image

Հայաստանը պատրաստ է վերականգնելու հաղորդակցութիւններն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ․ Փաշինեան

Հայաստանը պատրաստ է վերականգնելու հաղորդակցութիւններն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ․ Փաշինեան

Հայաստանը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ վերականգնելու երկաթուղային ու մեքենաներու ճանապարհային հաղորդակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ելոյթ ունենալով Երեւանի մէջ ընթացող «Դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներ»ու նախարարական հանդիպման։

Խօսելով Ատրպէյճանի հետ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման հնարաւորութեան մասին, Փաշինեանը յստակեցուցած է, որ այդ կարելի է ընել նախապէս գոյութիւն ունեցած երկու ուղղութիւններով․ առաջինը հիւսիսային ուղին է, որ կը կապէ ատրպէյճանական Ղազախի շրջանը Հայաստանի Տաւուշի մարզի հետ, իսկ երկրորդը հարաւային ուղին է, որ այլոց շարքին կը կապէ նաեւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի հետ․ «Մենք կարծում ենք, որ Ադրբեջանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի եւ ընդհանրապէս արտաքին աշխարհի հետ կարող են կապուել նաեւ հիւսիսային ուղիով եւ այս պատրաստակամութիւնը մենք արտայայտել ենք պաշտօնապէս։ Այսօր նոյնպէս արտայայտում ենք»,-ըսած է Փաշինեանը:

Անոր խօսքով՝ նաեւ մեքենաներու ճանապարհները կրնան ունենալ հիւսիսային, միջին եւ հարաւային ուղղութիւններ․ «Դա նոր հնարաւորութիւններ կը բացի մեր տարածաշրջանի համար եւ, ըստ էութեան, Հայաստանը «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի միջոցով կարող է կապուել եւ կապել այլ երկրները հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք առանցքներով: Մենք նոյն պատրաստակամութիւնը ցուցաբերում ենք նաեւ Հայաստան-Թուրքիա երկաթուղին բացելու առումով եւ նախկինում գոյութիւն ունեցած Հայաստան-Թուրքիա երկու ավտոճանապարհները վերակառուցելու եւ վերաբացելու առումով, ինչն էական ազդեցութիւն կ՚ունենայ ոչ միայն մեր տարածաշրջանի, այլեւ ընդհանարապէս միջազգային տնտեսական յարաբերութիւնների եւ մշակութային, քաղաքական կապերի եւ ընդհանրապէս գլոբալ անվտանգութեան հարցերի վրայ»,- նշած է վարչապետը:

Ան ներկայացուցած է նաեւ կարեւոր սկզբունքները, որոնք պէտք է կազմեն հաղորդակցութիւններու բացման հիմքը։ «Բոլոր ենթակառուցուածքները՝ ներառեալ ճանապարհները, երկաթուղիները, օդային ուղիները, խողովակաշարերը, մալուխները, ելեկտրագծերը, պէտք է գործեն այն երկրների իրաւասութեան, իրաւազօրութեան եւ սուվերէնութեան ներքոյ, որոնց տարածքով նրանք անցնում են: Յաջորդ սկզբունքն այն է, որ իւրաքանչիւր երկիր իր պետական ինստիտուտների միջոցով ապահովում է իր տարածքում այդ կոմունիկացիաներում սահմանային, մաքսային հսկողութիւնը եւ անվտանգութիւնը բոլոր ենթակառուցուածքների, այդ թուում՝ նրանցով քաղաքացիների, բեռների եւ տրանսպորտային միջոցների անցումը»,- յստակեցուցած է Փաշինեանը։