1. Կեդրոն եւ մասամբ նորին
Մեր նախորդ թողարկումով անդրադարձանք «Ազդակ»-ի քաղաքական էջի գիւտերէն մէկուն, որ էր անոր «կեդրոնացումը ինչ որ բանի մը շուրջ»: Եւ հատուածը աւարտեցինք այն լաւատեսութեամբ, որ նման անակնկալներ բացառուած չեն ապագային եւս:
Եւ ինչպէս կ’ըսեն՝ մելանը դեռ չէր չորցած, երբ այդ անակնկալը ոսկեայ սկուտեղի վրայ հրամցուեցաւ նոյն էջին վրայ եւ նոյն... մեծահոգութեամբ:
Որ ահաւասիկ.
--Արցախի մէջ հայերու պաշտպանութիւնը պէտք է ըլլայ միջազգային ուշադրութեան կեդրոնին մէջ (29/3/23, էջ1):
Եւ զարմանալիօրէն խնդրոյ առարկան նոյն կեդրոնն է, որ չի գիտեր ո՛ւր զետեղուի՝ շո՞ւրջը, թէ՞ մէջը:
Այո, պէտք է ճիգ թափել ըմբռնելու համար, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ըլլալ կամ գտնուիլ բանի մը կեդրոնին... մէջը:
Դուք լսա՞ծ էք կամ կարդացած էք նման բառակապակցութիւն մը:
Արեւելահաերէնի խաղացած խաղն է այս արեւմտահաերէնի գլխուն. մեր քաջարի հայագէտը թարգմանած է «կեդրոնում» ներգոյականը հոն, ուր արեւմտահայերէնը իր գոյութեան ողջ ընթացքին կ’ըսէ «կեդրոնը»:
--Թորոսը կը գտնուի Մարկոսի ուշադրութեան կեդրոնը:
* * *
Եւ այս չէ միայն. ան գլխարկին տակ պահած ունի այլ աղաւնի եւս, որ ահաւասիկ.
--Սուրիա եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնած են վերաբանալ մէկզմէկու մէջ իրենց դեսպանատուները (Ազդակ, 24/3/23, էջ1):
Մեսրոպ երազին մէջ պիտի չհամարձակէր գուշակել, թէ օր մը հայորդի մը կրնար իր գտած այբուբենով գրել՝ «երկու պետութիւն մէկզմէկու մէջ դեսպանատուն պիտի բանան»:
Ի՜նչ գիտնար Մեծ սուրբը, որ նոր հայերէնի մը մեկնարկը տրուած է...
Այլեւ չմոռնանք, թէ «ինչ որ թոյլատրուած է Զեւսին, թոյլատրուած չէ...եզին»:
2. Խորհրդանշանական
Շուրջ քառորդ դար առաջ Պէյրութ եկած էր ակադեմիկոս Լեւոն Հախվերդեանը՝ հրաւէրովը Հայկազեան համալսարանի եւ դասախօսական շարքի մը համար: Ճառագայթող դէմք՝ ան հանգիստ չունէր. քիչ մը ամէն տեղ էր ու մանաւանդ իր հրապարակային դասախօսութիւններով կը լեցնէր մեր ժամանակն ու... միտքերը:
Այդ դասախօսութիւններէն մէկուն աւարտին՝ զրոյց կ’ունենար ներկաներուն հետ, երբ խնդրոյ առարկայ դարձաւ ունկնդիրներէն մէկուն խորհրդապաշտ(ական) բառը:
--Այդ ի՞նչ բառ է,-- հարցուց Հախվերդեան յօնքերը խստիւ պռստած:
--Symbolist(e) բառի հայերէնն է,--- պատասխանեց խօսակիցը
--Սակայն symbol(e)-ը խորհրդանիշ-ն է կամ խորհրդանշան-ը, ուրեմն պէտք է ըսել խորհրդանշապաշտ կամ խորհրդանշանապաշտ եւ ոչ թէ խորհրդապաշտ, որ կը նշանակէ «խորհուրդը պաշտող»... եւ ոչ մէկ նշանակութիւն ունի:
Եթէ չոփ-չոր մտածենք, հաւանաբար յօժարինք իրաւունք տալ Հախվերդեանին, սակայն լեզուն երբեմն ալ կը խուսափի մտածումի այդ ոճէն, որովհետեւ ան ալ ունի ի՛ր պահանջները, որոնցմէ մէկն ալ գեղեցկութիւնն է. այո, պչռասէր է լեզուն եւ ամէն ճիգ կը թափէ հրապուրիչ, բարետես ու բարեհունչ երեւելու,− որքան ոմանք ամէն ճիգ թափեն՝ այլանդակելու զայն,− եւ առ այս՝ ան յաճախ հակամէտ է զոհելու տրամաբանականն ու ձեւականը:
Մտածենք պահ մը «իմաստասէր» բառին մասին... որ բառացի կը նշանակէ իմաստը սիրող: Բան մը կը նշանակէ՞ այս բառակապակցութիւնը՝ «իմաստը սիրող»,− բայց ահա հայը ի դէմս այս «անիմաստ» բառին կը ճանչնայ Սոկրատն ու Պղատոնը, Արիստոտէլն ու Պերկսոնը, իսկ ժամանակակիցներէն՝ Նուազի լը Կրանի աւատապետը՝ իր ճապկումներով:
Մտածենք պահ մը, որ մէկը որոշէր «իմաստութիւնասէր» կոչել այսպիսիները:
