Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է շարունակելու Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման գործընթացը եւ սեղմ ժամկէտի մէջ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիր։ ՊՐԻՔՍ–ի 10–րդ խորհրդարանական համաժողովի ժամանակ այս մասին յայտարարած է ՀՀ ԱԺ փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանը։
Ան նշած է, որ արդէն սահմանազատուած է հայ–ատրպէյճանական սահմանի մօտ 12 քմ հատուածը, եւ երկու կողմերու սահմանապահ ծառայութիւնները տեղակայուած են սահմանի համապատասխան հատուածներուն մէջ:
«Հայաստանը միջազգայնօրէն ճանաչուած իր տարածքից դուրս յաւակնութիւններ չունի եւ պատրաստ է կառուցողական ու ինտենսիւ աշխատանք տանել սահմանազատման գործընթացը շարունակելու եւ կարճ ժամանակում խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու ու ստորագրելու ուղղութեամբ»,– յայտարարած է Ռուբինեան:
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանը ոչ միայն պատրաստ է, այլեւ շահագրգռուած է միջազգային տարանցիկ երթուղիներու մաս դառնալ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման ճանապարհով: ԱԺ փոխխօսնակի խօսքով` կասկած չկայ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խոշոր ենթակառուցուածքային նախագիծերը կրնան միաւորող գործօն դառնալ տարածաշրջանի երկիրներու համար եւ ոչ միայն: