image
Հրատապ լուրեր:

«Հայաստանը մինչեւ այս պահը չկարողացաւ գործի դնել Սփիւռքի քաղաքական ուժը».Ստեփան Գրգեաշարեան

 «Հայաստանը մինչեւ այս պահը չկարողացաւ  գործի դնել Սփիւռքի քաղաքական ուժը».Ստեփան Գրգեաշարեան

 Աւստրալահայ ազգային-հասարարական գործիչ Ստեփան Գրգեաշարեան, օրերս  տեղի ունեցած  հանրային ձեռնարկի մը  ընթացքին  հանդէս եկած է ուշագրաւ  խօսքով։

 

Մեր հայրենակիցը խօսած է յատկապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց ու նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ առհասարակ ամբողջ հայութիւնը յուզող խնդիրներուն ու մեր առաջ եղած մարտահրաւէրներուն մասին։

 

Ստորեւ մեր հայրենակիցին՝ խօսքը.-

 

«Երբ  կը խօսինք Սփիւռք-Հայրենիք մերձեցման մասին, երեք կարեւոր մասեր կան, որոնք պէտք է նկատի առնել:

 

Առաջին՝ ի՞նչ է հայրենիք եւ Սփիւռք հասկացողութիւնը: 

 

Երկրորդ՝ Սփիւռքի գոյավիճակը, հոգեկան վիճակը եւ Սփիւռքի ներուժը, եւ այդ բոլորէն վերջ պէտք է յետադարձ ակնարկ մը նետենք կորսուած առիթներուն եւ ապա սկսինք խօսիլ ապագայի  խնդիրներուն մասին:

 

Ի՞նչ է հայրենիքը,- Հայաստանի վերջին անկախութենէն ետք, այսինքն Սովետական Միութեան քայքայումէն վերջ, սփիւռքը ուրախացած էր, որ ինք տիրացած էր իր ազատ եւ անկախ հայրենիքին, սակայն ըստ իմ կարծիքիս, Սփիւռքի հայրենիք հասկացողութիւնը բոլորովին տարբեր է Հայաստանի ժողովուրդի հայրենիք հասկացողութենէն եւ այդպէս ալ եղած է Հայաստանի անկախութենէն ի վեր: Այս բոլորը յստակ կերպով արտայայտեց Հայաստանի վաչապետ պր. Փաշինեանը, երբ ինք ապրիլ ամսուան վերջ եւ մայիս ամսուան սկիզբը այցելեց Չեխիա, եւ համայնքի հետ հանդիպման ընթացքին յստակ կերպով ըսաւ «Հայրենիքը հոն է, ուր դուք կ'ապրիք», ուրեմն մեզի համար, ըստ Հայաստանի հասկացողութեան, մեր հայրենիքը Աւստրալիան է եւ ոչ թէ Հայաստանը, եւ եթէ ուշադրութիւն դարձուցած էք, Հայաստանի իշխանութիւնները, ոչ թէ ներկայի, այլ առաջին օրէն, կը խօսին Հայաստանի քաղաքացիներու մասին եւ չեն խօսիր հայութեան մասին, չեն խօսիր հայ ժողովուրդի մասին, եւ այդտեղէն կը սկսի տարբերութիւնը Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, թէ ինչ է հայրենիքը, եւ երբ մենք այդ զատողութիւնը կը դնենք, այդ զատողութեան մէջ հիմնական բաժանում մը, անջատում մը կայ ազգութեան եւ հողային ներկայութեան միջեւ. այսինքն  հայութիւնը, որպէս հայութիւն անջատուած է եւ մենք այս հոգեբանութեան դէմ պէտք է լուծում մը գտնենք: 

 

Միաժամանակ ինչ է Սփիւռքի հոգեբանութիւնը  եւ ինչ են  անոր  կառուցուածքային հարցերը: Սփիւռքը երեք շրջաններէ անցած է Ցեղասպանութենէն ետք: Առաջինը՝ երբ Ցեղասպանութենէն  փրկուածները  ընդհանրապէս մեծամասնութեամբ հաստատուեցան Միջին Արեւելքի մէջ, ուր կրօնական տարբերութիւն կար հայութեան եւ հիւրընկալող երկիրներուն միջեւ, միաժամանակ բնակչութեան հաւաքականութիւն մը կար, Լիբանանի մէջ ըլլար, Սուրիոյ մէջ ըլլար կամ Եգիպտոսի մէջ հայ համայնքը մէկտեղ հաւաքուած էր, եւ ուրեմն շատ դիւրիւն էր պահպանել ու պաշտպանել այդ հայկականութիւնը, ունենալ դպրոցներ, ունենալ եկեղեցիներ, որոնք շատ դիւրիւն էին յաճախել, որովհետեւ   5-10 վայրկեան քալելով կարելի էր հասնիլ դպրոց կամ եկեղեցի: 

 

Սակայն 50-ական թուականներէն վերջ մեծ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ, եւ այսպէս կոչուած «պաղ պատերազմ»ը սկսաւ Սովետական Միութեան, Ամերիկայի ու արեւմտեան երկիրներու միջեւ: Դժբախտաբար հայութիւնն ալ թերեւս ակամայ, կամ պայմաններու բերումով մասնակից դարձաւ այդ շարժման, եւ անոր արդիւնքը տեսանք մանաւանդ Լիբանանի Պէյրութի մէջ եղբայրասպան կռիւներով: Սովետական Միութիւնը ոչ թէ միայն հայութեան մէջ այլ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ փորձեց օգտագործել եկեղեցին, որպէսզի ստեղծէ Սովետական Միութեան հանդէպ  աւելի մտերիմ մտածելակերպ Սփիւռքի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն մէջ, եւ այս ալ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ բաժնելու մեր եկեղեցին:  

 

Իսկ երրորդ հանգրուանը տեղի ունեցաւ 60-ական թուականներուն եւ անկէ վերջ, երբ սկսաւ գաղթաշխարհներուն (decolonization) կործանումը, երբ մանաւանդ Անգլիա եւ Ֆրանսա սկսան ձերբազատուիլ իրենց գաղութներէն, եւ որպէս հետեւանք սկսաւ արտագաղթը Միջին Արեւելքէն դէպի Ամերիկա եւ Ֆրանսա եւ այլ արեւմտեան երկիրներ: Երբ փոքրիկ էինք, մեր հայկական դպրոցի ուսուցիչը կ'ըսէր «Միջին Արեւելքի մէջ հայութիւնը դիւրիւն-դիւրիւն չի կորսուիր, բայց Ամերիկայի մէջ ինչպէս շաքարը ջուրին մէջ կը հալի հայութիւնն ալայդպէս կը հալի կ'երթայ», եւ մենք տեսանք հսկայական ժողովրդային շարժում  Միջին Արեւելքէն դէպի այդ երկիրները, ուր ձուլումը ոչ թէ միայն դիւրիւն է այլ հաւանական է եւ թերեւս անխուսափելի:  Եւ այս շարժումը տեղի ունեցաւ այնպիսի ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդի ղեկավարութիւնը Սփիւռքի մէջ բաժնուած էր, միասնական չէր թէ՛ կրօնական գետնի վրայ եւ թէ՛ քաղաքական: Մեր քաղաքական կուսակցութիւնները իրարու դէմ էին, մեր եկեղեցին բաժնուած էր, եւ Սփիւռքի մեր հայ ղեկավարութիւնը չկրցաւ այդ արտագաղթը կազմակերպել, գոնէ այդ հայ զանգուածի արտագաղթը դէպի Ամերիկա հաւաքական ըլլայ, բոլորը քաղաք մը երթան, բոլորը շրջան մը երթան  եւ հոն հայկական մասսա մը կազմակերպուի, ուր թերեւս ձուլումը աւելի դանդաղ կ'ըլլայ:

 

Հիմա կ'անցնիմ կորսուած առիթներուն: Եթէ նայինք Անգլիական կայսրութեան, Անգլիական կայսրութիւնը ունէր արտաքին գործոց նախարարութիւն, ունէր իր բանակը, բայց այդ բոլորէն զատ Անգլիական իշխանութիւնը ստեղծեց   Colonial Office, որովհետեւ գիտցաւ տարբերել քաղաքականութիւնը զինուորական տիրապետութենէն եւ 20000 անգլիացի կրցաւ ամբողջ Հնդկաստան  մը տիրապետել տարիներով, այդ ամէնը միայն զինուորական ուժով չէր, այդ ամէնը խելացի քաղաքականութեամբ, խելացի դիւանագիտութեամբ տեղի ունեցաւ: Հայաստանի իշխանութիւնը երբ անկախութիւնը ստացաւ 90-ական թուականներուն, իր մօտեցումը Սփիւռքին եղաւ իր հասկացողութենէն, իր ժողովուրդի հասկացողութենէն, այն որ Հայաստանը Հայաստանի մէջ բնակողներու հայրենիքն է, եւ ինք որեւէ պատասխ