Հախվերդեանի ըրածը ճիշդ այս վերջինն է:
* * *
Անխուսափելիօրէն դիմեցի արեւելահայ բառարաններու՝ տեսնելու, թէ ի՛նչ կացութիւն կը տիրէր այստեղ, եւ ի մխիթարութիւն բոլորիս, գտայ՝
«Խորհրդանշանականան – տե՛ս խորհրդանշական»:
Սակայն ուրիշ բաներ ալ գտայ այստեղ, որ ահաւասիկ՝ խորհրդապաշտ, խորհրդապաշտական, խորհրդապաշտութիւն, ինչ որ պահ մը թեւ ու թռիչք տուաւ տրամադրութեանս, սակայն քիչ անդին նոյն սիւնակը, բոլորովին անըմբռնելի լայնամտութեամբ, հիւրընկալած է նաեւ խորհրդանշապաշտ եւ խորհրդանշանապաշտ բառերը եւս, այսինքն՝ ճիշդ անոնք, որոնց կ’ակնարկէր Հախվերդեան:
Ասոնք համակեաց ու համատեղելի պէտք չէ ըլլային, բայց ահա եղած են, եւ այս՝ այնքան պատկառելի բառարանի մը մէջ, որ սերունդնեդու ճաշակը կրթելու առաքելութիւնը պէտք է ունենայ: Ցաւալի է, բայց այս այսպէս է:
Յիշեցէ՛ք օդանաւակայան-ը՝ մեր օդակայան-ին փոխարէն:
Մինչեւ հիմա ալ երբ արեւելահայու մը նկատել կու տաս առաջինին ճապաղութիւնը եւ երկրորդին կոկիկութիւնն ու բարեհնչութիւնը, կը ստանաս անվրէպ նոյն պատասխանը. «Օդակայան նշանակում է օդի կայան, դա ոչ մի նշանակութիւն չունի...»:
Նոյն ջուրն է ու նոյն ջրամանը. ոչինչ փոխուած է:
3. Ոչ եւս է...
Կը բանամ «Պայքար»-ի 317-րդ թիւը եւ ըստ սովորութեանս կը փնտռեմ երկրորդ էջը, ուր ահա աւելի քան վեց տարի է կանոնաւորապէս կը կարդամ խմբագրականը. այդ ընթերցումով ալ կը ձեւաւորուի ազգային-քաղաքական ճաշակս. այնքան հմուտ, ամբողջական, սրտցաւ ու համոզիչ կ’ըլլան անոր վերլուծումները: Եւ ահա առաջին անգամ ըլլալով կը բացակայի ան: Բացակայութիւն մը, որուն ճաշակը չեմ ունեցած նախապէս: Իսկ կարճ ժամանակ մը անց կ’իմանամ, որ զայն գրողը՝ Երուանդ Ազատեանը, պիտի չգրէ այլեւս...: Հանգիստ իր հոգիին: Շատեր պիտի փնտռեն իր գրիչը:
* * *
Այդ կորուստին հետեւանքներէն մէկն ալ կը ցոլայ «Պայքար»-ի այս պատկերին մէջ, որուն տակ կը կարդամ. «Կռունկները տուն կը դառնան»: Իսկ ասոնք... կռունկ չեն, այլ արագիլ: Կռունկը սեւ կ’ըլլայ՝ սպիտակ երիզներով, իսկ արագիլը՝ սպիտակ կ’ըլլայ քանի մը սեւ երիզով:
Արագիլը բարձունքի վրայ կը դնէ իր բոյնը, իսկ կռունկը՝ հողին վրայ:
Մրցոյթ 113.
***Փորձէ՛ վերաշարադրել հետեւեալները.
---Ան մաղթած է, որ ընտրութիւնները խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերեն:
---Այդ խնամքին շնորհիւ յառաջացած է առողջական տանելի վիճակ մը:
---Գործընկրներով դրացի երկիրներու հետ բանակցութիւններ կը վարենք:
---Ան յայտարարեց, թէ ինքզինք կը դնէ վարչապետի տրամադրութեան տակ:
---Պատրիարքը ընդունեց Նուրհան Սոյքանը, որ միջկրօնական ծրագիրի(ը) համակարգողն է:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Ալին Գոճակէօզեան (8), Համբարձում Յարթունեան (9), Լիւսի Տէօքմեեան (8), Գէորգ Եազըճեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (9), Եփրեմ Թոքճեան (9):
Մրցոյթ114.
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր հետեւեալները.
---Ռուսիա վճռական է այդ տարածքին մէջ դերակատար մնալ տագնապի լուծման մէջ:
---Հազարաւոր ժողովուրդով ծաղկազարդուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքը:
---Իսրայէլեան ուժերը նաեւ թիրախաւորեցին Հոմսի մէջ գտնուող թիրախներ:
---Ան փորձեց փարատելու երկու կողմերուն մօտ գոյութիւն ունեցող մտավախութիւնը:
---Մենք հանդիսաւորապէս պիտի նշենք Քրիստոսի փառահեղ Երուսաղէմ մուտքը:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան