Հայաստանը յայտնուած է Ռուսիոյ խոշորագոյն առեւտրային գործընկերներու տասնեակին մէջ 2024 թուականի յունուար-հոկտեմբերի տուեալներով։
RBK–ին տրամադրած Դաշնային մաքսային ծառայութեան տուեալներով՝ Հայաստանին բաժին ինկած է արտաքին առեւտուրի 1,8-ը, որով երկիրը գրաւած է 8-րդ տեղը ԵՄ ամենամեծ տնտեսութեան՝ Գերմանիոյ հետ միասին։ Յաջորդը Իտալիան է, իսկ լաւագոյն տասնեակը կ'եզրափակէ Ուզպեքիստանը։
Լաւագոյն եռեակին մէջ յայտնուած են Չինաստանը, Հնդկաստանը եւ Թուրքիան։
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2024 թուականի նշեալ 10 ամիսներուն հասած է 10,2 միլիառ տոլարի, ինչ որ կրկնակի կը գերազանցէ 2023 թուականի նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը։