւ:   (ներգործական)

--Այս բաճկոնը շատ հինցած է ու չի հագնուիր:           (կրաւորական)

--Տանտիկինը հինգ վայրկեանէն հագուեցաւ:   (չէզոք)

Այսինքն՝ նոյնն են ներգործական եւ կրաւորական կիրարկութիւնները:

Տարբեր են չէզոքները՝ հագնուեց եւ հագուեցաւ:

Ինչո՞ւ այսպէս է:

Ինչո՞ւ արեւելահայերէնը կը յաջողի,—  եթէ կ’ուզէք՝ ըսենք   կը զիջանի,— նոյն բայաձեւը՝ հագնուել,  կիրարկել իբրեւ կրաւորական ու իբրեւ  չէզոք, իսկ արեւմտահայերէնը հարկ կը տեսնէ կիրարկել ուրոյն բայեր՝  հագնուիլ եւ հագուիլ:

Այլ խօսքով՝ ան  կը խուսափի հագնուիլ կրաւորականը չէզոքաբար կիրարկելէ,— ինչ որ պարագան է հայերէնի հազարաւոր բայերու,—  եւ կը հնարէ բոլորովին ուրոյն չէզոք մը՝ հագուիլ:

Առնուազն քերականական պատճառ մը երեւելի չէ այստեղ:

Կը մնայ ուրիշ  գործօն մը, որ գեղագիտականն է. ենթադրելի է, որ արեւմտահայ լեզուազգացողութեան համար խորթ  հնչած ըլլայ իբրեւ չէզոք ընդունիլ հագնուիլ բայաձեւը:

                                                                       *    *    *

Եւ այս հագուիլ-ն ալ եղած է  մեր գլխաւոր փորձանքը:

Վասնզի  միջին հայը այս բայը կը կիրարկէ  ներգործաբար՝ հայցական հոլով  խնդիր մը տալով անոր. եւ այս սխալը հետզհետէ  աւելնալու  հակում ունի: Այսպէս՝

--Թորոասը տաբատը  կը հագուի-հագուեցաւ:

--Մարկոսը  գիշերանոցը կը հագուէր

--Մարտիրոսը կօշիկը հագուեցաւ փողոց վազեց:

Ուր այս բոլոր «հագուիլ»-ները պէտք է ըլլային  հագնիլ՝ ներգործական:

Շատ քիչեր դժբախտաբար  կը յաջողին խուսափիլ այս սխալէն:

Մրցոյթ 173.

***Լրացո՛ւր ասոյթը.

---Ամէն անգամ, որ մարդիկ կը հաւանին ըսածիս, իսկոյն կ’անդրարառնամ, թէ սխալած եմ  (Օսկար Ուայլդ):

***Բարելաւէ՛  շարադասութիւնը հետեւեալին.

---Այդ սկզբունքները գործարքի մը մէջ  կը համախմբեն բոլոր կողմերուն պահանջները:

***Դուն ինչպէ՞ս կ’ըսէիր հետեւեալը.

---Մայրս դարակներէն մէկուն վրայ զետեղած էր Յիսուսի  մէկ պատկերը:

***Ո՞ր մէկը՝  է  թէ՞  է .

---Անկախութիւնն ու պետականութիւնը մեր գերագոյն նպատակն  են:

     Անկախ պետականութիւնը  մեր ազգին թագն ու պսակն է:

***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը. 

---Վեհափառ հայրապետը յանուն Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի հայ համայնքին իր վշտակցութիւնը յայտնեց նաեւ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ Իրանի կառավարութեան: 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գեղամ Խաչատրեան (2), Գէորգ Եազըճեան (4), Ցոլակ Ապտալեան(4),Պերճ Տէր Սահակեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (5):

Մրցոյթ 174.

***Զոյգ գիծերուն տեղ դիր պակսող կէտադրական նշանը կամ  շաղկապը:

---Նամակները մէկական գրական գոհարներ էին -- կը գրէր  մաքուր հայերէնով -- բարձր  ոճով --  շատ պատկերաւոր:

***Սրբագրէ՛  հետեւեալ խաժամուժին քերականական երկու սխալները.

---Խաղաղութեան ժողովը  կանաչ լոյս կու տայ Ուքրանիոյ, որ  իրենց  մատակարարած զէնքերով հարուածեն  Ռուսաստանը:

***Թէ՛... թէ՛ զուգադիր շաղկապը փոխարինէ՛ աւելի յարմարով մը: 

---Նամակին բնօրինակը  թէ՛ Կոստան Զարեանի, թէ՛ Յակոբ Օշականի ֆոնտերուն մէջ  չկար:

***Կէտերը փոխարինէ շնորհիւ, պատճառով, բերումով, հետեւանքով  բառերէն  մէկով:

---Խնամիական այս կապի . . . . . . . . . . անոր թոռնիկը ժառանգեց հօրս անունը:

***Վերաշարադասէ՛ ու կէտադրէ՛ հետեւեալը.

---Ազգային ժողովի խորհուրդը մերժեց  արտահերթ նիստ գումարելու ընդդիմութեան  առաջարկը: 



Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com